Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ԿԻՊՐՈՍ. Երբ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահուհին նեղ կացութեան կը մատնէ Զելենսքին

Ինչպէս արդէն գրած էինք, Ուքրաինայի նախագահ Զելենսքի դուռ-դուռ «կ՚այցելէ» արեւմտեան աշխարհի խորհրդարանները, փորձելով տուեալ երկիրներու խորհրդարանականները  լծել իր երկրի դատին։ 

Այսպէս, ան վերջերս հեռակայ կապով դիմած է նաեւ Կիպրոսի խորհրդարանականներուն։ 

Հարցը հոն է, որ ելոյթի սկիզբէն քանի մը վայրկեան ետք՝ կիպրական խորհրդարանի նախագահուհին՝ Աննիթա Տիմիթրիու  ընդհատած է Զելենսքին եւ յիշեցուցած, որ Թուրքիա 48 տարի առաջ ներխուժեց իր երկիրը եւ այժմ Կիպրոսի 37%-ին «տիրացած» է…

“Քիչ մը [այսօր] Փութինի ըրածին նման”,– ըսած է Տիմիթրիու։ 

Ի պատասխան այս նկատողութեան՝ Զելենսքի փոխանակ իր զօրակցութիւնը յայտնելու կիպրացի ժողովուրդին, նախընտրած է խզել ուղղակի կապը, քան թէ խզել իր թուրք ընկերոջ՝ Էրտողանի հետ…