Հայաստան 2023-2024-ին Ֆրանսայի հետ 274,5 միլիոն եւրոյի սպառազինութեան պայմանագրեր կնքած է

2023-2024-ին Հայաստան Ֆրանսայի հետ ստորագրած է աւելի քան 274 միլիոն եւրոյի սպառազինութեան պայմանագրեր։ Այդ մասին կը տեղեկանանք Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարութեան կողմէ երկրի խորհրդարանին ներկայացուած զեկոյցէ մը։

Նախարարութեան այդ փաստաթուղթը կը նշէ, թէ Հայաստան պաշտպանութեան ոլորտի համագործակցութիւնը բազմազանացնելու նպատակով որոշած է դիմել Ֆրանսայի աջակցութեան՝ իր կարողութիւնները աւելցնելու եւ ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ «Նոր սարքաւորումներու արտածումը, ռազմափորձերու կազմակերպումն ու գործառնական գործողութիւնները ունին խիստ պաշտպանական բնոյթ։ 2023-ին Երեւանի մէջ Ֆրանսայի պաշտպանական առաքելութեան ստեղծումը թոյլ կու տայ ըստ կարելւոյն սերտ կապեր հաստատել հայ գործընկերներուն հետ»,– կը նշուի զեկոյցին մէջ։

Ըստ փաստաթուղթին՝ մինչեւ 2022 Ֆրանսան գործնականապէս սպառազինութիւն չէ մատակարարած Հայաստանին, սակայն 2023-2024 թուականներուն ցամաքային զօրքերու սպառազինութեան բազմաթիւ պայմանագրեր կնքուած են, քննարկման փուլի մէջ են նաեւ Հայաստանի ռազմարդիւնաբերութեան ոլորտին մէջ տարբեր ծրագրեր։

Ի շարս այլոց, ֆրանքեւհայական պաշտպանական գործընկերութիւնը կը ներառէ լեռնային վայրերու մէջ մարտեր վարելու կարողութիւններու ամրապնդում, որուն շրջանակին մէջ կը գործակցին «Վազգէն Սարգսեան» եւ ՍէնՍիրի (Saint-Cyr) ռազմական ակադեմիաները։

Զեկոյցին մէջ կը նշուի, որ Ֆրանսան Հայաստանին կը մատակարարէ Caesar հրասայլեր. այդ մասին արդէն յայտարարուած էր 2024-ին. իսկ փաստաթուղթի մէկ այլ մասին մէջ կը նշուի Հայաստանին 15 հակահրասայլային հրթիռներ ու հրթիռային կայանքներ մատակարարելու մասին։