Հայաստան-Հունգարիա մրցումին՝ հզօր պատգամ մը

2026-ին Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մէջ տեղի ունենալիք ֆութպոլի համաշխարհային բաժակին համար որակման մրցումներուն ի հաշիւ՝ Նոյեմբեր 13-ին, Հայաստան իր նախավերջին հանդիպումը կ՚ունենար ընդդէմ Հունգարիոյ, իր դաշտին վրայ։ 

Հայրենի հաւաքականը 0-1 հաշուով պարտուեցաւ եւ կորսնցուց որակուելու իր չնչին յոյսն ալ։

Սակայն երեկոյթին ամէնէն տպաւորիչ պատկերը եկաւ երկրպագուներու շարքերէն, որոնք պարզած էին պաստառ մը՝ ուղղուած Հունգարիոյ խումբին. «ԲԱՐԻ ԵԿԱԾ ԵՔ ՀԱՅԱՍՏԱՆ, ՀՈՍ ԿՐՆԱՔ ԱՊԱՀՈՎ ՔՆԱՆԱԼ»։

Այս պատգամը կը միտէր յուշել  2004-ին Պուտափեշտի մէջ սպանութիւնը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի, որ քունին մէջ կացնահարուեցաւ ազերպայճանցի սպայ Ռամիլ Սաֆարովի կողմէ։

Սաֆարով խոստովանած էր, որ Մարգարեանը սպանած էր միայն հայ ըլլալուն պատճառով։

Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուելէ ետք, ան սակայն 2012-ին յանձնուեցաւ Ազերպայճանին, ուր անմիջապէս ներում շնորհուեցաւ իրեն, ազատ արձակուեցաւ, պաշտօնի բարձրացում ստացաւ եւ մեծարուեցաւ որպէս ազգային հերոս։ Այս որոշումը կը մնայ Ազերպայճանի մէջ պետական մակարդակի հայատեացութեան, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ (ան)պատասխանատւութեան ամէնէն վառ խորհրդանիշերէն մէկը։

Այդ իրիկուն Երեւանի մէջ հայ երկրպագուները յիշեցուցին, որ Գուրգէն Մարգարեանի յիշատակը կենդանի է, եւ որ Հայաստան երբեք պիտի չմոռնայ այս ոճիրը։

Հանգչէ՛ խաղաղութեան մէջ, Գուրգէն Մարգարեան։