Հայաստան պիտի չմասնակցի ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին

Հայաստան պիտի չմասնակցի Նոյեմբեր 27-ին Պիշքեքի մէջ կայանալիք յետխորհրդային շարք մը պետութիւններու կազմակերպութեան՝ ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին, յայտնած է Ռուսաստանի նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով։

Երեւան, սակայն, ըստ Ուշաքովի, դէմ չէ ընդունելու այն փաստաթուղթերը, որոնք համաձայնութեան պիտի արժանանան վեհաժողովին։

Վերջին տարիներուն, ՀԱՊԿ-ի անդամ Հայաստանի յարաբերութիւնները լարուած են այդ Կազմակերպութեան հետ, յատկապէս 2022 Սեպտեմբերին Ազերպայճանի յարձակումէն ետք։ Հակառակ Երեւանի պահանջներուն՝ ՀԱՊԿ-ն ցայսօր չէ դատապարտած դաշինքի անդամ պետութեան դէմ այդ յարձակումը եւ չէ արձանագրած, որ Ազերպայճան Հայաստանէն տարածքներ բռնագրաւած է։

Հայաստան վերջին երկու տարիներուն ընդհանրապէս չէ մասնակցած ՀԱՊԿ-ի ձեռնարկներուն։