Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Նիւ Եորքի մէջ

Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ՄԱԿի Ընդհանուր համաժողովի 80-րդնստաշրջանինմասնակցելուհամարՆիւԵորքգացածէ։

Համաժողովի շրջանակին մէջ, Սեպտեմբեր 23-ին, Միրզոյեան հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի իր պաշտօնակից ԺանՆոէլ Պառոյի հետ:

Զրուցակիցները քննարկած են ՀայաստանՖրանսա յարաբերութիւններու խորացման ուղղուած նախաձեռնութիւնները՝ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման տեսլականին ու արտայայտուած քաղաքական կամքին համահունչ:

Նախարարները անդրադարձ կատարած են ՀայաստանԵւրոպական Միութիւն, ինչպէս նաեւ բազմակողմ հարթակներու վրայ գործակցութեան հարցերու:

Անդրադառնալով տարածաշրջանային հարցերու՝ նախարար Միրզոյեանը նշած է, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ Ֆրանսայի շարունակական աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարական բարեփոխումներուն եւ տարածաշրջանային խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն: