Հայ մտաւորականը որ փոխեց աշխարհի մտածելակերպը

 

Համաշխարհային գիտաժողով՝ նուիրուած Ժորժ Կիւրճիեւի 

 

Գրեց՝ Ժիրայր ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ

«Առանց ինքնա­ճանաչ­ման, առանց մե­քենա­յի աշ­խա­տանքն 

ու գոր­ծա­ռոյթնե­րը հասկնա­լու, մարդ չի կրնար ազատ ըլ­լալ,

չի կրնար ինքզինք կա­ռավա­րել եւ միշտ կը մնայ ստրուկ»

 Ժորժ Կիւրճիեւ

Ժորժ Կիւրճիեւ

Ժորժ Կիւրճիեւ հա­յազ­գի մտա­ւորա­կան, հո­գեւոր ու­սուցիչ, երա­ժիշտ, պա­րու­սոյց եւ փի­լիսո­փայ, ծնած է 1867-ին Ալեք­սանդրա­պոլ (այժմ՝ Գիւմրի) եւ մա­հացած՝ 1949-ին, Ֆրան­սա։

Կիւրճիեւի հայ­րը, աշուղ Ուստա Ատաշ յու­նա­դաւան հայ էր, իսկ մայ­րը՝ գիւմրե­ցի հա­յու­հի։ 

Ժորժ նախ­նա­կան ու­սումը ստա­ցած է Ալեք­սանդրա­պոլ, յե­տոյ յա­ճախած է Կար­սի Ս. Առա­քելոց վանք։

22 տա­րեկա­նին ճամ­բորդած է Ասիա՝ Չի­նաս­տան, Թի­պէթ, Հնդկաս­տան, Աֆ­ղա­նիս­տան, Մի­ջին Ասիա, այ­ցե­լած բազ­մա­թիւ խորհրդա­ւոր վայ­րեր, ու­սումնա­սիրած բազ­մա­թիւ կրօն­ներ եւ ուսմունքներ, այ­ցե­լած գաղտնի միաբա­նու­թիւններ, ըն­կե­րակ­ցութիւններ: Իր որո­նումնե­րը զինք առաջ­նորդած են Մի­ջին Արե­ւելք, աւե­լի ուշ՝ Կեդ­րո­նական Ասիա, Հնդկաս­տան եւ Հիւ­սի­սային Ափ­րի­կէ։ Սկսած է հին հայ­կա­կան փի­լիսո­փայու­թե­նէն, ապա ան­ցած է Գիլ­գա­մեշին, մի­ջագետ­քեան քա­ղաքակրթու­թեան, հուսկ՝ եւ­րո­պական միս­տի­կական փի­լիսո­փայու­թեան:

Իր հիմ­նա­կան սկզբունքը հե­տեւեալը եղած է. իմա­ցական հա­ւատ­քը՝ ազա­տու­թիւն է, զգաց­մունքա­յին հա­ւատ­քը ստրկու­թիւն, ձե­ւաւո­րուած հա­ւատ­քը` յի­մարու­թիւն։

Ման­կութե­նէն ակա­նատես եղած ըլ­լա­լով բազ­մամշա­կոյթ ազ­գագրա­կան, երաժշտա­կան ու պա­րային աւան­դութիւննե­րու, Կիւրճիեւ նշա­նակա­լի կա­պեր հաս­տա­տած է քրիս­տո­նէական եղ­բայրու­թիւննե­րու, պուտտա­յական քուրմե­րու, սու­ֆի վար­պետնե­րու եւ տեր­վիշնե­րու հետ։ 

Այդ որո­նումնե­րու շրջա­նէն քսան տա­րի ետք ան մեկնած է Արեւ­մուտք եւ սկսած դա­սաւան­դել այնպի­սի մար­դոց, որոնք նպա­տակ ու­նէին,– ինչպէս ինք կ՚ըսէր,– «կեր­տել իրենց սե­փական ան­ձը ներ­դաշնակ զար­գացման ձե­ւերով»։

Կիւրճիեւի տե­սու­թեան հա­մաձայն՝ մարդկու­թիւնը չի տի­րապե­տեր իր մտքի ու մարմնի կա­րելիու­թիւննե­րուն եւ կ՚ապ­րի իր կեան­քը քու­նի մէջ կամ «կէս քուն-կէս ար­թուն»։ 

Սա­կայն, նոյնպէս հա­մաձայն անոր՝ մարդ կրնայ ինքզինք փո­խակեր­պել, հաս­նե­լով գեր­բարձր բա­նակա­նու­թեան՝ տի­րապե­տելու մարդկա­յին լիար­ժէք կա­րողու­թիւննե­րը, որոնք ան­հա­սանե­լի են իր սո­վորա­կան քնա­ցած վի­ճակին մէջ։ 

Կիւրճիեւ փոր­ձած է իր գա­ղափար­նե­րը հա­ղոր­դել իր աշա­կերտնե­րուն կարգ մը առանձնա­յատուկ ձե­ւերով՝

 Կիւրճիեւի՝ Փարիզեան շրջանի դպրոցը

– հիմ­նե­լով հաս­տա­տու­թիւններ, ինչպէս «Մարդկա­յին ներ­դաշնակ զար­գացման հաս­տա­տու­թիւնը» Ֆրան­սա­յի Մոն­փը­լիէ քա­ղաքին եւ այլ եր­կիր­նե­րու շատ մը քա­ղաք­նե­րու մէջ։ 

– ուղղա­կի եւ փոքր խումբե­րով աշ­խա­տելով աշա­կերտնե­րուն հետ։

– մար­զե­լով մար­մի­նը յա­տուկ մշա­կուած սրբա­զան մարմնա­մար­զութեան մի­ջոցով (որ այժմ ծա­նօթ է կիւրճիեւեան շար­ժումներ անու­նով)

– գրե­լով գիր­քեր.

  •  «Տա­սը գիր­քեր երեք հա­տոր­նե­րով», զորս անուանած է՝ «Պիլ­զէ­պու­պի հե­քիաթ­նե­րը՝ իր թո­ռան», առար­կա­յական անա­չառ քննա­դա­տու­թիւն մար­դու կեան­քին մա­սին,
  •  «Հան­դի­պում երե­ւելի մար­դոց հետ»,
  •  «Կեան­քը իրա­կան է մի՛այն երբ ես ԵՍ ԵՄ»։

Կիւրճիեւի գիրքը՝ «Պիլզէպուպի  հեքիաթները՝  իր թոռան»

Կիւրճիեւ իր աշ­խա­տու­թիւննե­րուն մէջ կը նկա­րագ­րէ ձեւ մը, զոր կ՚անուանէ «կիւրճիեւեան աշ­խա­տաձեւ (մե­թոտ)»։

Անոր հա­մաձայն՝ մար­դու բա­նակա­նու­թեան զարթնու­մի կիւրճիեւեան մե­թոտը՝ իր սկզբունքնե­րով ու ցուցմունքնե­րով, իր մէջ կը պար­փա­կէ ֆա­քիր­նե­րու, պուտտա­յական­նե­րու, եոկե­րու (եոկա­յի փի­լիսո­փայու­թեան հե­տեւորդներ) եւ քրիս­տո­նեանե­րու մե­թոտ­ներ, զորս կը կո­չէ «Չոր­րորդ ու­ղի»։

Անոր մա­հէն ետք իր ան­մի­ջական աշա­կերտնե­րը հիմ­նե­ցին 50-է աւե­լի կիւրճիեւեան հաս­տա­տու­թիւններ Եւ­րո­պայի, Ամե­րիկա­յի ու աշ­խարհի տար­բեր եր­կիրնե­րու մէջ։

Կիւրճիեւի հո­գեբա­նական էնակ­րա­մի (enneagramme) գա­ղափա­րէն օգ­տուած են հա­մաշ­խարհա­յին մեծ ըն­կե­րու­թիւններ, ինչ որ մե­ծապէս նպաս­տած է անոնց յա­ջողու­թիւննե­րուն։ 

