Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Կովկասի ամէնէն երջանիկ երկիրը՝ Հայաստան

Ըստ ՄԱԿ-ի Կայուն զարգացման լուծումներու վարչութեան՝ ժողովուրդներու երջանկութեան մակարդակին մասին հրապարակած տարեկան տեղեկագրին՝ Հայաստան Կովկասի մէջ ամէնէն երջանիկ երկիրն է։ 

146 երկիրներ պարունակող ցանկը հինգերորդ տարին անընդմէջ կը գլխաւորէ Ֆինլանտիա. կը յաջորդեն Դանիա, Իսլանտա, Զուիցերիա, Նետերլանտներ, Լիւքսէմպուրկ, Շուէտ, Նորվեկիա, Իսրայէլ, Նոր Զելանտա: Ֆրանսա կը գտնուի 20-րդ դիրքի վրայ։

Խորհրդային Միութեան նախկին երկիրներէն լաւագոյն ցուցանիշերը ունին Լիթուանիա ու Էսթոնիա, որոնք համապատասխանաբար կը գրաւեն 34-րդ եւ 36-րդ տեղերը: Ռուսաստան՝ 80-րդ է, Հայաստան 82-րդ, Ազէրպայճան՝ 92-րդ եւ Վրաստան՝ 105-րդ: Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, ան կը գրաւէ 112-րդ տեղը։ Ցանկին վերջին երեք տեղերուն գտնուող երկիրներն են Զիմպապուէ, Լիբանան ու Աֆղանիստան:

Նշենք, որ ուսումնասիրութիւնը իր դասաւորման համար կը հիմնուի կեանքի տեւողութեան, ընկերային օգնութեան, եղծանման ոլորտներու եւ այլն ցուցանիշերու վրայ։