Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Սեւան  համայնքի «Վալերի Սարգսեան» երաժշտական դպրոցի նոր շէնքին բացման արարողութիւնը

Երկյարկանի երաժշտական դպրոցի շինարարութեան համար ծախսուած է աւելի քան 344 միլիոն դրամ: Շէնքին կառուցման ծրագիրը իրականացուցած է Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամը, իսկ երաժշտական գործիքներն ու այլ սարքաւորումներուն ծախսերը յատկացուած է կառավարութեան կողմէ:

Ընդհանուր առմամբ դպրոցէն կրնայ օգտուիլ շուրջ 230 աշակերտ։ Շէնքը ապահովուած է ջրամատակարարման, կոյուղիի, ջեռուցման հակահրդեհային օդափոխութեան, կազամատակարարման, ելեկտրամատակարարման ժամանակակից սարքերով։

Բացման արարողութեան ներկայ եղած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարար Ժաննա Անդրէասեան, Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյի, Ֆրանսայի «Հայաստան» հիմնադրամի նախագահ Պետրոս Թերզեան եւ այլ պաշտօնատարներ, ծնողներ, աշակերտներ։