ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարարին հակազդեցութիւնը իր թուրք պաշտօնակցին

Հայաստանի Սարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու նախարար Դաւիթ Խուդաթեան հակազդած է Թուրքիոյ Փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարարի յայտարարութեան, թէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի տնտեսական համագործակցութիւնը։  Խուդաթեան նիւթին անդրադարձած է՝ պատասխանելով «Արմէնփրէս»-ի հարցումին։

Հարցում.- Պարոն Խուդաթեան, Թուրքիոյ Փոխադրութեան եւ ենթակառոյցներու նախարար Կարս–Տիլուճու երկաթուղային գծի հիմնարկէքի արարողութեան ընթացքին ըսաւ, թէ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պիտի ամրապնդէ Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի տնտեսական համագործակցութիւնը։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս յայտարարութիւնը։

Պատասխան.- Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին կրնան գործել եւ իրագործուիլ մի՛այն այնպիսի ենթակառուցային ծրագրեր, որոնք առաջարկուած, ընդունուած կամ հաստատուած են Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ։ Այդպէս են օրինակ՝ «Հիւսիս–Հարաւ», «Խաղաղութեան խաչմերուկ», TRIPP ծրագրերը։

Նշուած չափանիշին չհամապատասխանող որեւէ անուանումով ենթակառոյց Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին չի կրնար գործել։ Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է եւ շահագրգռուած է անով։ Համագործակցութեան փոխադրական բաղադրիչը արտայայտուած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծին մէջ, որմէ բխող նախագիծ է նաեւ TRIPP–ը՝ «Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագիրը։

Մենք աշխուժօրէն կը պատրաստուինք այս ծրագրի իրագործման եւ Ազերպայճանի հետ փոխադրական կապերու բացման, համաձայն Օգոստոս 8–ին Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած Հռչակագրին, զոր ստորագրեցին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը, Ազերպայճանի նախագահը եւ ԱՄՆ-ու նախագահը։

Հարկ կը համարեմ նշել նաեւ, որ մենք հրապարակաւ պատրաստակամութիւն յայտնեցինք վերաբանալու Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ Գիւմրի–Կարս երկաթուղային կապը եւս, ինչ որ ա՛լ աւելի պիտի ամրացնէ տարածաշրջանային փոխկապակցուածութիւնը: