Հայ առաքելական եկեղեցականներու շուրջ ստեղծուած անախորժ պատմութիւններն ու դատական հետապնդումները իւրայատուկ չեն միայն հայութեան, արեւմտեան զանազան երկիրներու մէջ եւս եկեղեցականներու դէմ ամբաստանութիւններ կը յարուցուին ու բանտարկութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անհրաժեշտ է որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւս այդ գործընթացը սկսէր, որպէսզի եկեղեցականները վերաշահէին ժողովուրդին վստահութիւնը։ Օր ըստ օրէ, դէպքերը ցոյց կու տան գայթակղութեան ծաւալը։ Երեւոյթին քաղաքական շահարկումը կը դժուարացնէ իրավիճակը։ Ասոր վերջին օրինակը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ներկայացուցիչ Շահան արք. Սարգիսեանի հանդիպումն է վարչապետ Փաշինեանի հետ, որ փոխանակ հանդարտեցնելու կիրքերը, աւելի հրահրած է։
Բարեբախտաբար, դրական անակնկալ մը եկաւ Կաթողիկէ եկեղեցիէն։ Ան սրբադասեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակ, Մարտինի հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Իգնատիոս Մալոյեան սրբազանը։ Ցեղասպանութիւններու, մարդկութեան դէմ ոճիրներու եւ ցեղային զտումներու ներկայ դարուն, Կաթողիկէ եկեղեցւոյ այս քայլով հայ հոգեւորականը կը դառնայ հաւատքի, բարոյական արժէքի եւ անձնուիրութեան մարմնացում։ Ա՛նկասկած, այս սրբադասումը այսուհետեւ միջազգային ուշադրութեան պիտի արժանանայ։ Պէտք է յուսալ, որ Սուրբ Իգնատիոս Մալոյեան Հայաստանի մէջ ալ իր բարենպաստ ազդեցութիւնը ունենայ։
Հայաստանի համար բացառիկ է տեսնել թէ ինչպէ՛ս Իգնատիոս արքեպիսկոպոս Մալոյեան արժանացաւ Վատիկանի Ս. Պետրոս տաճարի հրապարակին վրայ 70.000 հաւատացեալներու ներկայութեան՝ ուրիշ վեց երանելիներու շարքին սրբադասումի, բանալով Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին նուիրուած նոր էջ մը, որ ունի միջազգային հնչեղութիւն։ Այսուհետեւ Ան պիտի ստանայ բոլոր կաթողիկէներու աղօթքները, հաւատացեալներ անոր միջնորդութեան ու բարեխօսութեան պիտի դիմեն, արժանանալու Աստուծոյ ողորմութեան։
Հայաստան եւս իբր քրիստոնէութեան հաւատքի անդրանիկ զաւակը, ունի՛ համայն քրիստոնէութիւնը համախմբող երկիր դառնալու կարողականութիւնը։ Բայց պէտք է գիտակցի՛լ այդ զօրութեան։ Անոր չեն պակսիր ուխտատեղիները, մարտիրոսները, քրիստոնէական կոթողները։ Առաջին հերթին Եկեղեցին ու եկեղեցականն է որ պէտք է գիտակցին այս երեւոյթին։ Փրանկիսկոս պապը արդէն ազդանշանը տուաւ 2016-ին Հայաստան այցելութեան ընթացքին՝ յայտնելով, որ հոն՝ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին պետութիւն կու գայ իբրեւ ուխտաւոր։
Կաթողիկէ եկեղեցին իր սուրբերուն կարգին ընդունած է հայ սուրբերը՝ ինչպէս Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչն ու Ս. Գրիգոր Նարեկացին։ Մալոյեան առաջին ժամանակակից հայն է, որ կը սրբադասուի։
Հայութիւնը, Անիի անկումէն ի վեր սկսած է սփռուիլ աշխարհով մէկ. ինչպէս որ Սիսի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ կաթողիկոսութիւնը յետեղեռնեան երկար թափառումներէ ետք հաստատուած է Անթիլիասի մէջ, նոյնպէս ալ Զմմառու Հայ կաթողիկէ եկեղեցին դարերէ ի վեր իր նստավայրը հաստատած է Լեռնալիբանանի մէջ եւ Մալոյեան վարդապետ ձեռնադրուած այնտեղ, առաքելութեան ուղարկուած է պատմական Հայաստան՝ Մարտին, ուր ալ մարտիրոսացած է։ Ասով, Լիբանանի հետ հայութեան կապը կը ստանայ աւելի զօրաւոր նշանակութիւն։ Այս տեսանկիւնէն՝ Լիբանանի նախագահին եւ Մարոնի ու Ասորի կաթողիկէներու պատրիարքներուն ներկայութիւնը սրբադասման արարողութեան՝ եղբայրութեան եւ եկեղեցական արժէքներու ընդհանրականութեան կարեւոր խորհրդանիշ է մա՛նաւանդ ներկայ ժամանակաշրջանի ազգայնականութեան, ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան երեւոյթներուն դիմաց։
Սրբադասման արարողութեան հրաւիրեալ պաշտօնական անձնաւորութեանց կարգին էր,– Հայ առաքելական եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն կողքին,– նաեւ Հայաստանի վարչապետը, որ ունեցաւ պաշտօնական ու ջերմ շփումներ Հռոմի պապին եւ Հայ կաթողիկէ կաթողիկոս պատրիարքին հետ։ Ուրիշ պարագայ մը պետութիւն—եկեղեցի ջերմ յարաբերութիւններու։
Ժ.Չ. ■