Սեպտեմբեր 26-ին, Արցախեան 44-օրեայ պատերազմի տարելիցի նախօրեակին, Երեւանի Գարեգին Նժդեհ հրապարակէն ծայր առած է կանթեղներով լուռ երթ՝ դէպի «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն՝ առ ի յարգանք պատերազմին իրենց կեանքը նուիրած մեր նահատակներու յիշատակին։
«Հայաստան» դաշինքի կազմակերպած քայլերթին մասնակցած են ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեան, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, ԱԺ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու անդամներ, հասարակական գործիչներ ու քաղաքացիներ։
Երթի ընթացքին կարդացուած են զոհուածներուն անունները։ «Եռաբլուր»-ի մէջ աղօթք բարձրացած է առ Աստուած եւ մասնակիցները խոնարհումով իրենց կանթեղները զետեղած են զոհերու շիրիմներուն առջեւ։
Յիշատակի երթ՝ նաեւ Գիւմրիի մէջ
Նոյն օրը, պատերազմի նահատակներուն յիշատակին, Գիւմրիի Անկախութեան հրապարակէն սկսած է քայլերթ՝ դէպի «Շիրակ» գերեզմանատունը, ուր ամփոփուած են Արցախեան առաջին, չորսօրեայ եւ 44-օրեայ պատերազմներուն զոհուած շիրակցիներու աճիւնները:
Երթին նախաձեռնած է ՀՅԴ Գիւմրիի երիտասարդական կազմակերպութիւնը, որուն միացած են մարզային այլ կառոյցներու ներկայացուցիչներ: ■