Հայաստան կը դիմագրաւէ առցանց գրաւներու լուրջ տագնապ։ «Կուկըլ»ի տուեալները կը բացայայտեն մտահոգիչ պատկեր մը․ վերջին տասներկու ամիսներուն՝ ամենաշատ որոնուած հինգ բառերէն երեքը գրաւներ կազմակերպող հաստատութիւններու անուններն են։ Այս հակումը աւելի զօրաւոր է շրջաններուն մէջ (Արագածոտն, Լոռի, Շիրակ), ուր հետաքրքրութիւնը երեք անգամ կը գերազանցէ Երեւանի մէջ արձանագրուածը։
Խնդրին ծաւալը ահաւոր է․ 2022-ին աւելի քան 14 միլիառ տոլարի գրաւ կատարուած է Հայաստանի մէջ, որ կը կազմէ համազգային ներքին արդիւնքին (ՀՆԱ-PIB) 65 տոկոսէն աւելին։ Այս մոլութիւնը սարսափելի վնասներ կը պատճառէ հասարակութեան բոլոր շերտերուն, ներառեալ բանակը, ուր յաճախ կ՚արձանագրուին խաղային պարտքերու հետ կապուած դէպքեր։
Այս արհաւիրքին դիմաց, իշխանութիւնները կը բազմապատկեն սահմանափակիչ քայլերը։ Կառավարութիւնը կը նախատեսէ արգիլել խաղերը՝ պետական նպաստ ստացողներուն, սնանկացած անձերուն, մեծ սպառողական վարկեր (crédit de consommation) ունեցողներուն եւ մոլութեան համար բուժուողներուն։ Նոր ելեկտրոնային վերահսկողութեան համակարգ մը կը մշակուի՝ մոլութեան հաւանական նոր պարագաներու արագ բացայայտման համար։
Այս ծանր իրավիճակին մէջ պէտք է տեղաւորել նաեւ բախումը՝ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի եւ իշխանութեան «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութեան երեսփոխան Հայկ Սարգսեանի։ Ներքին հակամարտութիւնը կը վերաբերի Սարգսեանի առաջարկած օրէնքի նախագծին, որ նպատակ ունի բարձրացնելու գրաւներ կազմակերպող ընկերութիւններու վճարած հարկերը։
Մամուլին ղրկուած անանուն նամակի մը մէջ ըսուած է, թէ Կոտայքի մէջ տեղի ունեցած կուսակցութեան ժողովին՝ Սիմոնեան խիստ կերպով դէմ արտայայտուած է օրէնքի նախաձեռնութեան՝ իր «նիւթական շահագրգռութիւններ»-ուն, այլ խօսքով՝ առցանց գրաւներու Հայաստանի առաջատար «Վիվառօ» ընկերութեան հետ իր կապերուն պատճառաւ։ Հակամարտութիւնը հասած է մինչեւ վարչապետ Փաշինեանին։ Սիմոնեան պահանջած է պատժել Սարգսեանը՝ բարոյագիտական կանոնները խախտելուն համար եւ դադրեցնել օրինագիծին ընթացքը, բայց Փաշինեան որոշած է առաջ տանիլ ու քուէարկութեան դնել նախագիծը։
Այս բախումը նոր չէ․ երկու գործիչները արդէն այս հարցով վէճ ունեցած էին վեց տարի առաջ։ Ատկէ երկու տարի ետք՝ 2021-ին ալ Սիմոնեան յայտնուած էր ուրիշ գայթակղութեան մը մէջ, երբ հրապարակուած էին իր շքեղ արձակուրդներու լուսանկարները Յունաստան՝ «Վիվառօ»-ի հիմնադիր Վիգէն Բադալեանի հետ։
Ի վերջոյ, իշխանութեան կուսակցութիւնը ընդունած է միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը եւ Ապրիլին Սարգսեանի նկատմամբ բացուած է կարգապահական քննութիւն, որ յանգած է անոր կատարուած «խիստ զգուշացում»-ի։
Հակառակ Փաշինեանի հաւաստումներուն, թէ խաղաղութիւն կը տիրէ կուսակցութենէն ներս, թէ՝ «ՔՊ—ում արշալոյսները խաղաղ են», այս պատահարը ջուրի երես կը հանէ իշխանութեան ներքին լարուածութիւնները՝ մօտալուտ խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին։