Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Կիպրոսի հարցին արդար եւ մնայուն լուծում գտնելու ջանքերուն

Յուլիս 20-ին, Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը հրապարակած է ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման 50-ամեակին առթիւ.

«Այս տարի կը լրանայ հիւսիսային Կիպրոսի բռնագրաւման 50-ամեակը։ Այսօր Հայաստան իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ Կիպրոսի Հանրապետութեան, մշտապէս ու հետեւողականօրէն նեցուկ կանգնելով եւ աջակցելով Կիպրոսին՝ հարցին արդար եւ յարատեւ լուծում գտնելու ջանքերուն։

Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան եւ պիտի շարունակէ աշխատիլ իր միջազգային գործընկերներուն հետ՝ դիմադրելու համար այս մարտահրաւէրներուն»։