ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Հարցախոյզի մը մասնակցիներուն 70%-ը չի հաւատար Ազերպայճանի հետ մնայուն խաղաղութեան

Հայաստանի մէջ կատարուած հարցախոյզի մը մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը չի հաւատար, թէ կարելի է կայուն խաղաղութիւն հաստատել Ազերպայճանի հետ։ Նոյեմբեր 12-ին լրագրողներուն հետ ունեցած իր զրոյցին այս մասին յայտնած է «Արար» Քաղաքակրթական հետազոտութիւններու հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արմէն Խաչիկեան՝ ներկայացնելով ընկերաբանական հարցախոյզին արդիւնքները։

Ի յայտ եկած է, որ խաղաղութեան ամենաքիչը կը հաւատան երիտասարդները։

Խաչիկեան դիտել տուած է, որ հարցախոյզին պատկերը չէ փոխուած նոյնիսկ Ուաշինկթընեան համաձայնութիւններէն ետք։

Որոշ տատանում կայ, բայց մշտապէս 65-70 տոկոսը չի հաւատար բանակցութիւններու միջոցով մնայուն խաղաղութեան։ Ինծի համար բաւական զարմանալի փաստ է, որ ԱՄՆու նախագահ Տանըլտ Թրամփի միջնորդութեամբ նախաստորագրուած խաղաղութեան պայմանագրէն ետք ալ շուրջ 65%-ը չի հաւատար խաղաղութեան հաստատման. ընդամէնը 33,7 տոկոսն է, որ կը  հաւատայ, թէ Թրամփի միջնորդութեամբ համաձայնագիրը պիտի բերէ իրական խաղաղութիւն”,ըսած է ընկերաբանը։

Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն՝ քաղաքացիները համամիտ չեն Հայաստանի զինեալ ուժերու թուաքանակի կրճատման։Շուրջ 80%-ը չ՚ուզեր որեւէ կերպով որեւէ թուաքանակի կրճատում՝ նոյնիսկ իրական խաղաղութեան հասնելու պարագային,– բացատրած է Խաչիկեան։

Հարցախոյզը կատարուած է Հոկտեմբեր 5-25. մասնակցած է 1123 հոգի։