«Կաթողիկոսին հրաւիրած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստը անվաւեր է»

Եպիսկոպոսաց նոր յայտարարութիւնը

Հայ առաքելական եկեղեցւոյ շարք մը եպիսկոպոսներ հանդէս եկած են յաջորդական յայտարարութեամբ՝ եկեղեցւոյ ներկայի գործադիր իշխանութեան մարմինի 2025 Դեկտեմբեր 18-ին հրաւիրուած նիստը անվաւեր ճանչնալու վերաբերեալ։

«Սոյն թուականի Դեկտեմբեր 15-ին, Ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի շարք մը անդամներու տեղեկացուցած է, որ Հայրապետական տնօրինութեամբ դադրեցուցած է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (այսուհետեւ՝ ԳՀԽ) կազմէն ներս անոնց լիազօրութիւնները՝ առանց նշելու հիմքերն ու պատճառները։

Սրբազաններու մէկ մասը ԳՀԽ-ի անդամ ընտրուած է չորս տարուան համար՝ 2017 Յունիս 6-8-ին Մայր Աթոռի մէջ գումարուած Եկեղեցական-Ներկայացուցչական Ժողովին (այսուհետեւ՝ ԵՆԺ) կողմէ։

Ըստ վերոյիշեալ կանոնադրութեան՝ երկու տարին անգամ մը պէտք է հրաւիրուի ԵՆԺ ժողով, եւ ԳՀԽ կանոնադրութեան համաձայն՝ չորս տարին բոլորած անդամին լիազօրութիւնները դադրելու պարագային պէտք է կատարուին ԳՀԽ անդամներու նոր ընտրութիւններ։

Ամենայն հայոց կաթողիկոսի լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ երկու տարին անգամ մը պէտք էր հրաւիրուէր ԵՆԺ եւ կատարուէր ԳՀԽ անդամներու նոր ընտրութիւն ։

Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ գործադիր իշխանութեան մարմինը շարունակած է գործել՝ խախտելով ԳՀԽ կանոնադրութիւնը։ Բնականաբար, հարցեր կը ծագին՝ մասնաւորապէս 2021 թուականէն սկսեալ ԳՀԽ-ի գործունէութեան իրաւասութեան եւ կայացուած որոշումներու օրինականութեան վերաբերեալ ։ ԵՆԺ եւ ԳՀԽ կանոնադրութիւններուն մէջ կը բացակային նաեւ այն կարգաւորումները, որոնք կրնան հիմք ծառայել Եկեղեցւոյ բարձրագոյն մարմիններու ժողովներու գումարումի թերացման համար ։ Այս բոլորը յաւելեալ մէկ վկայութիւնն են Գարեգին Բ. կաթողիկոսի միանձնեայ, կանոնախախտ գործունէութեան, որ յանգեցուցած է Մայր Աթոռի ու Հայաստանեայց առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ կառավարման ճգնաժամին։

Վերստին կը յիշեցնենք, որ եպիսկոպոսաց դասի ներկայացուցիչներուս կողմէ բազմիցս բարձրացուած են Եկեղեցւոյ թերի կառավարման վերաբերող լրջագոյն խնդիրները, եւ մեր վերջին հանրային յայտարարութիւններուն մէջ մատնանշուած են անոնց հանգուցալուծման կարելիութիւնները՝ Ամենայն հայոց կաթողիկոսը հանգիստի կոչելու, նոր կանոնադրութիւն մշակելու եւ ընդունելու՝ հիմնուելով Հայ առաքելական Սուրբ եկեղեցւոյ աւանդութեան եւ առաքելութեան վրայ։

Նկատի ունենալով ԵՆԺ եւ ԳՀԽ կանոնադրութիւններու կոպիտ եւ կամայական խախտումները, այս մարմիններու գործունէութեան լիազօրութիւններու չարաշահումները, պարզ կը դառնայ, որ Դեկտեմբեր 18-ին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Ամենայն հայոց կաթողիկոսին կողմէ հրաւիրուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի նիստը անվաւեր է, իսկ 2021-էն ետք այս մարմինին կայացուցած որոշումները կրնան դիտարկուիլ ոչ-իրաւաչափ։ Անհրաժեշտ է անյապաղ դադրեցնել ներկայ ԳՀԽ-ի գործունէութիւնը եւ նոր անդամներու նշանակումը՝ մինչեւ Եկեղեցական ներկայացուցչական նոր ժողովի հրաւիրումը»,— նշուած է յայտարարութեան մէջ։