Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԿԱՊԱՆ – Գեղանկարիչ Հրանտ Դանիէլեանի տուն-թանգարանի բացման արարողութիւնը

Մայիս 10-ին, Կապանի մէջ տեղի ունեցած է գեղանկարիչ Հրանտ Դանիէլեանի տուն-թանգարանի եւ յուշաքարի բացման արարողութիւնը: Ներկայ եղած է վարչապետը։ Ան իր ելոյթին ընդգծած է, թէ այս թանգարանը նոր շունչ կը հաղորդէ Կապանի մէջ մշակութային կեանքի աշխուժացման, զարկ տալով նաեւ զբօսաշրջութեան բնագաւառին:

Թանգարանի տարածքը 1987 թուականէն եղած է նկարիչին արուեստանոցը: Գեղանկարիչը հեղինակած է տասնեակներով կտաւներ Խուստուփի տեսարաններով, կապանեան բնապատկերներով եւ անկենդան բնապատկերներով (nature-mortes):

Այսուհետեւ թանգարանը՝ մնայուն ցուցադրութեամբ բաց պիտի ըլլայ այցելուներու համար:

Հրանտ Դանիէլեանի գործերը կը գտնուին անձնական հաւաքածոներու մէջ Հայաստան, ԱՊՀ եւ արտասահմանեան այլ երկիրներ:

Դանիէլեանի ստեղծագործութիւնները կ՚ընդգրկեն տարբեր ոճեր՝ բնապատկերներ եւ դիմանկարներ։