Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան եւ Թուրքիա համաձայնած են առանց նախապայմաններու շարունակել բանակցութիւնները

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը տեղեկացուցած է, թէ Յունուար 14-ին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման յատուկ բանագնացներ՝ ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Ռուբէն Ռուբինեանի և դեսպան Սերտար Քըլըչի հանդիպումը։

Շինիչ մթնոլորտի մէջ կայացած առաջին հանդիպումին, կողմերը գաղափարներ փոխանակած են Հայաստանի և Թուրքիոյ միջև երկխօսութեան միջոցով յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի վերաբերեալ։

Անոնք համաձայնած են շարունակել լիարժէք կարգաւորման ուղղուած բանակցութիւնները՝ առանց նախապայմաններու։

Երկրորդ հանդիպման թուականը եւ վայրը կ՚որոշուի դիւանագիտական ուղիներով։

 

Ռուսաստանի ԱԳ նախարարութեան յայտարարութիւնը

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը այս առթիւ հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-

«Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացները համաձայնած են երկխօսութիւնը շարունակել շինիչ եւ ապաքաղաքականացած ձեւով՝ ընդհանուր եզրեր գտնելու համար։ Անոնք պիտի աշխատին ի շահ երկու երկիրներու ժողովուրդներու եւ ի շահ՝ տարածաշրջանի կայունութեան և տնտեսական բարգաւաճման»։