Հայաստան կը ջանայ փարատել Իրանի ու Ռուսաստանի մտահոգութիւնները

Վարչապետ Փաշինեան կը փորձէ Մոսկուան ու Թեհրանը համոզել, որ հայ-ազերպայճանական ապաշրջափակումը անոնց եւս օգտակար պիտի ըլլայ, մինչ ռուս եւ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարները իրարու հետ կը քննարկեն տարածաշրջանային վերջին զարգացումներն ու կը խօսին ընդհանուր շահերու պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան մասին:

Տարածաշրջանային «Թրամփի ուղի — TRIPP» ծրագրին մէջ ամերիկեան հաւանական ներգրաւման մասին Թեհրան արդէն բացայայտ մտահոգութիւն յայտնած է, իսկ Ուաշինկթընի հետ ուղղակի բանակցութիւններ վարող Մոսկուա՝ միայն յայտարարութիւններու տողատակերու մէջ:

“Երբ ծրագրերը կեանքի կոչուին, օրինակ, Իրան կարելիութիւն պիտի ունենայ երկաթուղիով Պարսից ծոցէն հասնելու մինչեւ Սեւ ծով, իսկ Ռուսաստան ու Իրան պիտի կարենան ունենալ երկաթուղային կապ իրենց միջեւ: Եթէ կեդրոնանանք համաձայնագրի տնտեսական կողմին վրայ, ոչ միայն Հայաստան, Ազերպայճան, Միացեալ Նահանգներ, Թուրքիա, այլեւ՝ Ռուսաստան ու Իրան պիտի քաղեն շատ կարեւոր օգուտներ”, – յայտարարած է Հայաստանի վարչապետը Fox News-ին տուած հարցազրոյցին մէջ:

Այսպէս, Fox News Իրանի ու Ռուսաստանի առնչուող հատուածը առանձնացուցած է Փաշինեանի հարցազրոյցէն, զոր Հայաստանի ղեկավարը տուած է Օգոստոս 9-ին՝ Միացեալ Նահանգներու ու Ազերպայճանի ղեկավարներուն հետ հռչակագրի ստորագրման յաջորդ օրը:

Ըստ հռչակագրին՝ Ազերպայճան Նախիջեւանին պիտի կապուի անխոչընդոտ՝ Հայաստանի տարածքէն անցնող ճամբով, իսկ Հայաստան պիտի ստանայ միջազգային ու ներպետական հաղորդակցութեան փոխադարձ առաւելութիւններ:

«Թրամփի ուղի» կոչուած ծրագիրը կեանքի կոչելու համար ԱՄՆ պիտի աշխատի Հայաստանի հետ: Բայց ի՞նչ ձեւաչափով՝ դեռ յստակ չէ: Յայտնի է, որ Երեւան ու Ուաշինկթըն ստորագրեցին նաեւ  Հայաստանի կառավարութեան առաջարկած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրի կարողութիւններու զարգացման միտող յուշագիր մը, որու մանրամասնութիւնները եւս առայժմ կը մնան անծանօթ։

Միւս կողմէ, ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուեցաւ ռուսական կողմին հետ յետուաշինկթընեան որեւէ բանակցութեան մասին: Պաշտօնապէս միայն յայտնի դարձաւ, որ Փաշինեան եւ Փութին, ինչպէս նաեւ  երկու երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային զրոյց ունեցան: Իսկ ինչ կը վերաբերի Թեհրանի, Երեւան հոն բանագնաց ալ ուղարկեց: Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեան հանդիպումներ ունեցաւ պարսկական ղեկավարութեան թէ՛ աշխարհիկ թեւին, թէ՛ ալ ամերիկեան ներկայութեան հեռանկարին նկատմամբ աւելի կոշտ հակազդեցութիւն ցուցաբերող հոգեւոր թեւի ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաշտօնական հաղորդագրութենէն ակնյայտ կը դառնայ, որ Կոստանեան կը փորձէ փարատել իր դրացիներու հողային ամբողջականութիւնը «կարմիր գիծ» համարող Իրանի մտահոգութիւնները: Արդարեւ, ըստ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Կոստանեան Թեհրանի մէջ յայտարարած է, թէ Երեւան իր քայլերուն մէջ նկատի  կ՚ունենայ նաեւ Իրանի կենսական շահերը:

Իրանական IRNA-ին տուած հարցազրոյցին մէջ Կոստանեան որոշ մանրամասնութիւններ նշած է «Թրամփի ուղի»-ին մասին, յայտարարելով. “Կը նախատեսուի, որ այդ ընկերութիւնը (որ պիտի ստանձնէ «Թրամփի ուղի»-ի յանձանձումը — Խմբ) պիտի արձանագրուի Հայաստանի մէջ, իսկ բաժնեթուղթերը պիտի կիսուին Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու միջեւ: Բայց սա չի նշանակեր ամերիկեան ռազմաքաղաքական ներկայութիւն տարածաշրջանին մէջ: Մենք կը հասկնանք, որ սա՛ է իրանական կողմի հիմնական մտահոգութիւններէն մէկը եւ իմ կարծիքով՝ այս հարցը լուծուած է”:

Իրանը կը մտահոգէ ամերիկեան ներկայութեան պայմաններուն մէջ Հայաստանի հետ կապի կորուստը: Կոստանեան վստահեցուցած է, թէ Հայաստանի մէջ շատ կարեւոր կը համարեն Իրանի հետ սահմանը եւ բարձր կը գնահատեն Թեհրանի վերջին տարիներու աջակցութիւնը Հայաստանին:

“Այս դիրքորոշումը նոյնքան կարեւոր է մեզի համար, որքան՝ Իրանի, եւ այդ պիտի չփոխուի որեւէ պարագայի: Մենք իրանական կողմին տուինք համապատասխան երաշխիքները”,– հարցազրոյցին ըսած է Արտաքին գործոց փոխնախարարը, որ ըստ Երեւանի, Թեհրանի մէջ շեշտած է, որ ըստ եռակողմ հռչակագրին՝ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը տեղի պիտի ունենայ ամբողջովին յարգելով երկիրներու հողային ամբողջականութեան, ինքնիշխանութեան, իրաւազօրութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքները:

Արտատարածաշրջանային երկիրներու ներկայութեան մէջ անկայունութեան սպառնալիք տեսնող Իրանի հոգեւոր առաջնորդի միջազգային հարցերու խորհրդական Ալի Աքպար Վելայաթի յայտարարած էր, թէ իր երկրի ազգային անվտանգութեան սպառնացող որեւէ գործողութիւն պիտի ստանայ պատասխան: Իրանական աղբիւրներու համաձայն՝ Կոստանեանի հետ հանդիպումին ան ընդգծած է թէ՛ հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան կարեւորութիւնը, թէ՛ ալ կրկնած է, թէ Իրան չի կրնար հանդուրժել իր ապահովութեան դէմ որեւէ քայլ։ “Տարածաշրջանի ճակատագիրը պէտք է որոշեն տարածաշրջանի երկիրները”,– յայտարարած է Իրանի նախկին Արտաքին գործոց նախարարը:

Ըստ օտար լրագրողներու, Թրամփի վարչախումբը կը համարէ, որ նոր ճամբան մարտահրաւէր մըն է տարածաշրջանին մէջ Մոսկուայի եւ Թեհրանի ազդեցութեան՝ ուղղակի կապ ապահովելով Հարաւային Կովկասէն Եւրոպա՝ շրջանցելով Ռուսաստանն ու Իրանը։ Այս ենթախորքին՝  իրանցի եւ ռուս բարձրաստիճան պաշտօնատարներ քննարկումներ սկսած են:

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի՝ հայ-ազերպայճանական կարգաւորման հարցի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւ առջի օր Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած է Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչիի հետ: Նախարարը շեշտած է Կովկասի հարցերը տարածաշրջանի երկիրներու ուժերով, ինչպէս՝ 3+3 ձեւաչափով կարգաւորելու կարեւորութիւնը: Նշենք, թէ 3+3 ձեւաչափը կը ներառէ Հայաստանը, Վրաստանը, Ազերպայճանը, Ռուսաստանը, Իրանը եւ Թուրքիան:

Թէ՛ ռուսական, թէ՛ իրանական պետական լրասփիւռները կը նշեն, որ նախարար Արաղչի ռուս պաշտօնեային հետ զրոյցին ընդգծած է տարածաշրջանային հարցերուն մէջ Մոսկուայի ու Թեհրանի միաբանութեան կարեւորութիւնը:

Իրանական պետական լրասփիւռը արձագանգելով Արաղչիի յայտարարութեան, կը հաղորդէ թէ երկկողմ՝ ռուս-իրանական համագործակցութեան ամրապնդման անհրաժեշտութիւն կայ՝ ընդհանուր շահերը պաշտպանելու համար։

Մոսկուա ալ ուաշինկթընեան հռչակագրէն յետոյ պարբերաբար կը յիշեցնէ իր միջնորդութեամբ ձեռք ձգուած ապաշրջափակման հայ-ազերպայճանական համաձայնութիւնները, նշելով որ եթէ այդ համաձայնութիւնները կեանքի չեն կոչուած՝ այդ մէկուն պատասխանատուներն են Երեւանն ու Պաքուն: Մոսկուա միաժամանակ պնդումով անդադար կ՚ազդարարէ, որ ապաշրջափակման որոշումները մշակելու ընթացքին՝ Երեւան յանկարծ  չմոռնայ, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) անդամ է:

Աղբիւր՝ «Ազատութիւն»