ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ – Վերլուծական հարթակ Սփիւռքի համար

Տարե­վեր­ջին զար­մա­նալիօրէն Սփիւռքը, անոր ինքնու­թիւնը, ապա­գան, Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րաբե­րու­թիւն­նե­րը քննարկման նիւթ դար­ձան զա­նա­զան հար­թակնե­րու վրայ։ Առա­ջի­նը՝ Սփիւռքի Գլխա­ւոր յանձնա­կա­տա­րին Երեւանի մէջ կազ­մա­կեր­պած «Արուես­տի եւ մշա­կոյ­թի հա­մա­ժո­ղով»-ը, Նո­յեմ­բե­ր 20-21-ին, որուն մաս­նակցե­ցաւ շուրջ 250 հոգի։ Երկրոր­դը, նոյնպէս Երե­ւանի մէջ, Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի Արտաքին գործոց փոխնա­խարար, պատ­մա­բան Ժի­րայր Լի­պարի­տեանի «Ինչպէ՞ս մտա­ծել Սփիւռքի մա­սին» նիւթով Դեկ­տեմբե­ր 3-ին տուած դա­սախօ­սու­թիւնը։ Իսկ Սփիւռքի տա­րած­քին՝ Լոն­տո­նի մէջ, Հայ­կա­կան հիմ­նարկին կող­մէ Դեկ­տեմբե­ր 2-ին կազմակերպուած «Հայ­կա­կան սփիւռքի եւ պե­տու­թեան փոխ­յա­րաբե­րու­թեան վե­րափո­խու­մը» նիւթով ձեռնարկը, Դեկ­տեմբե­ր 5-ին Գա­լուստ Կիւլպէն­կեան Հիմ­նարկու­թեան «Սփիւռքեան հե­ռան­կարներ» վեր­լուծա­կան հար­թա­կի մեկ­նարկը նոյնպէս՝ Լոն­տո­նի մէջ, իսկ Ֆրան­սա­յի տարածքին՝ CCAF-ի կա­ռոյ­ցին մէջ մաս­նա­կի հան­րա­յին քուէի դրութեան ներ­մուծման առ­թիւ ընտրար­շա­ւի յայ­տա­րարու­թիւնը,– որ առա­ջին ան­գամ ըլ­լա­լով՝ սփիւռքեան կա­ռոյ­ցի մը մէջ ներ­կա­յացուցչա­կանու­թեան տա­տամ­սոտ քայլի մը փոր­ձը կը հանդիսանայ,– ինչպէս նաեւ Մար­սի­լիոյ մէջ «Շար­ժունակ մշա­կոյ­թի մը հայ­կա­կան գան­ձե­րը. 1512-1828» ցու­ցա­հան­դէ­սը, որ նա­խաեղեռ­նեան սփիւռքեան կա­րեւոր երե­ւոյթ է։

Թե­րեւս կան այլ նա­խաձեռ­նութիւններ եւս, որոնց տե­ղեակ չենք, ինչ որ ինքնին խօ­սուն երե­ւոյթ մըն է Հա­յաս­տա­նի եւ Սփիւռքի տա­րած­քին տե­ղեկա­տուա­կան հա­մակար­գի այն մեծ բա­ցին, որ ցոյց կու տայ լրա­սփիւռնե­րու, հա­մազ­գա­յին ու պե­տական կա­ռոյցնե­րու ան­կա­րողու­թիւնը հան­րութիւ­նը հե­տաքրքրող ու անոր ինքնու­թեան եւ գո­յու­թեան վե­րաբե­րող հան­դի­պումնե­րուն տե­ղեկատ­ւութիւ­նը ապա­հովե­լու, իրա­զեկե­լու եւ այս էական նիւ­թին շուրջ հան­րա­յին հե­տաքրքրու­թիւն ստեղ­ծե­լու։

