ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – «Մեր ձեւով»-ի վտանգաւոր խօսոյթը

ԱՄՆու քրիս­տո­նեայ պահ­պա­նո­ղական լրագ­րող Թեքըր Քարլ­սո­նի հար­ցազրոյ­ցը Նա­րեկ Կա­րապե­տեանի հետ,–  որ եղ­բօ­րոր­դին է գոր­ծա­րար ու Մայր Աթո­ռի բա­րերար Սա­մուէլ Կա­րա­պե­տեանի եւ ժա­մանա­կաւոր գոր­ծա­կատա­րը «Մեր Ձե­ւով» շար­ժումին,– Հա­յաս­տա­նի 2026-ի խորհրդա­րանա­կան ընտրար­շա­ւը դրաւ նոր հար­թա­կի վրայ. դուռ բացաւ ներ­հա­յաս­տա­նեան ու ռու­սա­կան քա­ղաքա­կան ու­ժե­րու հե­տաքրքրու­թիւննե­րէն ան­դին, ԱՄՆու կա­ռավա­րու­թեան, քրիս­տո­նեայ հա­մայնք­նե­րու, Իս­րա­յէլի ու իս­րա­յէլա­կան լոպիին՝ հայ­կա­կան ընտրար­շա­ւին մէջ ներգրաւման։

Նա­րեկ Կա­րապե­տեան յա­գուրդ տուաւ Թեքըր Քարլսո­նի գլխա­ւոր հար­ցադրու­մին, որուն հե­տաքրքրու­թիւնը կը կեդրոնանար քրիս­տո­նեանե­րու պաշտպա­նու­թեան վրայ եւ ամե­րիկա­ցինե­րու վճա­րած պե­տական տուրքին՝ ԱՄՆու իշ­խա­նու­թեան կող­մէ ար­դար գոր­ծա­ծու­թեան։ Պատ­մութեան նոր մեկ­նա­բա­նու­թեամբ ու բազ­մա­թիւ խե­ղա­թիւ­րում­նե­րով, Կա­րապե­տեան հա­սաւ այն եզ­րա­կացու­թեան, որ Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան ժա­մանակ հա­յերը քրիս­տո­նէու­թեան հա­ւատա­րիմ մնա­ցած ըլ­լալնուն պատ­ճա­ռով ցե­ղաս­պա­նուե­ցան, որով­հե­տեւ անոնք մերժեցին իս­լա­մանալ։ Սո­վետա­կան շրջա­նին՝ քրիս­տո­նեա­ներու հա­լածանքնե­րուն վրա­յէն թե­թեւօ­րէն անցնե­լով, հասաւ ան­կա­խու­թեան շրջա­ն, 2020-ի պա­տերազ­մին Ազերպայճանի կողմէ իս­րա­յէլա­կան անօդաչունե­րու գոր­ծա­ծութեամբ՝ քրիս­տո­նեայ հա­յերու սպա­նութեան։ Սա, հար­ցազրոյ­ցի կա­րեւոր ու ցնցիչ անցքե­րէն էր ամե­րիկա­ցի լրագ­րո­ղին հա­մար, որ վրդո­վեցաւ լսե­լով թէ ԱՄՆու նպաս­տով արտադրուած իս­րա­յէլա­կան անօ­դաչունե­ր գոր­ծա­ծուած են քրիս­տո­նեայ հա­յեր սպա­նելու համար։

Նա­րեկ Կա­րապե­տեան սա­կայն չբա­ւարա­րուե­ցաւ ար­ցախցի­ներու վի­ճա­կած ող­բերգու­թիւնը ներ­կա­յաց­նե­լով ու աւե­լի ան­դին եր­թա­լով՝ նոյնքան խստօրէն ամ­բաստա­նեց Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թիւննե­րը, որոնք ըստ իրեն՝ նոյնպէս կը հա­լածեն իրենց հայ­րե­նակից քրիս­տո­նեանե­րը, ար­քե­պիս­կո­պոս­ներ կը բան­տարկեն, կա­թողի­կոսը կ՚ու­զեն իրենց են­թարկել իշ­խե­լու հա­մար եկե­ղեց­ւոյ վրայ, կաշ­կանդե­լով եկե­ղեց­ւոյ ազա­տու­թիւնըՍա­մուէլ Կա­րապե­տեան իր ամ­բողջ հարստու­թիւնը դի­զած է Ռու­սաստա­նի մէջ, պաշտպա­նեալն է Ռու­սաստա­նի. հա­կառակ այս հան­գա­ման­քին, Նա­րեկ Կա­րապե­տեան յա­ջողե­ցաւ սի­րաշա­հիլ Թեքըր Քարլսո­նը, որ ու­նի բազ­մա­միլիոն հե­տեւորդներ եւ հա­մակիր­ներ, որոնց հե­տաքրքրու­թիւ­նը արթնցուց ընդդէմ Հա­յաս­տա­նի պե­տական դիր­քո­րոշման եւ թե­րեւս ալ ի վնաս «Թրամ­փի ճա­նապար­հ»-ի իրա­կանա­ցման, ին­չ որ կը հա­մապատասխանէ ռու­սա­կան շա­հերուն։

Ընդդի­մու­թեան միւս եր­կու գլխա­ւոր պա­րագ­լուխնե­րը, նախ­կին նա­խագահ­ներ՝ Ռոբերտ Քո­չարեան եւ Սերժ Սարգսեան եւս հար­ցազրոյցներ տուին Ար­ցա­խի կո­րստեան գլխա­ւոր մե­ղաւո­ր ցոյց տալով վար­չա­պետ Փա­շինեանը։

2026-ի խորհրդա­րանա­կան ընտրար­շաւը առանց յայ­տա­րարուած ըլ­լա­լու, ար­դէն սուր մրցա­վազ­քի մղած է քա­ղաքա­կան ու­ժե­րը։ Ընդդի­մու­թիւնը ար­դեօք պի­տի կարենա՞յ հա­մակար­գել ու միաց­նել իր ու­ժե­րը վե­րագ­րա­ւելու հա­մար իշ­խա­նու­թիւնը գա­լիք ընտրու­թիւննե­րուն։

Մինչ այդ Ռու­սաստան ալ ձեռ­նա­ծալ չմնաց։ Նա­խագահ Փու­թին՝ Վե­հա­փառին եղ­բայրը՝ Եզ­րաս արք. Ներ­սի­սեանը պար­գե­ւատ­րեց «Ալեք­սանտր Նեվս­քի» շքան­շա­նով, առ ի գնա­հա­տանք Ռու­սաստա­նի հա­մար անոր կա­տա­րած նուիրեալ ծա­ռայու­թեան։

Ժ.Չ. ■