21-րդ դարու անվտանգութիւնը կը պահանջէ բոլոր քաղաքացիներու՝ թէ՛ կիներու, թէ՛ տղամարդոց կարողութիւններուն համատեղումն ու փոխադարձ լրացումը։ Հետեւաբար, Հայաստանի համար կիներու ներգրաւումը անվտանգութեան համակարգին եւ մասնաւորապէս զինեալ ուժերուն մէջ լոկ խորհրդանշական քայլ չէ, այլ ռազմավարական անհրաժեշտութիւն։
Այս մասին յայտարարած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ «Արդիւնաւէտ պաշտպանութիւն եւ անվտանգութիւն. կիներու նշանակալի մասնակցութեան խթանումը Հայաստանի զինեալ ուժերուն մէջ եւ անկէ դուրս» բնաբանով միջազգային համաժողովի ընթացքին։
Կիներու դերը արդիական բանակին մէջ
Ըստ Գրիգորեանի՝ ժամանակակից անվտանգային կառոյցներուն անհրաժեշտ են բազմազան կարողութիւններ՝ մշակութային զգայնութիւն, լեզուական հմտութիւններ, համացանցային անվտանգութեան գիտելիքներ եւ հաղորդակցութեան ունակութիւններ։ Միջազգային ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ կիներու եւ տղամարդոց հաւասարակշռուած մասնակցութիւնը զինեալ ուժերուն մէջ կը բարձրացնէ այդ կառոյցներու արդիւնաւէտութիւնը։
Կառավարութեան քայլերը
Թէեւ կիները դեռ փոքրամասնութիւն են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, ՀՀ կառավարութիւնը կը ձեռնարկէ հետեւողական քայլերու։ Որպէս օրինակ՝ նշուած է կիներու կամաւոր վեցամսեայ ժամկէտային զինուորական ծառայութեան ներդրումը, որ 18-27 տարեկան կիներու կարելիութիւն կ՚ընձեռէ ստանալու զինուորական պատրաստութիւն եւ ծառայութեան աւարտին՝ դրամական պարգեւ։
Բացի ատկէ, ձեւաւորուած է կիներու գումարտակ, որ ամբողջութեամբ բաղկացած է կին զինուորներէ։ Անոնց համար ստեղծուած են առանձին պայմաններ եւ ենթակառոյցներ։ Հայ կին զինուորները կը մասնակցին նաեւ արտասահմանեան խաղաղապահ առաքելութիւններուն՝ նպաստելով համաշխարհային անվտանգութեան։
Կիներ ղեկավար պաշտօններու վրայ
Գրիգորեան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ կիները կը վարեն բարձր պաշտօններ անվտանգութեան եւ արդարադատութեան ոլորտներուն մէջ։ Ներքին գործոց նախարարը, Արդարադատութեան նախարարը, Արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան ղեկավարը եւ Գլխաւոր դատախազը կիներ են։ Այս օրինակները ոգեշնչող են երիտասարդ աղջիկներուն համար։
Միջազգային յանձնառութիւններ
Հայաստան մշակած է գործողութիւններու ազգային երրորդ ծրագիրը՝ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի 1325 բանաձեւի («Կիներ-խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն») 25-ամեակին ընդառաջ։ Սա կը վերահաստատէ կառավարութեան յանձնառութիւնը՝ բարձրացնելու կիներու դերը եւ պայքարելու բռնութեան դէմ։
Եզրափակելով՝ Արմէն Գրիգորեան նշած է, որ Հայաստանի անվտանգութեան տեսլականը համապարփակ է եւ կ՚ընդգրկէ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութիւն, ժողովրդավարական կայունութիւն եւ ընկերային ներառականութիւն։