ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Փաշինեանի հանդիպումը եպիսկոպոսներուն հետ

Վար­չա­պետ Փա­շինեան մեկ­նա­բանե­լով եպիսկոպոսներու Նոյեմբեր 27-ի յայ­տա­րարու­թիւնը, ըսած է, որ կ՚աջակ­ցի անոր հեղինակներուն դիր­քո­րոշ­ման։ “Որ­պէս Հայ առա­քելա­կան եկե­ղեց­ւոյ հե­տեւորդ՝ կ՚ըն­դունիմ այս յայ­տա­րարու­թիւնը որ­դիական խո­նար­հութեամբ եւ նուիրուածու­թեամբ։ Որ­պէս կա­ռավա­րու­թեան ղե­կավար՝ ես զայն կ՚ըն­դունիմ վճռա­կանու­թեամբ եւ ան­սա­սանու­թեամբ”,– նշած է ան։

Փա­շինեան աւել­ցուցած է, որ հո­գեւո­րակա­նու­թեան հա­մաձայ­նութեամբ՝ պատ­րաստ է «այ­սօր» (Նո­յեմ­բեր 27-ին) հան­դի­պելու անոնց հետ՝ հե­տագայ քայ­լե­րը քննար­կե­լու հա­մար։

Այս առա­ջար­կին ըն­դա­ռաջած են Աբ­րա­համ ար­քե­պիս­կո­պոս Մկրտչեանը, Առա­քել ար­քե­պիս­կո­պոս Քա­րամեանը, Վազ­գէն ար­քե­պիս­կո­պոս Միր­զա­խանեանը, Անու­շա­ւան եպիս­կո­պոս Ժամ­կո­չեանը, Վրթա­նէս եպիս­կո­պոս Աբ­րա­համեանը, Նա­ւասարդ ար­քե­պիս­կո­պոս Կճո­յեանը, Առա­քել եպիս­կո­պոս Տիգ­րա­նեանը եւ Գէորգ եպիս­կո­պոս Սա­րոյեանը, որոնց հետ վար­չա­պետը հան­դի­պում ու­նե­ցած է նոյն օրը։

Ի՞նչ ըսած է Փա­շինեան բարձրաս­տի­ճան հո­գեւո­րական­նե­րուն

Վար­չա­պետը շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնած է սրբա­զան­նե­րուն՝ իրենց «սկզբունքա­յին դիր­քո­րոշ­ման հա­մար», զոր ար­տա­յայ­տած են հրա­պարա­կային կեր­պով։ Փա­շինեան յատկապէս խօ­սած է ար­ժեհա­մակար­գի դե­րին մա­սին։

“Ես կը կար­ծեմ, որ այն թե­ման, զոր դուք ար­ծարծած էք ան­ձի մը նշու­մով, մեզ դէմ-յան­դի­ման կը դնէ շատ կա­րեւոր ընդհան­րա­կան օրա­կար­գի մը”,– ըսած է վար­չա­պետը։

Փա­շինեան նաեւ նշած է, որ պե­տու­թեան եւ հա­սարա­կու­թեան՝ իս­կա­կան ար­ժէքնե­րու վրայ հիմ­նուած ըլ­լա­լը կա­պուած է նաեւ հո­գեւոր կեան­քին հետ։ Ընդգծած է, որ մեր ար­ժէքնե­րը նախ եւ առաջ կ՚առնչուին մեր հո­գեւոր ար­ժէքնե­րուն, եւ մեր վե­րապա­հած տե­ղը հո­գեւոր ար­ժէ­քերուն՝ մե­ծապէս կը կան­խո­րոշէ նաեւ պե­տու­թեան եւ հա­սարա­կու­թեան ար­ժէքնե­րը։

“Ես կար­դա­ցի ձեր յայ­տա­րարու­թիւնը ճիշդ այդ դի­տան­կիւնէն եւ հոն տե­սայ ար­տա­յայ­տութիւ­նը նոյն կար­գի մտա­հոգու­թեան”,– շեշ­տած է Փա­շինեան։

Միւս կող­մէ, Մայր Աթո­ռէն յայտնած են, որ յայ­տա­րարու­թիւնը խե­ղա­թիւ­րումնե­րով շա­րադ­րուած է։

Իսկ ի՞նչ կ՚ըսէ Ար­շակ Խա­չատ­րեան

Ար­շակ ար­­քե­­­պիս­­կո­­­պոս Խա­­չատ­­րեան Factor TV-ի հար­­ցումին, թէ ար­­դ­եօք խախ­­տա՞ծ է կու­­սակրօ­­նու­­թեան ուխտը, պա­­տաս­­խա­­­նած է, որ այդ հար­­ցը «դուրս կ՚ել­­լէ բա­­րեկրթու­­թեան սահ­­մաննե­­րէն»։

“Դուք ուղ­ղա­­կի կը մտնէք իմ անձնա­­կան յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րու դաշ­­տը։ Ոեւէ մէ­­կուն անդր-ո­­րո­վայ­­նա­­­յին (մէջ­­քէն վար — «ՆՅ») յա­­րաբե­­րու­­թիւննե­­րը չեն վե­­րաբե­­րիր ու­­րիշ ոեւէ մէ­կուն։ Իսկ իշ­­խա­­­նու­­թիւննե­­րը կամ ոեւէ այլ անձ, երբ որ անդրո­­րովայ­­նա­­­յին տրա­­մաբա­­նու­­թեամբ կը շար­­ժի, կը նշա­­նակէ, որ իրենց հե­­տաքրքրու­­թիւննե­­րը բա­­ցառա­­պէս այդ ոլոր­­տին կը վե­­րաբե­­րին։ Մինչդեռ այդ բա­­ցար­­ձա­­­կապէս չի մտներ իշ­­խա­­­նու­­թիւն­նե­­րու եւ սո­­վորա­­կան ան­­ձե­­­րու իրա­­ւասու­­թեանց մէջ”, – նշած է ար­­քե­­­պիս­­կո­­պոսը։ ■