*  *  *

2025 Սեպ­տեմբեր 17-20 հա­մաշ­խարհա­յին գի­տաժո­ղով մը պի­տի գու­մա­րուի Հա­յաս­տան՝ Երե­ւանի ու Գիւմրիի մէջ, «Գիւրջիեւի օրերը Հա­յաս­տա­նում» խո­րագ­րին ներ­քեւ, կազ­մա­կեր­պութեամբ՝ Ամե­րիկա­յի UCLA հա­մալ­սա­րանի եւ Երե­ւանի Պե­տական հա­մալ­սա­րանի։ Իրենց մաս­նակցու­թիւնը պի­տի բե­րեն Հա­յաս­տա­նէն, Ամե­րիկա­յէն, Ռու­սաստա­նէն, Աւստրա­լիայէն ու Գեր­մա­նիայէն մաս­նա­գէտ­ներ ու գիտ­նա­կան­ներ։

Գի­տաժո­ղովին պի­տի ու­սումնա­սիրուին կա­րեւոր նիւ­թեր Կիւրճիեւի գոր­ծե­րուն ու գա­ղափա­րաբա­նու­թեան մա­սին, ինչպէս՝ 

– Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին եւ Կիւրճիեւը,

– Կրթու­թեան մա­սին Կիւրճիեւի տե­սակէտ­նե­րը՝ «Հե­քիաթ­ներ՝ թոռ­նի­կին» վերանայուած գիր­քի լոյ­սին տակ,

– Որ­քա­նո՞վ հա­ւաս­տի է կիւրճիեւեան գի­տու­թիւնը,

– Կիւրճիեւի գա­ղափա­րաբա­նու­թեան ազ­դե­ցու­թիւնը նեար­դա­գիտու­թեան (neuroscience) վրայ,

– Կիւրճիեւի «Չոր­րորդ ու­ղի»-ն՝ ժա­մանա­կակից Ռու­սաստա­նի մէջ,

– Ժորժ Կիւրճիեւի հայ­կա­կան ինքնու­թիւնը։

*  *  *

Կ՚ար­ժէ նշել, թէ Հա­յաս­տա­նի նախ­կին նա­խագահ Արմէն Սարգսեան, Գիւմրիի մէջ Կիւրճիեւի տու­նը վե­րականգնե­լու մա­սին հե­տեւեալ յայ­տա­րարու­թիւնը ըրած է 2020 Մա­յիս 6-ին, mediamax հայ­կա­կան լրաս­փիւռին. «Նա­խան­շուած տա­րած­քում նա­խատես­ւում է ստեղ­ծել մշա­կու­թա­յին ինքնա­տիպ մի­ջավայր, որ­տեղ տի­րապե­տող կը լի­նեն Գիւրջիեւի ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ոգին, ար­ժե­համա­կարգն ու նրա ան­տե­սանե­լի ներ­կա­յու­թիւնը։ Այն ընդգրկուած կը լի­նի հանգստի ու ժա­ման­ցի ըն­դարձակ գօ­տու տա­րած­քում, որի առանցքը կը լի­նի Գիւրջիեւի տու­նը»։

Կիւրճիեւի գա­ղափա­րաբա­նու­թեան էու­թիւնը, աշ­խարհի փի­լիսո­փայու­թեան վրայ մին­չեւ այ­սօր ալ տի­րող ազ­դե­ցու­թիւնն ու անոր հա­մաշ­խարհա­յին համ­բա­ւը մեծ կա­րեւո­րու­թիւն ու­նին հա­յաս­տա­նի ու հա­յու­թեան հա­մար եւ պէտք է շա­հագոր­ծուին կրթա­կան, գի­տական, պատ­մա­կան, հե­տազօ­տական ու զբօ­սաշրջա­յին ոլորտնե­րէն ներս, որ­պէսզի ցոյց տրուի հայ մտքին ու մշա­կոյ­թին ազ­դե­ցու­թիւնը հա­մաշ­խարհա­յին մտքի զար­գացման վրայ, տե­ղը՝ անոր պատ­մութեան մէջ։

Ժ. Շ. ■