Կազայի գօտիին մէջ Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ հրադադարի համաձայնութիւն մը ձեռք բերուեցաւ, որ սկզբունքով ի զօրու դարձաւ Հոկտեմբեր 10-էն: Այս համաձայնութիւնը, որուն միջնորդեց յատկապէս Թրամփ, կը նախատեսէ՝ բացի մարտերու անմիջական դադրեցումէն, գերիներու փոխանակում, մարդասիրական օգնութեան ազատ մուտք Կազա եւ իսրայէլեան զօրքերու նահանջ: Բնականաբար կան նախատեսուած հետագայ քայլեր եւս, իրավիճակի ամբողջական բնականոնացման համար։ Սակայն, առայժմ բացի վերոնշեալներէն՝ շատ բան յստակ չէ. օրինակ՝ ոչ ստոյգ թուական ճշդուած է այս կամ այն պայմանի գործադրութեան համար եւ ոչ ալ յայտնի է թէ,– թերեւս ամէնէն կարեւորը,– հրադարարէն ետք ո՞վ պիտի կառավարէ Կազան, Թրամփի խաղաղութեան ծրագրի շրջանակին մէջ։
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ողջունեց հրադադարը՝ յոյս յայտնելով, որ ան վերջ կը դնէ «ցեղասպանութեան» եւ ամբողջութեամբ պիտի գործադրուի:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան յայտարարեց, որ Անգարա պատրաստակամութիւն յայտնած է մաս կազմելու հրադադարի համաձայնագրին իրականացման վերահսկող միջազգային աշխատանքային խումբին եւ մասնակցելու Կազայի վերակառուցման ջանքերուն: Այս խումբին մէջ կ‘ընդգրկուին նաեւ Միացեալ Նահանգներ, Քաթար, Եգիպտոս։ Թուրքիա պիտի շարունակէ նիւթական մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Կազային։
* * *
Թուրքիոյ այս փութկոտութիւնը անշուշտ պէտք չէ դիտել զուտ մարդասիրական պրիսմակէ։ Անոր համար կատարեալ առիթ մըն է հոն եւս ոտքը նետելու, ինչպէս սուրիական քաղաքացիական պատերազմը թոյլ տուաւ առօք-փառօք հաստատուիլ Սուրիա։
* * *
Կը հաղորդուէր, որ հրադադարին յայտարարուելէն ետք, մինչեւ Հոկտեմբեր 12 արդէն աւելի քան հինգ հարիւր հազար կազացիներ վերադարձի ճամբան բռնած են։
Նշենք, թէ 2023 Հոկտեմբեր 7-ին ծայր առած պատերազմին սկիզբէն ի վեր Կազայի մէջ մեռեալներու թիւը կը գնահատուի աւելի քան 67.000 հոգի։