Հայաստանի եւ Ազերպայճանի պատուիրակութիւնները փոխադարձաբար այցելած են երկու երկիրներու տարածքներ

Սեպտեմբեր 5-ին, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի փոխվարչապետեր՝ Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի գլխաւորած պատուիրակութիւնները հանդիպում ունեցած եւ փոխադարձաբար այցելած են երկու երկիրներու տարածքներ։

«Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ գոյացած համաձայնութիւններու լոյսին տակ՝ կողմերը քննարկած են սահմանագծի համապատասխան հատուածներուն մէջ սահմանի զատման, ականազերծման, ինչպէս նաեւ անհրաժեշտ ենթակառոյցներու վերականգնման ու կառուցման եւ անոնց իրականացման պայմանաժամին առնչուող հարցեր՝ հաղորդակցութիւններու ստեղծման բնագաւառին մէջ գործունէութիւնները համադրելու նպատակով»,– նշուած է Երեւանի եւ Պաքուի հրապարակած նոյն բովանդակութեամբ հաղորդագրութեան մէջ։

Սակայն, հոն յստակօրէն չէ ըսուած, թէ ո՞ւր գացած են հայ եւ ազերպայճանցի պաշտօնատարները, որո՞ւն հետ հանդիպած են եւ բացի փոխվարչապետերէն ովքե՞ր եղած են պատուիրակութիւններու կազմին մէջ։