Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Համազգայինի Մարսիլիոյ ճեմարանի բարերար Մարիոն Տատիքեանի յիշատակին

Վերջերս Համազգայինի Մարսիլիոյ Ճեմարանի ընտանիքը կորսնցուց իր առատաձեռն բարերարներէն Մարիոն Տատիքեանը:

Մարիոն եւ Ժան Տատիքեան ամոլը երկար տարիներէ ի վեր իրենց նիւթական եւ բարոյական աջակցութիւնը կը տրամադրեն դպրոցի շինարարական ու բարգաւաճման աշխատանքներուն: Անոնք նաեւ Հայաստանի մէջ կը հովանաւորեն մանկատուն մը, 2020-ի Արցախեան պատերազմէն ի վեր կ՚աջակցին Հայաստանի մէջ գտնուող Զինուորի տան, ինչպէս նաեւ` Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներուն:

Հանգուցեալ բարերարուհի՝ Մարիոն Տատիքեան

Առ այդ, յարգելու համար Մարիոն Տատիքեանի յիշատակը, Յունիս 6-ին Ճեմարանի տնօրէնութիւնը, վարչութիւնը, ուսուցչական կազմը, պաշտօնէութիւնը եւ աշակերտութիւնը, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները, ներկայ էին Ճեմարանի բակին մէջ, ուր յատուկ արարողութեամբ դրօշակները վար առնուեցան` ի նշան սուգի: Ապա վարչութեան ատենապետ Ժիլպեր Մարքոյեան արտասանեց իր սրտի խօսքը ու շեշտեց հանգուցեալին հոգածութիւնն ու սէրը դպրոցին ու անոր բարգաւաճման նկատմամբ:

Ապա մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգուեցաւ Մարիոն Տատիքեանի յիշատակը: ■