Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Համայն Ռուսաստանի Պատրիարքը իր միջնորդութիւնը առաջարկած է Ազերպայճանի եւ Հայաստանի հոգեւոր առաջնորդներուն

Համայն Ռուսաստանի Կիրիլ պատրիարքը իր միջնորդութիւնը առաջարկած է Ազերպայճանի եւ Հայաստանի հոգեւոր առաջնորդներուն՝ երկխօսութեան համար: Ան այս յայտարարութիւնը կատարած է Կազանի մէջ Ազերպայճանի շիի մահմետականներու առաջնորդ Ալլահշիւքիւր Փաշազատէի հետ հանդիպումին։

Ազերպայճանական կողմի հաղորդագրութեան համաձայն՝ Փաշազատէ իր երախտագիտութիւնը յայտնած է Կիրիլ պատրիարքին՝ «Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ երկարամեայ հակամարտութիւնը կրօնականի չվերածելու, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադարձ վստահութեան վերականգնման ուղղուած ջանքերուն համար»։