Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստան կ՚ողջունէ Երեւանի մէջ դեսպանութիւն բանալու Գանատայի կառավարութեան որոշումը

 

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Նոյեմբեր 25-ին ընդունած է Հայաստանի մէջ Գանատայի դեսպան Էլիսըն ԼըԳլերը (նստավայրը՝ Մոսկուա):

Կողմերը ընդգծած են ընդհանուր ժողովրդավարական արժէքներու եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ հիմնուած հայ-գանատական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման կարեւորութիւնը: Այս համածիրին մէջ նախարարը ողջունած է Երեւանի մէջ դեսպանութիւն բանալու Գանատայի կառավարութեան որոշումը եւ համոզում յայտնած, որ այդ քայլը նոր ազդակ կը հաղորդէ երկկողմ համագործակցութեան:

Նկատի ունենալով, որ այս տարի կը նշուի Հայաստանի եւ Գանատայի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման յոբելինական 30-ամեակը՝ զրուցակիցները գոհունակութեամբ արձանագրած են քաղաքական երկխօսութեան առկայ մակարդակն ու միջպետական շփումներու աշխուժութիւնը:

Միրզոյեան եւ ԼըԳլեր շեշտած են հայ-գանատական առեւտրատնտեսական կապերու ընդլայնման կարեւորութիւնն ալ:

Հայկական կողմը ներկայացուցած է Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան նկատմամբ ազերպայճանական վերջին յարձակման հետեւանքները: Նախարար Միրզոյեան ընդգծած է, որ Ազերպայճան իր առաւելապաշտական կեցուածքով եւ ռազմական գործողութիւններով տարածաշրջանի խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման խոչընդոտ կը հանդիսանայ: