Տեղի ունեցան Վաղարշապատ (Էջմիածին) խոշորացուած համայնքի քաղաքապետական ընտրութիւնները։ Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովի հրապարակած տուեալներով՝ վարչապետին ղեկավարած «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան թեկնածուն պիտի դառնայ քաղաքապետ եւ բացարձակ մեծամասնութեամբ կառավարէ քաղաքը։
Այս ընտրութիւնը շատ յատկանշական է, որովհետեւ Գիւմրիի ընտրութիւններէն ետք, երկրորդ ընտրութիւնն էր, որ պիտի նախանշէր եկող տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն սպասելի արդիւնքները։ Վարչապետը, իր շնորհաւորական ուղերձին մէջ առիթը չէ փախցուցած ընդգծելու ընտրութեան կարեւորութիւնը, վերնագրելով՝ «Վաղարշապատի ընտրական դասը». ուր նշած է՝ «Քաղաքացիական պայմանագիրը յաղթեց, իսկ ընդդիմութիւնը պարտուեց։ Սրա համար կայ մէկ գլոբալ պատճառ. ընդդիմութիւնը խօսում էր ապոկալիպսիսի (apocalypse), իսկ ՔՊ—ն՝ կեանքի մասին։ Եւ մարդիկ պարզապէս ընտրեցին կեանքը։ Իմ համեստ կարծիքով՝ այդպէս լինելու է նաեւ 2026 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններում…»։
Այս ընտրութիւնը խորհրդանշական էր նաեւ Մայր Աթոռի նստավայր—քաղաքին մէջ կայացման բնոյթով, ուր Հայ առաքելական եկեղեցին պէտք է ունենար համակիրներու մեծ առաւելութիւն մը։ Սակայն, իրականութիւնը այլ պատկեր պարզեց։ Վարչապետին ղեկավարած Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութիւնը ստացաւ քուէներուն 48,6 տոկոսը, իսկ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ զօրակցող «Յաղթանակ» դաշինքը՝ 31,8։ Երրորդ դիրքի վրայ հասաւ «Մայր Հայաստան» կուսակցութիւնը՝ 5,4 տոկոսով։ Մնացեալ վեց կուսակցութիւնները չանցան անհրաժեշտ 5 տոկոսի շեմը։
Այս ընտրութիւններէն քաջալերուած, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գահակալը տապալելու Փաշինեանի արշաւը պիտի շարունակուի նոր թափով։ Մինչ այդ, վարչապետին կողմնակիցները՝ «Աշխարհիկ մարդկանց հոգեւոր ակումբ հասարակական կազմակերպութիւն» անուան տակ, նախագահութեամբ Ստեփան Սարգսեանի, առաջին անգամ ըլլալով Երեւանի մէջ կազմակերպեցին «Աղօթքի նախաճաշ» մը, որուն մասնակցած են 300 բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, արտասահմանէն ու Հայաստանէն։
«Աղօթքի նախաճաշ»-ի հեռահար նպատակն է խթանել երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը, հիմք ունենալով Հայաստանի պատմական, քրիստոնէական ինքնութիւնը, խաղաղութիւնը, բարոյական սկզբունքներու վրայ հիմնուած առաջնորդութիւնը եւ կրօնական ազատութիւնը։ Միջոցառումը ԱՄՆ—ու մէջ տարածում գտած աւանդութիւն է, որուն վարչապետ Փաշինեան առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած էր նախագահ Թրամփի հրաւէրով։ Այս հաւաքի ընթացքին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներու ներկայացուցիչները, Հայաստանի վարչապետը հանդէս եկած է գլխաւոր ելոյթով՝ ուր ընդգծած է որպէս աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւն՝ Հայաստանի կրօնական ժառանգութեան եւ հասարակական կեանքին մէջ անձնական հաւատքին կարեւորութիւնը։ Յատկապէս՝ Christian Solidarity International կազմակերպութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ հնչած են նաեւ խիստ քննադատութիւններ ուղղուած Հայաստանի կառավարութեան, եկեղեցականներու ձերբակալման եւ բանտարկութեան առնչութեամբ։
Ժ.Չ. ■