ՀԱՅԱՍՏԱՆ – Ֆրան­սա­հայու­թեան նպաս­տը Գիւմրիի մէջ «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի երի­տասար­դա­կան կեդ­րոն»-ի կա­ռուցման

Հոկ­տեմբեր 23-ին Գիւմրիի մէջ հան­դի­սաւոր բա­ցու­մը կա­տարուեցաւ «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի երի­տասար­դա­կան կեդ­րոն»-ին՝ ներ­կա­յու­թեամբ մաս­նա­ւորա­պէս բա­րերար­նե­րու, Հռո­մէն ժա­մանած կղե­րական­նե­րու, ինչպէս նաեւ՝ ՀՀ Սփիւռքի գոր­ծե­րու գլխա­ւոր յանձնա­կատար Զա­րեհ Սի­նանեանի, Գա­նատա­յի դես­պան Էնտրու Թըր­նը­րի, տե­ղական եւ մի­ջազ­գա­յին հա­սարա­կական կազ­մա­կեր­պութիւննե­րու ներ­կա­յացու­ցիչնե­րու եւ այլ հիւ­րե­րու:

Կա­ռոյ­ցին գլխա­ւոր հո­վանա­ւորը Ժագ­լին Կիւ­լիստանԳալուստեան, ի յի­շատակ իր ծնող­նե­րուն՝ Նշան եւ Ալիս Կէ­տիկեանԿիւ­լիստանի, իր բնա­կարա­նը կտա­կած է Փա­րիզի «Հա­յաս­տան հա­մահայ­կա­կան հիմ­նադրամ»-ին, որ­պէսզի անոր վա­ճառ­քէն գոյացած հա­սոյ­թը օգ­տա­գոր­ծուի յատ­կա­պէս որ­բե­րու խնամ­քով զբա­ղող հայ կեդ­րոննե­րու եւ դպրոց­նե­րու օժան­դա­կու­թեան: Կտա­կին կէսը՝ 550.000 եւ­րօն, յատ­կա­ցուած է «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի երի­տասար­դա­կան կեդ­րոն»-ի կա­ռուցման: Իսկ մնա­ցեալը յատ­կա­ցուած է Փա­րիզի Ալ­ֆորվի­լի հայ­կա­կան վար­ժա­րանին եւ Դպրո­ցասէր վար­ժա­րանին, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինք դպրո­ցին եւ այլ բա­րեսի­րական ծրա­գրե­րու: Շի­նարա­րու­թեան իրենց նիւ­թա­կան նպաս­տը բե­րած են Սփիւռքէն եւ Ֆրան­սա­յէն բազ­մա­թիւ բա­րերար­ներ ու հաս­տա­տու­թիւններ։

Կեդ­րո­նի բաց­ման օրը, նո­րակա­ռոյց կեդ­րո­նի մուտքին հիւ­րե­րը ըն­դունեց Անա­րատ Յղու­թեան Հայ Քոյ­րե­րու Միաբա­նու­թեան ընդհա­նուր մե­ծաւո­րու­հի՝ քոյր Արու­սեակ Սա­ճոնեանը եւ խօս­քով դի­մեց ներ­կա­ներուն: Ան շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց նուիրա­տու­նե­րուն այս ան­զուգա­կան նա­խաձեռ­նութեան թի­կունք կանգնե­լնուն եւ իրա­կանու­թիւն դառ­նա­լու նպաս­տե­լնուն հա­մար, շեշ­տեց քրիս­տո­նէական ար­ժէքնե­րու կա­րեւո­րու­թիւնը՝ որ­պէս միաբա­նու­թեան առա­քելու­թեան հիմք։ Քոյր Արու­սեակ իր խօս­քին մէջ յայտնեց. Մեր գլխա­ւոր նպա­տակն է մեր ու­սա­նող­նե­րուն մէջ հա­ւատք սեր­մա­նել, զա­նոնք քրիս­տո­նէական եւ հայ­կա­կան ար­ժէքնե­րով սնու­ցա­նել։ Մենք զա­նոնք կը պատ­րաստենք մեծ­նա­լու մարդկա­յին, հո­գեւոր եւ հայ­րե­նասի­րական սկզբունքնե­րով՝ պատ­րաստ դի­մակա­յելու կեան­քի մար­տահրա­ւէր­նե­րը։

