Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՅԱՍՏԱՆ – ՎՐԱՍՏԱՆ – Վրաստանի նախագահին պաշտօնական այցը Հայաստան

Վրաստանի նախագահ Միխէիլ Քավելաշվիլի, որ Ապրիլ 28-ի երեկոյեան պաշտօնական այցով ժամանած է Երեւան, յաջորդ օրը հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի ղեկավարներուն հետ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումին՝ վերջինս նշած է, թէ Հայաստան կարեւորութիւն կը համարէ Վրաստանի հետ յարաբերութիւնները, որոնք արդէն ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի հասած են։

“Վրաստան եւ Հայաստան ունին ընդհանուր շահեր եւ պէտք է յարաբերութիւնները կառուցել այդ շահերուն հիման վրայ”,– ըսած է վարչապետը՝ աւելցնելով, որ այս մօտեցումը կը տեղադրուի նաեւ Հարաւային Կովկասի մնայուն զարգացման համածիրին մէջ։

Քավելաշվիլի իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ հիւրընկալութեան համար եւ շեշտած երկու ազգերու հազարամեայ բարեկամութիւնը։ Ան ողջունած է Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի վերաբերեալ համաձայնութիւնը եւ յոյս յայտնած, որ շուտով ան կը ստորագրուի։

Քավելաշվիլի եւ Փաշինեան քննարկած են նաեւ տնտեսութեան, զբօսաշրջութեան, ենթակառոյցներու, կրթութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ միասնական ծրագրերու առնչուող հարցեր։

Հանդիպում՝ նախագահ Խաչատուրեանի հետ

Ընդունելով Քավելաշվիլին՝ Հայաստանի նախագահը եւս բարձր գնահատած է վրացական կողմին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ վերջնական խաղաղութեան հաստատման ուղղուած միջնորդական ջանքերը՝ նշելով անոնց կարեւորութիւնը տարածաշրջանային վստահութեան ձեւաւորման եւ կայունութեան պահպանման ուղղութեամբ։

Վրաստանի նախագահը Խաչատուրեանը հրաւիրած է պատեհ առիթով այցելելու Վրաստան։

Գարեգին Բ. կաթողիկոս եւս հիւրընկալած է Վրաստանի նախագահը

Նոյն օրը, Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալած է Վրաստանի նախագահը։

Ողջունելով նախագահին այցը Հայաստան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Հայոց հայրապետը անդրադարձած է երկու ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան։ Այս առնչութեամբ Գարեգին Բ. նշած է, թէ պատմութեան ընթացքին հայ եւ վրացի ժողովուրդները, ապաւինած իրենց քրիստոնէական հաւատքին ու արժեհամակարգին, յաջողած են յաղթահարել բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ փորձութիւններ՝ պահպանելով իրենց ազգային ինքնութիւնն ու դիմագիծը:

Իր կարգին Վրաստանի նախագահը ընդգծած է քրիստոնէական հաւատքի բացառիկ դերակատարութիւնը երկու ժողովուրդներու հոգեւոր, մշակութային, ազգային ինքնութեան պահպանման եւ պատմութեան ընթացքին ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման մէջ։ Վրաստանի նախագահը հաւաստած է ամենայն հայոց կաթողիկոսին, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքերը տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման եւ գերիներու ազատ արձակման համար։

Հանդիպման աւարտին Վրաստանի նախագահը հոգեւորականներու ընկերակցութեամբ այցելած է Մայր տաճար եւ ծանօթացած վերանորոգուած սրբավայրի պատմութեան։

Այց՝ Ծիծեռնակաբերդ

Այնուհետեւ Վրաստանի նախագահը այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր, ուր ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին եւ անմար կրակին մօտ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակը: