Յուլիս 15-ին, Երեւանի մէջ, Նեմեսիսի յուշարձանին մօտ տեղի ունեցած է ՀՅԴ երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններու 12-րդ համահայկական բանակումի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, որուն կը մասնակցին 400 երիտասարդներ՝ 17 երկիրներէ: Այս տարուան բանակումին նշանաբանն է՝ «Պիտի վերադառնանք»։
Արարողութեան ներկայ եղած են ՀՅԴ-ի պատասխանատուներ, Ազգային ժողովի երեսփոխաններ։
Ելոյթներով հանդէս եկած են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յովսէփ Տէր-Գէորգեան՝ Ֆրանսայէն, Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթելեան, Համահայկական բանակումի պատասխանատու Մհեր Գարագաշեան եւ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Ժոր Աւդալեան։
“Հակառակ անոր որ ներկայիս պառակտուած է հայութիւնը եւ աշխատանք կը տարուի Հայաստանը Սփիւռքէն հեռացնելու՝ այս համահայկական բանակումով, ՀՅԴ երիտասարդութիւնը օրինակ կը հանդիսանայ համահայկական համախմբուածութեան, եւ Սփիւռքէն մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութիւնը կ՚ամրապնդէ Հայաստան-Սփիւռք կապը։ Հակառակ անոր որ յուսալքուած եւ հոգեպէս ընկրկած է հայ ժողովուրդի ստուար հատուած մը, այս բանակումը կը միաւորէ ՀՅԴ մարտունակ երիտասարդութիւնը. նայեցէ՛ք անոնց աչքերուն մէջ, հոն պիտի տեսնէք համարձակութիւն, բոցավառող պայքարի ոգի ու յաղթանակի կամք։
Հակառակ անոր որ մեր թշնամիներու եւ անոնց կամակատար իշխանութիւններուն կողմէ թիրախ դարձած է դաշնակցական երիտասարդութիւնը՝ հարիւրաւոր դաշնակցական երիտասարդներ աշխարհի տարբեր անկիւններէն եկած են հայրենիք՝ թիկունք կանգնելու իրենց ընկերներուն։ Հակառակ անոր որ կը փորձուի ՀՅԴ երիտասարդականը ներկայացնել իբրեւ «ահաբեկչական» կազմակերպութիւն մը, մեր գործունէութիւնը կը փաստէ, որ դաշնակցական երիտասարդութիւնը կը ձգտի իր տեսլականները իրականացնել նորարարական եւ յառաջդիմական ծրագրերով։ Միեւնոյն ատեն, մենք կը մնանք կառչած մեր գաղափարական հիմնասիւներուն, յատկապէս ազգային եւ յեղափոխական նկարագրին”,– իր խօսքին մէջ նշած է Տէր Գէորգեան։
Իսկ Մհեր Գարագաշեան ընդգծած է. “Դաշնակցութիւնը իր 135-ամեայ պատմութեան ընթացքին չէ կորսնցուցած վճռականութիւնը, այդ պատճառով ալ ան հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար մղուած պայքարին մէջ առաջատար ուժ դարձած է: Մենք պէտք է իրականացնենք իսկական Հայաստանի հայեցակարգը, կը շեշտեմ՝ իսկակա՛ն Հայաստանի, իրական, եւ ոչ թէ այլասերած ժողովրդավարութեան գաղափարը”։
Բացման արարողութենէն ետք, մասնակիցները երթով ուղղուած են դէպի Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիր Արամ Մանուկեանի արձանը, ուր ծաղիկներ զետեղուած են՝ ի յարգանս անոր յիշատակին։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։