Նուիրատուներու ցանկը

Ապա քոյր Արու­սեակ հրա­ւիրեց ԺագԱր­տաշ Կէ­տիկեանը եւ Գա­նատա­յի դես­պա­նը՝ Էնտրու Թըր­նը­րը, ինչպէս նաեւ՝ Հա­յաս­տա­նի, Վրաս­տա­նի, Ռու­սաստանի եւ Արե­ւելեան Եւ­րո­պայի կա­թողի­կէ հա­յոց առաջ­նորդ հայր Գէորգ Թ. ծ. վրդ. Նո­րատունկեանը՝ շէն­քին մուտքի ժա­պաւէ­նը կտրե­լու եւ համ­տե­սելու յի­շար­ժան ձեռ­նարկնե­րու ըն­թացքին աւան­դա­պէս մա­տու­ցուող աղու­հա­ցը։ Մուտքի մի­ջանցքի պա­տին տե­ղադ­րուած էր բա­րերար­նե­րու ընդգրկուն ցան­կը։ Շէն­քը իտա­լական ոճով կա­ռոյցնե­րը կը յի­շեց­նէ՝ ներ­քին բա­կը շրջա­պատող սիւ­նե­րով եւ կեդ­րո­նական շատ­րուանով: Քոյր Արու­սեակ ֆրան­սե­րէնով զե­կու­ցեց Եւ­րո­պայէն ժա­մանած բա­րերար­նե­րուն, կղե­րական­նե­րուն, հիմ­նարկու­թեան ման­րա­մաս­նութիւննե­րը: Հա­մալի­րին մէջ ու­սուցա­նուող լե­զու­նե­րէն է ֆրան­սե­րէնը՝ հա­յերէ­նի եւ ռու­սե­րէնի կող­քին:

Շրջայ­ցէն ետք ներ­կա­ները ուղղուեցան հա­մալի­րին դահ­լի­ճը, ուր Քոյր Նա­րինէ Սի­մոնեանը խօսք առաւ յայտնե­լով. “Մենք այ­սօր հա­ւաքուած ենք սի­րոյ շուրջ։ Շնոր­հա­կալու­թիւն կը յայտնեմ «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի» մեծ ըն­տա­նիքի անձնա­կազ­մին, որ մեզ՝ քոյ­րե­րուս սա­տար կանգնե­ցաւ, որ այս օրը կա­տարե­լապէս իրա­կանա­նայ, շնոր­հա­կալու­թիւն «Ար­հեստի դպրոց»-ի ու­սա­նող­նե­րուն եւ խո­հարար­նե­րուն։ Քոյր Նա­րինէն խօս­քը փո­խան­ցեց հայր Գէորգ Թ. ծ. վրդ. Նո­րատունկեանին, որ շնոր­հա­ւորեց բո­լոր ներ­կա­ները այս ան­զուգա­կան ձեռքբե­րու­մին հա­մար՝ ըսե­լով. Այս կեդ­րո­նին բա­ցու­մով մենք բա­ցառե­ցինք շատ դիւ­րա­բեկ ըն­տա­նիք ու­նե­նալու կա­րելիու­թիւննե­րը: Այս կեդ­րո­նէն անցնող­նե­րը պի­տի թրծուին, հարստա­նան, ճո­խանան, սնա­նին քրիս­տո­նէական ար­ժէքնե­րով եւ նե­տուին աշ­խարհ, կազ­մելու համար սուրբ ըն­տա­նիք­ներ։ Ապա բեմ բարձրա­ցաւ խմբա­վար, երա­ժիշտ Ռո­բերտ Մլքէեանը եւ ղե­կավա­րեց «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի» երգչա­խումբը, որուն Կո­միտա­սի տա­րատե­սակ եր­գե­րու հմա­յիչ մեկ­նա­բանու­թիւնը յու­զումով հա­մակեց բո­լոր ներ­կա­ները: Նոյն դահ­լի­ճին մէջ ներ­կա­ները ճա­շեցին եւ օրուան առի­թով պատ­րաստուած կար­կանդա­կը համ­տե­սեցին: Աւար­տին իւ­րա­քան­չիւրը «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի երի­տասար­դա­կան կեդ­րոն»-ի բաց­ման այս օրը յատ­կանշող յու­շա­նուէր մը ստա­ցաւ:

