ԱՄՆ—ու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ իր համակիրներուն սպասումները ի դերեւ ելան Հոկտեմբեր 10-ին, երբ նորվեկիական Նոպէլեան յանձնախումբը յայտարարեց 2025-ի Խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրին անունը, որ Թրամփը չէր։
Համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող մրցանակը այս տարի շնորհուեցաւ Վենեզուելայի ընդդիմութեան խորհրդանշական դէմք Մարիա Գորինա Մաչատոյին։ 58-ամեայ քաղաքական գործիչը պարգեւատրուած է յանուն ժողովրդավարութեան իր մղած խաղաղ պայքարին համար։ Մաչատօ, 2024-ին Նիքոլաս Մատուրոյի վիճելի վերընտրութենէն ի վեր ստիպուած է թաքնուած ապրելու իր իսկ երկրին մէջ։ Ան 2000 թուականին մտած է քաղաքական ասպարէզ, պայքարելու համար ընդդէմ Հուկօ Շաւէզի ու այդ օրերէն ի վեր, ընդդիմութեան շարքերէն, կը շարունակէ պայքարիլ ընդդէմ բռնատիրութեան։ Զինք կ՚անուանեն «ազատարար»։
Այս յայտարարութիւնը վերջ դրաւ այն շահարկումներուն, թէ Թրամփ կրնար արժանանալ մրցանակին՝ իր նախագահութեան օրով Միջին Արեւելքի մէջ «Ապրահամեան համաձայնագրեր» կոչուած գործարքները կնքած ըլլալուն համար։ Այդ համաձայնագրերով Իսրայէլի եւ արաբական քանի մը երկիրներու (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Պահրէյն) միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատուած էին։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջերս ալ ան յաջողած էր իր «փառքի գանձանակ»-ին մէջ աւելցնել Հայաստան—Ազերպայճան Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններու «յաջողութիւն»-ը եւս։ Իսկ ինչ կը վերաբերի Կազայի հրադադարին,– հակառակ մանրակրկիտ հաշիւներու,– այնպէս կը թուի, թէ քիչ մը ուշ մնացած է Նոպէլեան յանձախումբին կողմէ նկատի առնուելու համար, կամ ալ շատ աչքառու եղած է անոր թուականին ծրագրուած ըլլալու բնոյթը։
«Համեստութեան տիպար» Թրամփ, որ նախապէս բազմիցս պնդած էր, թէ արժանի է Նոպէլեան մրցանակի, իր շրջապատին միջոցով յաճախ յառաջ մղած էր իր թեկնածութիւնը։ Իր պաշտօնավարութենէն ի վեր, յատկապէս իր համակիրներուն շրջանակին մէջ, լայն տարածում գտած էր այն համոզումը, թէ իր «դարու գործարքը» եւ դիւանագիտական ջանքերը անպայման պիտի գնահատուին Նոպէլեան յանձնախումբին կողմէ։
Սակայն, յանձնախումբը իր ընտրութեամբ անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, որ կը գնահատէ անկեղծ համոզեալները, անձնուրաց նուիրեալները եւ ոչ թէ քաղաքական կամ անձնական հաշիւներով շարժողները։
Հոս կէտ մը յստակացնելու համար նշենք, որ Թրամփի համակիրներու յիշատակած «դարու գործարքը» սկիզբը կը պարփակէր թէ՛ «Ապրահամեան համաձայնագրեր»-ը եւ թէ՛ Իսրայէլ—Պաղեստին հաշտութեան հոլովոյթը։ Սակայն, երկրորդը ձախողած ըլլալով, ԱՄՆ—ու ներկայի նախագահին շրջանակը այնուհետեւ որոշած էր «դարու գործարք» եզրը պահպանել, հոգ չէ թէ զեղչուած բովանդակութեամբ։
***
Հարկ կա՞յ յիշեցնելու, թէ Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններէն ետք, Հայաստանի վարչապետն ու Ազերպայճանի նախագահը հրապարակաւ յայտարարեցին, թէ պիտի աջակցին Թրամփի թեկնածութեան՝ Խաղաղութեան նոպէլեան մրցանակին։
***
Ի դէպ, Թրամփ կրնայ մասամբ գոհունակութիւն զգալ, քանի որ Մաչատօ մրցանակը ստանալէ ետք իր առաջին տպաւորութիւններուն մէջ ըսած է. “Ես այս մրցանակը կը նուիրեմ Վենեզուելայի տառապող ժողովուրդին եւ Թրամփին՝ մեր պայքարին իր վճռական աջակցութեան համար”։