Հայաստանի եւ Փաքիստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Մոհամմատ Իսհաք Տար Չինաստանի մէջ ստորագրած են երկու երկիրներու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու շուրջ հաղորդագրութիւն մը։
Ստորագրութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Թիանճին քաղաքին մէջ։
Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան այս առթիւ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, թէ երկու երկիրներու կառավարութիւնները կը ձգտին զարգացնել բարեկամական յարաբերութիւններ՝ կիրարկելով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան՝ ինքնիշխանութեան ու տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի, յարձակման բացառման, մէկզմէկու ներքին գործերուն չմիջամտելու, հաւասարութեան եւ խաղաղ գոյակցութեան սկզբունքները։
Կողմերը համաձայնած են փոխանակել ներկայացուցիչներ, որոնք պիտի աջակցին կեանքի կոչելու դիւանագիտական յարաբերութիւնները։