Հայ պատանի ճարտարագէտներու խումբը տպաւորիչ յաղթանակ արձանագած է Ռոպոթներու համաշխարհային ողիմպիականի 2025 թուականի բաց մրցաշարքին` Հայաստանի համար ապահովելով աննախադէպ ցուցանիշեր։
Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքին այս տարի մասնակցած է 214 խումբ 45 երկրէ։ Հայաստանը ներկայացնող երեք խումբերը` «Արմաթ»-ը, «GDL»-ն եւ «BigBots»-ը նուաճած են համապատասխանաբար ոսկէ, արծաթէ եւ պրոնզէ մետալներ։
Մասնաւորապէս մրցաշարքի «Ապագայ նորարարներ» անուանակարգին մէջ յաղթած է Հայաստանի «Արմաթ» խումբը, որու կազմին մէջ ռոպոթաշինութեան ողիմպիականի ախոյեան դարձած են Այգուտ գիւղի դպրոցի Արմաթ ճարտարագիտական աշխատանոցի սաներ Արարատ Բայանդուրեան, Գրիգոր Խոջայեան եւ Երեւանի թիւ 131 դպրոցի Արմաթ ճարտարագիտական աշխատանոցը ներկայացնող Վահէ Գաբրիէլեան։
Հայկական խումբի մարզիչ-խմբավարն է Շահէն Արաբաչեան։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։