ՄԱԿ-ի Թմրեցուցիչներու հարցերու յանձնաժողովի 68-րդ նստաշրջանի ընթացքին, Վիեննայի միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ, դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեան ընտրուած է ՄԱԿ-ի Թմրեցուցիչներու հարցերու յանձնաժողովի 69-րդ նստաշրջանի նախագահի պաշտօնին։
Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Աւստրիոյ մէջ ՀՀ դեսպանատունը։
Յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին Հայաստան պիտի նախագահէ հեղինակաւոր յանձնաժողովը, որ ՄԱԿ-ի համակարգին մէջ թմրեցուցիչներու հարցերու քաղաքականութեան մշակման եւ համաշխարհային վերահսկողութեան գլխաւոր մարմինն է։ Ան նաեւ ՄԱԿ-ի Թմրեցուցիչներու եւ յանցաւորութեան հարցերու գրասենեակի կառավարման մարմիններէն է։
Նախագահութեան ստանձնման առթիւ ունեցած իր ելոյթին մէջ, դեսպան Անդրանիկ Յովհաննիսեան երախտագիտութիւն յայտնած է անդամ պետութիւններու կողմէ Հայաստանին ցուցաբերուած վստահութեան համար եւ վերահաստատած է իր երկրին յանձնառութիւնը՝ ղեկավարելու Յանձնաժողովի աշխատանքը գործընկերութեան եւ համերաշխութեան սկզբունքներով՝ փոխադարձ յարգանքի եւ երկխօսութեան մթնոլորտի մէջ։
Դեսպան Յովհաննիսեան յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի նախագահութեան ընթացքին Յանձնաժողովը պիտի շարունակէ ամրապնդել միջազգային համագործակցութիւնը թմրեցուցիչներու դէմ պայքարի միջազգային համաձայնագրերու ծիրէն ներս պարտաւորութիւններու կատարման ուղղութեամբ, ինչպէս նաեւ պիտի խթանէ թմրեցուցիչներու համաշխարհային խնդրի լուծման ուղղուած համապարփակ եւ համարկուած մօտեցումներու զարգացումը։