Օգոստոս 11-ին, Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած համաձայնագրի պաշտօնական բնագիրը։
«Հայաստանի և Ազերպայճանի (այսուհետեւ՝ կողմեր), գիտակցելով տարածաշրջանին մէջ արդար, համապարփակ եւ մնայուն խաղաղութեան հաստատման հրատապ անհրաժեշտութիւնը,
ձգտելով նպաստելու այդ նպատակի իրականացման՝ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման միջոցով,
առաջնորդուելով “ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան համապատասխան պետութիւններու միջև բարեկամական յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան վերաբերեալ միջազգային իրաւունքի սկզբունքների մասին” հռչակագրով (1970), Եւրոպայի անվտանգութեան և համագործակցութեան Հելսինքիի համաժողովի եզրափակիչ փաստաթուղթով (1975) եւ 1991 Դեկտեմբեր 21-ի Ալմաթիի հռչակագրով եւ նպատակ ունենալով զարգացնել յարաբերութիւնները նշեալ փաստաթուղթերուն մէջ ամրագրուած չափանիշերու եւ սկզբունքներու հիման վրայ,
արտայայտելով իրենց միջեւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու փոխադարձ կամքը,
համաձայն գտնուած են խաղաղութիւն եւ միջպետական յարաբերութիւններ հաստատել միմեանց միջեւ հետևեալ հիմքով.
ՅՕԴՈՒԱԾ I
Հաստատելով, որ նախկին ԽՍՀՄ խորհրդային սոցիալիստական Հանրապետութիւններու միջեւ սահմանները դարձած են համապատասխան անկախ պետութիւններու միջազգային սահմանները եւ իբրեւ այդպիսին ճանչցուած են միջազգային հանրութեան կողմէ՝ կողմերը կը ճանչնան եւ կը յարգեն մէկզմէկու ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը։
ՅՕԴՈՒԱԾ II
Ամբողջութեամբ հաւատարիմ մնալով Յօդուած I-ին՝ կողմերը կը հաստատեն, որ մէկզմէկու նկատմամբ չունին տարածքային պահանջներ եւ հետագային նման պահանջներ պիտի չներկայացնեն:
Կողմերը պիտի չձեռնարկեն որեւէ գործողութեան, որ նպատակ ունի ամբողջութեամբ կամ մասամբ տրոհել կամ խաթարել միւս կողմի տարածքային ամբողջականութիւնը կամ քաղաքական միասնութիւնը, ներառեալ՝ այդպիսի գործողութիւններու ծրագրման, նախապատրաստման, խրախուսման ու աջակցութեան։
ՅՕԴՈՒԱԾ III
Կողմերը իրարու հետ փոխադարձ յարաբերութիւններու մէջ ձեռնպահ պիտի մնան տարածքային ամբողջականութեան կամ քաղաքական անկախութեան դէմ կամ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան հետ անհամատեղելի որեւէ այլ ձեւով՝ ուժի կիրարկումէ կամ ուժի կիրարկման սպառնալիքէ: Անոնք որեւէ երրորդ կողմի թոյլ պիտի չտան օգտագործել իրենց համապատասխան տարածքները միւս կողմի դէմ՝ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան չհամապատասխանող ուժի կիրարկման համար։
ՅՕԴՈՒԱԾ IV
Կողմերը ձեռնպահ կը մնան մէկզմէկու ներքին գործերուն միջամտելէ։
ՅՕԴՈՒԱԾ V
Սոյն Համաձայնագրի վաւերացման ներպետական ընթացակարգերու աւարտին՝ կողմերը դիւանագիտական յարաբերութիւն կը հաստատեն իրարու հետ՝ դիւանագիտական եւ Հիւպատոսական յարաբերութիւններու մասին Վիեննայի (համապատասխանաբար 1961 եւ 1963թ) համաձայնագրերու դրոյթներուն համապատասխան։
ՅՕԴՈՒԱԾ VI
Ամբողջութեամբ հաւատարիմ մնալով սոյն Համաձայնագրի յօդուած I-ով նախատեսուած իրենց պարտաւորութիւններուն՝ կողմերը բարեխղճօրէն բանակցութիւններ կը վարեն համապատասխան սահմանային հարցերոու յանձնաժողովներու միջեւ՝ համաձայն յանձնաժողովներու համաձայնութեան արժանացած կանոնակարգերու՝ կողմերու միջեւ պետական սահմանի զատման եւ սահմանագծման մասին համաձայնագիրը կնքելու նպատակով։
ՅՕԴՈՒԱԾ VII
Կողմերը որեւէ երրորդ կողմի ուժեր իրենց միատեղ սահմանի երկայնքին չեն տեղակայեր։ Կողմերը, մինչեւ իրենց փոխադարձ սահմանի զատումը եւ անոր յաջորդող սահմանագծումը, կ՚իրականացնեն անվտանգութեան եւ վստահութեան ամրապնդման փոխադարձ համաձայնութեան արժանացած միջոցներ, այդ կարգին՝ ռազմական ոլորտին մէջ՝ սահմանամերձ շրջաններուն անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը ապահովելու նպատակով։
ՅՕԴՈՒԱԾ VIII
Կողմերը կը դատապարտեն եւ կը պայքարին անհանդուրժողականութեան, ցեղային ատելութեան եւ խտրականութեան, անջատողականութեան, բռնի ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան դէմ՝ անոնց բոլոր դրսեւորումներով՝ իւրաքանչիւրը իր իրաւազօրութեան շրջանակին մէջ եւ կ՚ապահովեն իրենց նկատմամբ կիրարկելի միջազգային պարտաւորութիւնները։
ՅՕԴՈՒԱԾ IX
Կողմերը պարտաւոր են հասցէագրելու երկուստեք ներգրաւումով զինեալ հակամարտութեան ընթացքին անհետացածներու եւ բռնի անհետացումներու դէպքերը՝ ուղղակի կամ անհրաժեշտութեան պարագային համապատասխան միջազգային կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեամբ՝ այդ անձերուն վերաբերեալ առկայ բոլոր տեղեկութիւններու փոխանակման միջոցով: Այսպէսով կողմերը կը ճանչնան այդ անձերու ճակատագրերու բացայայտման, ինչպէս՝ մասունքներու որոնման եւ ըստ պատշաճի վերադարձման, պատշաճ քննութեան միջոցով այդ անձերու նկատմամբ արդարադատական գործընթացի կարեւորութիւնը` որպէս հաշտութեան եւ վստահութեան ամրապնդման միջոց: Այս առնչութեամբ համապատասխան կարգաւորումները կը բանակցուին եւ մանրամասն համաձայնութեան կ՚արժանանան առանձին համաձայնագրով։
ՅՕԴՈՒԱԾ X
Կողմերը կրնան տարբեր ուղղութիւններով՝ տնտեսական, տարանցիկ փոխադրութեան ու երթեւեկութեան, բնապահական, մարդասիրական եւ մշակութային համագործակցութիւն հաստատելու նպատակով կնքել համաձայնագրեր փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բնագաւառներու մէջ։
ՅՕԴՈՒԱԾ XI
Սոյն Համաձայնագիրը չի սահմանափակեր միջազգային իրաւունքով եւ ՄԱԿ-ի միւս անդամ պետութիւններուն հետ կողմերէն իւրաքանչիւրին կողմէ կնքուած պայմանագրերով մէկզմէկու նկատմամբ ստանձնած իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները։ Իւրաքանչիւրը կ՚ապահովէ, որ իր եւ որեւէ երրորդ կողմի միջեւ գործող միջազգային համաձայնութիւններէն ո՛չ մէկը խաթարէ սոյն Համաձայնագրով ստանձնած իր պարտաւորութիւններու իրագործումը։
ՅՕԴՈՒԱԾ XII
Իրենց երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ կողմերը կառաջնորդուին միջազգային իրաւունքով եւ սոյն Համաձայնագրով: Կողմերէն ոչ մէկը կրնայ վկայակոչել իր ներպետական օրէնսդրութեան դրոյթները՝ իբրեւ սոյն Համաձայնագիրը չգործադրելու հիմնաւորում:
Պայմանագրերու իրաւունքի մասին Վիեննայի (1969) համաձայնագրին համապատասխան՝ կողմերը ձեռնպահ կը մնան այնպիսի գործողութիւններէ, որոնք կը խախտեն սոյն Համաձայնագրին նպատակը մինչեւ անոր ուժի մէջ մտնելը։
ՅՕԴՈՒԱԾ XIII