Ու­շագրաւ երե­ւոյթ է, որ եր­կու շաբ­թուան սեղմ ժա­մանա­կաշրջա­նին Սփիւռքի եւ Հա­յաս­տան-Սփիւռք յա­րա­բե­րու­թիւննե­րուն նուիրուած ձեռնարկնե­րը կը զու­գա­դիպին Մայր Աթոռ-պե­տու­թիւն սուր հա­կադ­րութեան մի­ջոցին։ Եր­կու էական կա­ռոյցներ՝ եկե­ղեցի ու պե­տու­թիւն, որոնց հա­մար Սփիւռքի գո­յու­թիւնը, պա­հպա­նու­մը եւ զար­գա­ցու­մը կա­րեւոր գրա­ւական է, իրե՛նց ու ընդհան­րա­պէս հայ ազ­գի գո­յու­թեան ու զար­գացման հա­մար։ Պե­տու­թիւնը որոշ չա­փով Սփիւռքի վե­րաբե­րեալ հան­դի­պումներ կը կազ­մա­կեր­պէ, նոյ­նիսկ եթէ անոնք կը մնան անբաւարար, որով կը բա­խին Սփիւռքի մէջ ամուր հաս­տա­տու­ած հա­մազ­գա­յին կա­ռոյցնե­րու հա­կադ­րութեան, սա­կայն միւս կող­մէ, Մայր Աթո­ռը ինք, հե­ռու է Սփիւռքի ապա­գային վե­րաբե­րեալ կազ­մա­կերպ­չա­կան կամ այլ քննա­կան նա­խաձեռ­նութիւններ կազ­մա­կեր­պե­լէ։ Թէեւ պատ­մութեան ըն­թացքին եկե­ղեցին դա­րեր շա­րու­նակ պե­տու­թեան բա­ցակա­յու­թեան պայ­մաննե­րուն մէջ հո­գացած է հա­մայնքնե­րուն հո­գեւոր ու վար­չա­կան կա­րիք­նե­րը, սա­կայն ներ­կա­յիս, ինքնիր տագ­նապնե­րուն մէջ թա­ղուած է ու հե­ռու՝ ներ­կա­յի մար­տահրա­ւէր­նե­րը եւ Սփիւռքի վե­րանո­րոգման հար­ցե­րը քննե­լու պատ­րաստա­կամու­թե­նէ։

Դժբախ­տա­բար, նոյնն է պա­րա­գան հա­մազ­գա­յին մեծ կա­ռոյցնե­րու՝ կու­սակցու­թիւն, բա­րեսի­րական կազ­մա­կեր­պութիւն, CCAF, որոնցմէ շատեր կայք հաս­տա­տած են Հա­յաս­տա­նի մէջ ու կը հա­կադ­րուին իշ­խա­նու­թեան եւ անոնց Սփիւռքի մաս­նա­ճիւ­ղե­րն ալ կը գոր­ծեն կա­ռավա­րու­թեան դէմ աւե­լի սուր պայ­քար մղե­լու։

Հա­ւանա­բար այս պատ­ճա­ռով է, որ հան­րութիւ­նը եւս կը մնայ մե­ծամաս­նութեամբ կրա­ւորա­կան, յու­սալքուած.կամ՝ հա­յեաց­քը ուղղած կը մնայ դէ­պի Հա­յաս­տան։ Կը գո­հանայ բա­րեսի­րական նուիրատ­ւութեամբ։

Մտա­ւորա­կանու­թիւնն է որ հա­ւաք­ներ կը կազ­մա­կեր­պէ, Սփիւռքի ինքնու­թեան շուրջ մտա­ծողա­կան, վեր­լուծա­կան հար­ցեր կը քննէ, ինչ որ կա­րեւոր քայլ է Սփիւռք երե­ւոյ­թը հասկնա­լու եւ այ­սօ­րուան պա­հանջնե­րուն հա­մահունչ ռազ­մա­վարու­թիւն մշա­կելու համար։

Ան­կախ ան­հա­տական կամ պա­տա­հա­կան նա­խաձեռ­նութիւննե­րէ, նորու­­թիւն է Գա­­լուստ Կիւլպէն­կեան հիմ­նարկու­թեան վեր­լուծա­կան հար­թա­կին ստեղ­ծումը, որ կը մի­տի Սփիւռքը տե­ւա­բար քննա­կան ու­սումնա­սիրու­թեան առար­կայ դարձնել, դա­րուս մար­տահրա­ւէր­նե­րը դի­մագ­րա­ւելու եւ ներ­կա­յի պա­հանջնե­րուն հա­մապա­տաս­­խա­­­նող ար­­դիւնա­­ւէտ կա­­ռոյց մը ստեղ­­ծե­­­լու գոր­­ծիքներ առա­­ջար­­կե­­­լու հա­մար սփիւռքեան եւ պե­­տական մար­­մին­նե­­րուն. միաժա­­մանակ՝ սփիւռքեան հայ­կա­կան փոր­ձա­ռու­թեան ու­սումնա­սի­րու­թեան ար­դիւնքնե­րը հա­սանե­լի դար­ձընե­լու համար սփիւռքա­գիտու­թեամբ հե­տաքրքրուող մի­ջազ­գա­յին մտա­ւորա­կանութեան։

Ժ.Չ. ■