ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԱԶԳԱՅԻՆ ԺՈՂՈՎ – Յովիկ Աղազարեան եւ Տարօն Մարգարեան զրկուած են իրենց անձեռնմխելիութենէն

Մարտ 27-ին, Ազգային ժողովի «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) խմբակցութենէն հեռացուած երեսփոխան Յովիկ Աղազարեան եւ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան երեսփոխան Տարօն Մարգարեան զրկուած են իրենց անձեռնմխելիութենէն։

Աղազարեանի պարագային քուէարկութեան մասնակցած է 67 երեսփոխան՝ 65 թեր եւ 2 դէմ, իսկ Մարգարեան անձեռնմխելիութենէն զրկուած է 67 թեր ձայներով։ Ընդդիմութիւնը չէ մասնակցած քուէարկութեան։

Նշենք, թէ գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան դիմում կատարած էր Աղազարեանը եւ Մարգարեանը երեսփոխանական իրենց անձեռնմխելիութենէն զրկելու համար։ Առաջինը կ՚ամբաստանուի կաշառք տալու, իսկ երկրորդը՝ փողերու լուացման մեղադրանքով։