Կողմերը կ՚երաշխաւորեն սոյն Համաձայնագրին ամբողջական իրագործումը եւ կը ստեղծեն երկկողմ յանձնաժողով՝ այս Համաձայնագրին իրագործման վերահսկելու նպատակով: Յանձնաժողովը կ՚աշխատի համաձայնութեան արժանացած ենթակայ կարգաւորումներու հիման վրայ։
ՅՕԴՈՒԱԾ XIV
Չհակասելով միջազգային իրաւունքով եւ կողմերուն՝ իրենց փոխադարձ յարաբերութիւններու իրագործման համար պարտադիր այլ պայմանագրերով ստանձնած իրաւունքներուն ու պարտաւորութիւններուն՝ կողմերը կը ձգտին լուծել սոյն Համաձայնագրին մեկնաբանման կամ կիրարկման վերաբերող որեւէ վէճ ուղղակի խորհրդակցութիւններու միջոցով՝ յօդուած XIII-ի մէջ նշուած յանձնաժողովի ծիրէն ներս։ Եթէ նման խորհրդակցութիւնները 6 ամսուան ընթացքին երկու կողմերուն համար ընդունելի արդիւնքի չյանգին, ապա երկուստեք կը փնտռեն վէճերու խաղաղ կարգաւորման այլ միջոցներ։
ՅՕԴՈՒԱԾ XV
Սոյն Համաձայնագրի ուժի մէջ մտնելէն ետք մէկ ամսուան ընթացքին, չհակասելով յօդուած XIV-ին, երկուստեք ետ կը քաշեն, չեղեալ կը համարեն կամ այլ կերպ կը լուծեն որեւէ իրաւական հարթակի վրայ ներկայացուած բոլոր միջպետական դիմումները, գանգատները, բողոքները, առարկութիւնները, դատական գործընթացներն ու վէճերը, որոնք կը վերաբերին մինչև սոյն Համաձայնագրի կնքումը կողմերու միջեւ առկայ խնդիրներուն, եւ այլեւս չեն նախաձեռներ այդպիսի դիմումներու, գանգատներու, բողոքներու, առարկութիւններու, դատական գործընթացներու եւ որեւէ ձեւով չեն ներգրաւուիր որեւէ երրորդ կողմէ միւս կողմին դէմ ներկայացուող գանգատներու, բողոքներու, առարկութիւններու, դատական գործընթացներու մէջ։
Դիւանագիտական, տեղեկատուական եւ այլ ոլորտներու մէջ կողմերը որեւէ կերպով չեն իրականացներ, չեն խրախուսեր կամ ներգրաւուիր մէկզմէկու նկատմամբ սոյն Համաձայնագրին հակասող թշնամական գործողութիւններու մէջ եւ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ կ՚ունենան այդ նպատակով:
ՅՕԴՈՒԱԾ XVI
Համաձայնագիրը ուժի մէջ կը մտնէ կողմերու ազգային օրէնսդրութեան համապատասխան ներքին ընթացակարգերու աւարտի մասին ծանուցող փաստաթուղթերու փոխանակումէն ետք: Սոյն Համաձայնագիրը կ՚արձանագրուի ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 102-րդ յօդուածին համապատասխան։
ՅՕԴՈՒԱԾ XVII
Սոյն Համաձայնագիրը կնքուած է հայերէն, ազերպայճաներէն եւ անգլերէն եւ երեք բնագրերն ալ հաւասարազօր են: Հաւասարազօր բնագրերու որեւէ մէկուն դրոյթի նշանակութեան հետ կապուած տարակարծութեան պարագային կը գերակայէ անգլերէն բնագիրը»:
***
Նշենք, թէ Երեւան եւ Պաքու միաժամանակ հրապարակած են խաղաղութեան համաձայնագրի 17 կէտերէ բաղկացած վերոնշեալ փաստաթուղթը, զոր Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրած էին Արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճեյհուն Պայրամով, ուր արդէն պաշտօնապէս յայտնի եղաւ, որ համաձայնագրի բնագրին մէջ որեւէ թուականի յստակ քարտէս չէ յիշատակուած։
Այնտեղ ո՛չ մէկ նշում կայ, որ Հայաստանի աւելի քան 200 քառակուսի քիլոմեթր տարածք գրաւուած է Ազերպայճանի կողմէ:
Միջազգային ատեաններուն մէջ դիմումներէն եւ բողոքներէն հրաժարելուն զուգահեռ, փաստաթուղթին մէջ չկայ որեւէ յօդուած, որ պիտի լուծէր Ազերպայճանի բանտերը գտնուող 23 հայ գերիներու ճակատագիրը:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։