Ակ­նարկ՝ «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի» պատ­մութեան

Անա­րատ Յղու­թեան Հայ Քոյ­րե­րու Միաբա­նու­թեան հիմ­քը կու գայ Կ. Պո­լսէն՝ 5 Յու­նիս 1847-էն, հիմ­նա­դիրն էր՝ Ան­տոն Պետ­րոս Թ. Հա­սու­նեանը, Հայ կա­թողի­կէ եկե­ղեց­ւոյ կա­թողի­կոսպատ­րիարքն էր ան եւ առա­ջին հայ կար­դի­նալը՝ Տիեզե­րական եկե­ղեց­ւոյ: 1840-ական թուական­նե­րուն Հայր Ան­տոն Մայր Սրբու­հի Հա­ճիԱն­տո­նեանի հետ կը ծրագ­րէ հիմ­նել «Հա­ւատա­ւոր Կոյ­սե­րու» միաբա­նու­թիւն մը, որուն հիմ­նա­կան նպա­տակն էր դաս­տիարա­կել հայ հա­մեստ դա­սակար­գի իգա­կան սե­ռի միտքն ու հո­գին քրիս­տո­նէական, մարդկա­յին ու ազ­գա­յին ար­ժէքնե­րով: 9 Դեկ­տեմբեր 1847-ին, Մայր Սրբու­հին չորս նուիրեալ քոյ­րե­րու հետ կուխտեն՝ հնա­զան­դութեամբ, ող­ջա­խոհու­թեամբ եւ խո­նարհ կեան­քով նուիրուիլ Աս­տուծոյ ծա­ռայու­թեան: Այսպէսով սկիզբ կառ­նէ «Աս­տուածա­մօր Տու­նը»՝ Անա­րատ Յղու­թեան Հայ Քոյ­րե­րու Միաբա­նու­թիւնը:

Սկզբնա­կան շրջա­նին, Մայր Տու­նը շատ հա­մեստ, փայ­տա­շէն տնակ մըն էր: Տա­րիներ ետք, հիմ­նա­դիր Հօր ջան­քե­րով կը կա­ռու­ցուին Մայր Տունն ու Նո­րըն­ծա­յարա­նը Բե­րայի Վա­լիտէ Չեշ­մէ փո­ղոցին վրայ: Յա­ջոր­դա­բար Պոլ­սոյ մէջ կը հիմ­նուին կրթա­կան օճախ­ներ՝ ման­կա­պար­տէզ, նա­խակրթա­րան, մին­չեւ բարձրա­գոյն վար­ժա­րան­ներ: Պո­լսէն ետք, առա­քելու­թեան դաշ­տը կը տա­րածուի Արեւմտեան Հա­յաս­տա­նի եւ Կի­լիկիոյ աւե­լի քան քսան քա­ղաք­նե­րու ու գիւ­ղե­րու մէջ: Այս գոր­ծունէու­թիւնը իր վե­րել­քը կը շա­րու­նա­կէ մին­չեւ 1915: Մեծ եղեռ­նի ար­հա­ւիր­քէնետք՝ 1923-ին, մայ­րա­վան­քը եւ նո­րըն­ծա­յարա­նը Պո­լսէն կը փո­խադ­րուին ապա­հով վայր՝ Հռոմ:

Լի­բանա­նի մէջ, 1923-ին, ար­դէն հի­մը կը դրուի Հռիփ­սի­մեանց Վար­ժա­րանին, այ­նուհե­տեւ՝ Սու­րիա, Եգիպ­տոս, Յոր­դա­նան, Իրաք, Իրան, Ֆրան­սա եւ այլ վայ­րեր: Հայ քոյ­րե­րը իրենց գաղ­թա­կան ժո­ղովուրդին հետ կը հաս­նին մին­չեւ Միացեալ Նա­հանգներ: 1965-ին, Փեն­սիլվա­նիա նա­հան­գին Ֆի­լատել­ֆիա քա­ղաքին մէջ կը հիմ­նեն առա­ջին հայ վար­ժա­րանը, որ­մէ ետք՝ 1980-ին եւ 1983-ին Պոս­թընի եւ Լոս Ան­ճըլըսի վար­ժա­րան­նե­րը:

1988 Դեկ­տեմբեր 7-ի ահա­ւոր երկրա­շար­ժը իս­կա­կան ահա­զանգ մը կըլ­լայ Հայ Քոյ­րե­րուն: Անոնք կը փու­թան Սպի­տակ եւ Գիւմրի, ամո­քելու ցա­ւատանջ մեր ժո­ղովուրդին ան­դարմա­նելի վիշ­տը:

1991-ին մեր հայ­րե­նիքի ան­կա­խու­թեամբ կիրա­կանա­նայ դա­րաւոր երա­զը Հայ Քոյ­րե­րուն:

1992-ին հիւ­սի­սային Հա­յաս­տա­նի Ախու­րեան շրջա­նի Արե­ւիկ գիւ­ղին մէջ,– Գիւմրիէն 20 քմ. հե­ռու,– հա­մեստ ու ցուրտ տուն մը կը դառ­նայ հայ քոյ­րե­րուն առա­ջին վան­քը, առա­քելա­վայ­րը՝ երեք կա­մաւոր քոյ­րե­րու: Արե­ւիկէն ետք, Գիւմրիի մէջ, ապա Տա­շիր գիւ­ղա­քաղա­քը, յա­րակից գիւ­ղե­րով, աւան­նե­րով, յե­տոյ Ջա­ւախ­քի տա­րած­քին Հեշ­տեան՝ իր տաս­նեակ գիւ­ղե­րով կը դառ­նան քոյ­րե­րուն հա­մար քրիս­տո­նէական դաս­տիարա­կու­թեան եւ մար­դա­սիրա­կան գոր­ծունէու­թուննե­րու կա­յան­ներ: Բա­րեսի­րական մեծ հաս­տա­տու­թիւններ, ի մաս­նա­ւորի Արեւմտեան Եւ­րո­պայի Հայ Կա­թողի­կէ Եկե­ղեց­ւոյ միու­թիւննե­րը զօ­րավիգ կը կանգնին քոյ­րե­րուն առա­քելու­թեան: Ներ­կա­յիս, Գիւմրիի մէջ, «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի»՝ Ռո­բերտ Պօ­ղոսեան եւ Որ­դի­ներ Հա­մալի­րը, իբ­րեւ կրթա­րան, ու­սումնա­րան, ըն­ծա­յարան եւ ըն­կե­րային ծա­ռայու­թեան վայր, ար­դէն իսկ կը գոր­ծէ եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր: Մե­ծաթիւ կա­րօտեալ, որբ երե­խաներ, աղ­ջիկներ դպրո­ցական ու հա­մալ­սա­րանա­կան ծրագ­րին առըն­թեր, կը ստա­նան առողջ սնունդ, կրօ­նական, մշա­կու­թա­յին ու գե­ղարուես­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն:

«Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի»-ի հիմ­նա­կան ու դաս­տիարակ­չա­կան գոր­ծունէու­թիւննե­րէն է, ամառ­նա­յին եռամ­սեայ ճամ­բա­րային ծրագ­րին իրա­կանա­ցու­մը: Ծաղ­կա­ձորի մէջ, ամէն տա­րի մին­չեւ 800 երկսեռ աղ­քատ երե­խաներ հո­գեպէս եւ ֆի­զիքա­պէս կը կազ­դուրուին: Ամէն տա­րի Հա­յաս­տա­նի շրջան մը նկա­տի կառ­նուի եւ կը հրա­ւիրուին այդ շրջա­նի երե­խանե­րը ճամ­բա­րին մաս­նակցե­լու հա­մար: Վեր­ջին տա­րինե­րուն զարկ տրուեցաւ Ար­ցա­խէն բռնի տե­ղահա­նուած ըն­տա­նիք­նե­րու զա­ւակ­նե­րուն ընդգրկման եւս:

1998-ին «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի» կրթա­համա­լիրի առա­ջին շէն­քին բա­ցու­մը կա­տարուած է շնոր­հիւ Պօ­ղոսեան հիմ­նադրա­մին: Նա­խապէս երկրա­շար­ժի որ­բե­րը ընդգրկած է, հո­գեւորն ու կար­գուկա­նոնը յա­ջողու­թեան հիմք ու­նե­նալով, յա­ռաջա­ցուցած է իր գոր­ծունէու­թիւնը որ­պէս ըն­տա­նիք: Տա­րինե­րու ըն­թացքին որ­բե­րը մեծ­ցած, ամուսնա­ցած են եւ քոյր Արու­սեակ կը հա­շուէ անոնց զա­ւակ­նե­րը, զա­նոնք թոռ­ներ կո­չելով:

2009-ին բա­ցուած է ար­հեստի դպրո­ցը, տա­րինե­րու երա­զը քոյր Արու­սեակին, տեղ մը, ուր կա­րելի ըլ­լայ ուսման մտա­յին կա­րողու­թիւններ չու­նե­ցող պա­տանի­ները տե­ղաւո­րել եւ անոնց հրամցնել այլ ու­ղի­ներ կեան­քի ըն­թացքը շա­րու­նա­կելու հա­մար. “Ար­հեստ մը տանք, որ­պէսզի սա երե­խանե­րը եր­թան, իրենց օրուան հա­ցը ճա­րեն եւ իրենց ըն­տա­նիքին տի­րու­թիւն ընեն”,– ըսած է քոյր Արու­սեակ առի­թով մը:

«Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի» Պօ­ղոսեան կրթա­համա­լիրի երգչա­խումբը

Այո՛, երգչա­խումբ մըն ալ ու­նի կրթա­համա­լիրը հիմ­նադրուած՝ 2005-ին Գիւմրիի մէջ մայր Արու­սեակ Սա­ճոնեանի եւ երա­ժիշտ Ռո­բերտ Մլքէեանի նա­խաձեռ­նութեամբ։ 2015-ին Հռո­մի Ս. Պետ­րոս տա­ճարին մէջ երգչա­խումբը մաս­նակցած է Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամեակին նուի­րուած Ս. պա­տարա­գին, 2016-ին՝ Գիւմրիի Վար­դա­նանց հրա­պարա­կին վրայ եւս հան­դէս եկած է Ս. պա­տարա­գի եր­գե­ցողու­թեամբ։ Խումբը հիւ­րա­խաղե­րով հան­դէս եկած է Ֆրան­սա­յի, Զուիցե­րիոյ, Իտա­լիոյ, Պել­ճիքայի եւ Լի­բանա­նի քա­ղաք­նե­րուն մէջ։

Այժմ Հա­յաս­տա­նի մէջ «Տի­րամայր Հա­յաս­տա­նի» քոյ­րե­րու միաբա­նու­թեան ան­դամնե­րուն թի­ւը կը հաս­նի 10-ի: Անոնք, քոյր Արու­սեակի ղե­կավա­րու­թեամբ, Հա­յաս­տա­նի տա­րբեր շրջան­նե­րուն մէջ կը շա­րու­նա­կեն մա­տու­ցել իրենց առա­քելու­թիւնը միշտ ծա­ռայե­լով նոյն նպա­տակին՝ զարկ տալ հո­գեւո­րին, ազ­գա­յինին եւ հայ­րե­նասի­րակա­նին նոր սե­րունդի դաս­տիարա­կու­թեան մէջ:

Ա. Բ.-Ղ.