Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հակաիրանական պատգա՞մ Փելոզիէն

ԱՄՆ-ու ներկայացուցիչներու պալատի նախագահուհի Նենսի Փելոզիի Սեպտեմբեր 18-ին, Երեւանի «Գաֆէսճեան» կեդրոնին մէջ ունեցած ելոյթի ընթացքին ուշագրաւ դրուագ մը արձանագրուած է։ 

Մինչ ամերիկացի դիւանագիտուհին կ՚արտայայտուէր Գրիգոր Խանջեանի «Վարդանանց» կտաւին առջեւ,– ուր տեղադրուած էին Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու դրօշները,– Աւարայրի ճակատամարտը պատկերող կտաւը մատնացոյց ընելով ըսած է.-

“Ես միշտ կ՚ըսեմ, որ արուեստը կը միաւորէ մեզ։ Ժամանակը կու գայ եւ մենք կը մոռնանք տարակարծութիւնները. մենք, արուեստագէտները եւ նոյնիսկ լրագրողները։ Այս նկարը՝ Պարսիկներու դէմ քրիստոնեայ Հայաստանի պայքարի դրուագն է”,– յայտնած է ան։

Այս դրուագը ուշագրաւ դարձնողը այն է որ՝ ըստ հայաստանեան բազմաթիւ լրասփիւռներու՝ Փելոզիի վերոնշեալ յայտարարութիւնները հակաիրանական պատգամ մըն էին։ Եւ ճիշդ է՝ քիչ չեն այն փորձագէտները, որոնք համոզուած են որ՝ ԱՄՆ նոր եւ ստուարածաւալ ծրագրի մը նախաձեռնած է Իրանը խեղդելու եւ Հայաստանի ցուցաբերուող ամերիկեան այս յանկարծական «գուրգուրանք»-ն ալ մաս կը կազմէ այդ համայնապատկերին։