ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ԻՐԱՆ – Արաղչի․ «Որեւէ միջանցք պէտք չէ տարանջատէ Իրանը տարանցիկ այլ ուղիներէն»

«ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Օգոստոս 11-ին, Հայաստանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին՝ Իրանի ԱԳ նախարար Ապպաս Արաղչի յայտարարած է, թէ որեւէ միջանցք պէտք չէ տարանջատէ Իրանը տարանցիկ այլ ուղիներէն։

“Այդ ճամբան (Թրամփի ուղին) պէտք չէ տարածաշրջանային աշխարհքաղաքականութեան փոփոխութիւններու յանգեցնէ կամ կտրէ Իրանի կապը հաղորդակցութեան այլ ուղիներէն։ Կայացուած որեւէ որոշում, իրականացուած որեւէ գործողութիւն պէտք է պահպանէ պետութիւններու ազգային ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը”,– ընդգծած է Արաղչի՝ խօսելով Հայաստանի հարաւային շրջանին մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման մասին։

Խմբագրական