Թալինի (էսթոնիա) Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, Պալթեան երկիրներու թեմակալ առաջնորդ Վազգէն արք. Միրզախանեանի՝ ՀՀ վարչապետ Փաշինեանի վերապահած հոգեմեծար ընդունելութիւնը արժանացած է Մայր Աթոռի գահակալին սուր հակազդեցութեան։ Իսկ ի՞նչ է գործած մեղքը։ «Մեր աղօթքն է որ, պարոն վարչապետ, Ձեր այն ծրագրերը, որ ունէք խաղաղութեան եւ մեր Հայաստանի հարեւանների հետ հաշտութեան, լինի յաջողութեամբ…» յայտարարութիւնը։ Մայր Աթոռը դատապարտած է իր բարձրաստիճան հոգեւորականին՝ Հայաստանի կառավարութեան ղեկավարին խաղաղութեան ծրագրին յաջողութիւն մաղթելու այդ կեցուածքը։
Թերեւս 2020-ի պատերազմէն ի վեր, առաջին անգամն է որ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ բարձրաստիճան հոգեւորական մը կը յանդգնի յաջողութիւն մաղթել Հայաստանի կառավարութեան քաղաքական ուղեգիծին։ Սրբազանը աւելցուցած է նաեւ՝ «Մեր աղօթքն է, որ որպէս եւրոպական երկրների հաւատացեալներ, քաղաքացիներ եւ առաջնորդ՝ մեր երկիրը դէպի Եւրոմիութիւն իր քայլերն անի»։ Իբր, ԵՄ-ի անդամ Էսթոնիոյ հայ համայանքապետ՝ Սրբազանի կեցուածքը շատ բնական է, սակայն ան բնաւ հաշտ չէ Գարեգին Բ.-ի ռուսամէտ քաղաքական դիրքորոշումներուն։ Այսպէս, Մայր Աթոռը դժգոհ է. «Թեմակալ առաջնորդի կողմից արտայայտուած որոշ մտքեր եւ դատողութիւններ խիստ սուբյեկտիվ (խմբ.՝ ենթակայական) են, անհատական, եւ վերագրելի չեն Եկեղեցուն։ Որեւէ հարցի առնչութեամբ գնահատականներ հնչեցնելիս, յատկապէս երբ Եկեղեցու պաշտօնական դիրքորոշում առկայ չէ, եկեղեցականները որոշապէս պէտք է շրջահայեացութիւն եւ զգուշաւորութիւն դրսեւորեն թիւր մեկնաբանութիւնների տեղիք չտալու համար»։
Ուշագրաւ զգուշացում մը, որուն սակայն Բագրատ արք. Գալստանեանի «Սրբազան շարժում»-ը,– դեռ տարի մը առաջ,– չարժանացաւ։ Ինչո՞ւ. որովհետեւ Ռուսաստանի շահերո՞ւն կը ծառայէր։ Որո՞ւ տուրք կու տայ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ գահակալը։
Ուշագրաւ այլ երեւոյթ մը եւս, որ հանրութեան ուշադրութեան յանձնած է ԱՄՆ-ու Միչիկըն-Տիրպորն համալսարանի Հայկական հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէն եւ Պատմութեան բաժանմունքի դասախօս Արա Սանճեան, Ապրիլ 26-ին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ՝ «Մեկնաբանութիւնները թողլով ընթերցողին…» վերնագրով։ Խնդիրը կը վերաբերի Հռոմի պապին յուղարկաւորութեան՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ երկու կաթողիկոսներու մասնակցութեան մասին Էջմիածնի եւ Անթիլիասի հրապարակած հաղորդագրութիւններու բովանդակութեան. հոն Մայր Աթոռը բոլորովին կ՚անտեսէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա.ի ու անոր պատուիրակութեան ներկայութիւնը, կը նշէ միայն Մայր Աթոռի պատուիրակութեան անդամներուն անունները՝ «Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ուղեկցող պատուիրակութեան կազմում են Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանում Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դիւանապետ Տ. Արշակ արքեպիսկոպոս Խաչատրեանը…»։
Իսկ, Անթիլիաս կը հաղորդէ հետեւեալը. «Յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը։ Անոր կողքին ներկայ էին նաեւ Վատիկանի մէջ ուսանող Հոգշ. Տ. Պսակ վրդ. Թէփիրճեան…։ Յայտնենք, որ յուղարկաւորութեան մասնակցեցաւ նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ։ Թէ՛ յուղարկաւորութեան եւ թէ՛ ընդհանրապէս Վատիկան կեցութեան ընթացքին, երկու վեհափառ հայրապետերը միասնաբար իրենց մասնակցութիւնը բերին յիշեալ եկեղեցական արարողութեան։ Անոնք նաեւ առիթ ունեցան միասնաբար խորհրդակցելու հայ եկեղեցւոյ, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայութեան հետ աղերս ունեցող նիւթերու շուրջ»։
Ակնբախ է երկու կաթողիկոսութիւններու միասնական մօտեցում ցուցաբերելու անկարողութիւնը։ Այսուհանդերձ, հաղորդագրութիւնները կը մատնեն Մայր Աթոռի կողմէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառին հանդէպ անարգական անտեսում մը, մարդկային տարրական արժէքի կորուստ մը, որ յարիր չէ ո՛չ քրիստոնէական ոգիին, ո՛չ ալ եկեղեցականի կամ ազգակիցի կեցուածքի։ Անդին, մեծագոռգոռ յայտարարութիւններ կ՚ըլլան խորաններէն ազգային արժէքները յարգելու, միասնական ոգիով գործելու։
Ժ.Չ. ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։