Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Մէկ տարի անց

Տարի մը անցաւ 44-օրեայ պատե­րազ­մէն։ Փոր­ձութիւննե­րու տա­րի։ Երե­սուն տա­րուան կու­տա­կուած կա-
­ռավար­ման թե­րացումնե­րը, ռազ­մա­վարա­կան մտքի բա­ցակա­յու­թիւ­նը, տա­րածաշրջա­նի մեծ խա­ղացող­նե­րու յոր­դորնե­րու ան­տե­սու­մը առաջ­նորդե­ցին ան­հա­ւատա­լի պար­տութեան։ Հա­յու­թեան հա­մար ազ­գա­յին ար­ժա­պատ­ւութեան ոտ­նա­կոխում է Ազէրպայճա­նի եւ Թուրքիոյ նման բռնա­տիրա­կան եր­կիրնե­րու դի­մաց նուաս­տա­նալը, ընկրկի­լը։ Պար­տութիւ­նը դար­ձաւ մղձա­ւանջ՝ դա­ւադ­րա­կան տե­սու­թիւններ կը հա­լածեն հան­րութեան զա­նազան խա­ւերը։ Հո­գեւոր ու մտա­ւոր դա­սը, որ կրնար ան­դորրի ու հա­ւասա­րակշռու­թեան բե­ւեռ հան­դի­սանալ, ան եւս ներգրա­ւուած է տագ­նա­պին մէջ։

Բա­րեբախ­տա­բար, եր­կի­րը դի­մացաւ պար­տութեան հե­տեւանքնե­րուն ու չգնաց ան­կանխա­տեսե­լի ելքով ներ­քին բա­խումնե­րու։ Այդպի­սի ող­բերգա­կան բե­մագ­րութեան բո­լոր բա­ղադ­րիչնե­րը ներ­կայ էին։ Կա­ռավա­րու­թեան խո­հեմ քայ­լե­րուն շնոր­հիւ աղէ­տին առաջ­քը առ­նուեցաւ։ Հրաշ­քի հա­մազօր երե­ւոյթ է, որ եր­կի­րը կրցաւ իրականացնել ար­տա­կարգ ընտրու­թիւններ, ու­նե­նալ խորհրդա­րանա­կան կա­յուն մե­ծամաս­նութիւն, կազ­մել կա­ռավա­րու­թիւն, որ հետզհե­տէ վերստանձնեց ըն­կե­րային, տնտե­սական զար­գացման ծրա­գրե­րը, ար­ձա­նագ­րեց տնտե­սական աճ, բա­նակը վե­րակա­ռու­ցե­լու գոր­ծին լծուեցաւ, նոյնպէս՝ ոս­տի­կանա­կան ու իրա­ւապահ հա­մակար­գե­րու բա­րեկար­գումին։

Քա­ղաքա­կան մթնո­լոր­տը դեռ կը մնայ լա­րուած ու թու­նա­ւոր, բե­ւեռա­ցած։ Տա­րի մը ան­ցաւ եւ դեռ կա­րելի չէ եղած դարձնել էջը։ Այս է մե­ծագոյն ծու­ղա­կը, որ թուրքե­ւազէ­րական կող­մը յա­ջողե­ցաւ պար­տադրել երկրին՝ պա­տանդ վերցնե­լով ռազ­մա­գերի­ներ եւ ներ­խուժե­լով Հա­յաս­տա­նի սահ­մա­ններ։ Ներ­քին պա­ռակ­տուածու­թիւնը դուռ կը բա­նայ ար­տա­քին դերակատարներու ամէն տե­սակի ազ­դե­ցու­թեան ու ներ­թա­փան­ցման, որոնք կը խան­գա­րեն երկրին ապահովութեան երաշխաւորումը։ Կ՚ար­գի­լէ թուրքե­ւազէրա­կան յար­ձա­կումնե­րուն դի­մաց միաս­նա­կան ճա­կատ ստեղ­ծե­լն ու պե­տու­թեան դիր­քե­րը զօ­րաց­նե­լը։

