Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ԱԳ նախարարները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Ազերպայճանի իր պաշտօնակից Ճեյհուն Պայրամովի հետ։ Լուրը հաղորդած է ՀՀ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։

Նախարարները միտքեր փոխանակած են երկու երկիրներու առաջնորդներու մակարդակով գոյացած համաձայնութիւններու գործադրման, ինչպէս նաեւ սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովի ստեղծման շուրջ: Անոնք որոշած են յառաջիկային հանդիպում ունենալ՝ նշեալ հարցերու քննարկման համար։

Կողմերը անդրադարձած են նաեւ մարդասիրական խնդիրներու լուծման եւ խաղաղ բանակցութիւններու նախապատրաստութեան առնչուող հարցերու: