«Միասնութեան թեւեր» նախաձեռնութեան ղեկավար Արման Թաթոյեան մտադիր է դառնալ յուսահատ եւ անտարբեր քաղաքացիներու լայն զանգուածներուն ձայնը։ Այս մասին ան յայտարարած է Նոյեմբեր 26-ին կայացած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին։
“Այս մամլոյ ասուլիսին ես պիտի պատասխանեմ երեք հիմնական հարցումներու՝ որո՞նք են երկրի խոր արմատացած խնդիրները, ո՞վ կրնայ լուծել զանոնք, ինչպէ՞ս լուծել զանոնք եւ ո՞րն է իմ օրակարգս”,– ըսած է Թաթոյեան։
Անոր գնահատմամբ՝ Հայաստանի մէջ ներքաղաքական կեանքը վերածուած է մրցավազքի, փակ շղթայի՝ երկու ճիւղերով. մէկ կողմէն՝ Նիկոլ Փաշինեանը, միւս կողմէն՝ նախկին նախագահները։ Թաթոյեանի կարծիքով՝ Փաշինեան, որ իշխանութեան եկաւ նախկին նախագահներուն եւ անոնց սխալներուն նկատմամբ ատելութեան ալիքին վրայ, այժմ երկիրը կը պահէ ատելութեան եւ թշնամանքի ճիրաններուն մէջ. կը պարզուի, թէ անոնք չեն կրնար գոյութիւն ունենալ առանց մէկը միւսին։
Քաղաքական գործիչին համոզմամբ՝ քաղաքացիներուն 60-70 տոկոսը անտարբեր է, պարզապէս չի մասնակցիր երկրի ամենակարեւոր որոշումներուն եւ չի մասնակցիր ընտրութիւններուն։
“Ես կը յաւակնիմ դառնալ անոնց ձայնը։ Մենք եկած ենք ըսելու, որ պիտի դառնանք ձեր ձայնը եւ բոլորս միասին պիտի կտրենք, պիտի ճեղքենք այս համակարգը, որ իմ համոզմամբ՝ առնուազն 5 տարի է, եթէ ոչ աւելի՝ կը թունաւորէ մեր քաղաքական դաշտը”,– յայտարարած է Թաթոյեան։ Ան կը պնդէ, թէ այնքան ատեն որ հարցը դրուած է «Նախկինները ընդդէմ Փաշինեանին» ձեւով, երկրորդը պիտի յաղթէ։
Թաթոյեան նշած է, որ Փաշինեանի գործողութիւնները հիմնուած են երեք յենասիւներու վրայ՝ նախկին նախագահներ, Եկեղեցի եւ ռուսեր։ “Անոնք սարսափած են։ Փաշինեան ինք չի խօսիր [ռուսերու] դէմ, բայց անոր խումբի անդամները կը խօսին անոր յանձնարարութեամբ”,– նշած է Թաթոյեան։
Քաղաքական գործիչին համաձայն՝ ժողովուրդը պատասխանած է հարցումին. «Նախկինները չեն կրնար վերադառնալ իշխանութեան»։ Հետեւաբար, առաջիններուն՝ իշխանութեան վերադառնալու փորձերը միայն կը ծառայեն սնուցանելու Փաշինեանի իշխանութիւնը։
“Ես չեմ ըսեր, որ նախապէս՝ մինչեւ 2018 թուականը կամ պաշտօնաթող նախագահներուն օրօք ոչ մէկ լաւ բան եղած է։ Ատոնք 2018 թուականի դրութեամբ բոլոր երեք նախագահներուն օրով կուտակուած խնդիրներն էին։ Նոյնը ես կ՚ըսեմ նաեւ այսօր։ Այսօր ալ լաւ բաներ տեղի կ՚ունենան եւ ատոնք դրուագային են ու մեր երկիրը պարզապէս յետընթացի մէջ կը պահեն։ Նիկոլ Փաշինեանի իշխանութիւնը ժխտականի իշխանութիւն է, ժխտական ինքնութիւն ունեցող իշխանութիւն է եւ ամբողջը կառուցուած է ատելութեան շուրջ”,– ընդգծած է Թաթոյեան։
Ան նաեւ կոչ ըրած է նախկին նախագահներուն. «եթէ կ՚ուզէք, որ Նիկոլ Փաշինեանը պարտուի, մի՛ մասնակցիք ընտրարշաւին»։ ■