ՄԱ­Կ-ի տա­րեկան ընդհա­նուր ժո­ղովի ծի­րէն ներս, Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խարա­րը բազ­մա­թիւ հան­դի­պումներ ու­նե­ցաւ, նոյ­նիսկ իր առա­ջին հան­դի­պու­մը ազէ­րի իր պաշ­տօ­նակից Պայ­րա­մովի հետ։ Մինսքի խումբի ան­դամնե­րուն հա­մար իրենց հար­թա­կը կը մնայ միակ ձե­ւաչա­փը հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ Ար­ցա­խի հար­ցին լու­ծում մը գտնելու։ Սակայն, խօս­քէն ան­դին մա­տը շար­ժող չկայ, բա­ցի Ռու­սաստա­նէն, որ տեղ­ւոյն վրայ կ՚ապա­հովէ խա­ղաղապա­հի դե­րը 2000 բա­նակայինով։ Այս պատ­ճա­ռով ապա­գան կը մնայ ան­կանխա­տեսե­լի եւ «Ազէրպայճա­նի մէջ չկա՛յ Լեռ­նա­յին Ղա­րաբաղ, պիտի չըլլա՛յ ալ» յղաց­քը ի զօ­րու է թէ՛ Ազէ­րինե­րուն թէ՛ ալ Հա­յերուն հա­մար։ Այս կէ­տը յստակ է։ Ու այս դիր­քո­րոշու­մը յղի է ան­խուսա­փելիօրէն արիւ­նա­լի բա­խումնե­րու առաջ­նորդե­լու կա­րողա­կանու­թեամբ։

Իսկ ի՞նչ կ՚ըսեն եր­րորդ կող­մի եր­կիրնե­րը՝ Ռու­սաստա­նը, Պարսկաս­տա­նը, ԱՄՆ-ը, Ֆրան­սան… Երե­սուն տա­րի բա­նակ­ցութիւններ տե­ղի ու­նե­ցան, հայ­կա­կան կող­մը խուլ ձե­ւացաւ եր­րորդ կող­մի թե­լադ­րանքնե­րուն, դիր­քո­րոշումնե­րուն, այն յոյ­սով որ ժա­մանա­կը պի­տի խա­ղայ Հա­յու­թեան օգ­տին, որ մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կու­թիւնը պի­տի ար­գի­լէ զի­նեալ բա­խումնե­րը, ինչպէս որ սահմանուած էր Մատ­րի­տեան սկզբունքնե­րու գլխա­ւոր եր­րորդ կէտով՝ բա­ցառել բռնի մի­ջոց­նե­րու կի­րակու­մը։ Նոյնպէս՝ ազէ­րական կող­մը խուլ ձե­ւացաւ եւ յա­ճախ ալ ընդդի­մացաւ, բա­նակ­ցե­ցաւ ժա­մանակ շա­հելու եւ զի­նուե­լու հա­մար։

Իսկ այ­սօր ար­դեօք տար­բե՞ր է իրա­վիճա­կը։ Ո՛չ տար­բեր չէ, որով­հե­տեւ պա­տերազ­մի վտան­գը միշտ կայ եւ դեռ աւե­լի սրա­ցած է, այն միակ տար­բե­րու­թեամբ որ դե­րերը շրջուած են։ Ան­ցեալին Հա­յերը յաղ­թա­կան էին, այ­սօր՝ Ազէրինե­րը։ Իսկ եր­րորդ կող­մի դերակատար­նե­րէն Հա­յու­թեան սի­րելի Արեւ­մուտքի խա­ղացող­նե­րը զգու­շա­ւոր հե­ռաւո­րու­թիւն կը պահպանեն ու միայն յորդորներ կը բաշխեն, մինչ Ռուսաստանն ու Թուրքիան կը տնօրինեն կացութիւնը։
Ժ.Չ. ■