Ժիրայր Լիպարիտեանի գնահատականը՝ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ Օգոստոս 8-ին  ստորագրուած փաստաթուղթերու կարեւորութեան

Գրեց՝ ԺԻՐԱՅՐ ԼԻՊԱՐԻՏԵԱՆ

Օգոստոս 8-ին, Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներու եւ ԱՄՆ-ու միջեւ առանձին ստորագրուած համաձայնագրերը բազմաթիւ կողմեր ունին։

Թերեւս դեռ կանուխ է այդ համաձայնագրերու նշանակութեան գնահատականը կատարելու համար։ Անոնցմէ ոմանք միայն ընդհանուր սկզբունքներ կը նշեն, իսկ ուրիշներ զուրկ են բաւարար մանրամասնութենէ՝ վերջնական դատողութիւն կատարելու համար։ Այդուհանդերձ, ստորեւ ներկայացուած են նախնական դիտարկումներ, որոնք կրնան օգտակար ըլլալ ընթերցողներուն՝ այդ համաձայնագրերու բովանդակութեան ու նշանակութեան գնահատական տալու համար։

Այս պահուն իմ նպատակս չէ մանրամասնօրէն վերլուծել փաստաթուղթերուն մէջ ներառուած բոլոր հարցերը։ Իմ դիտարկումներս պիտի կեդրոնանան անոնց նշանակութեան վրայ՝ Հայաստանի համար եւ թէ ի՛նչ տեղ կրնան ունենալ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ։

Բացի ատկէ, այս մեկնաբանութիւնը պիտի սահմանափակուի Հայաստանի համար այդ փաստաթուղթերու նշանակութեամբ, Ազերպայճանի համար անոնց բովանդակային մեկնութիւնը թողլով ուրիշներու։

Հուսկ, ընդունելով որ Հայաստանի Մեղրիի շրջանը՝ տարանցիկ ճանապարհի հանգոյցը, կրնայ ըլլալ աշխարհի ամենակարեւոր հողակտորներէն մէկը, ես այդ հարցի քննարկումը պիտի թողեմ հետագայ մեկնաբանութեան։ Բացի ատկէ, կան բազմաթիւ գործընկերներ, որոնք ինձմէ աւելի գիտակ են՝ կատարելու համար այդ արժեւորումը։

Ա. Մեթոտաբանութիւն

1.- Անկախ այն հանգամանքէն, թէ ո՞վ հովանաւորած է այս փաստաթուղթերու ստորագրումը, հիմնական փաստն այն է, որ Ազերպայճան եւ Հայաստան վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը համապատասխան սկզբունքներուն։ Այս երկու երկիրները անցեալին ալ յայտարարեցին նման սկզբունքներու հետեւելու պատրաստակամութեան մասին։ Հոս, տարբերութիւնը այն է, որ այս անգամ այս քաղաքականութեան անոնք հասան երկկողմ գործընթացներու միջոցով՝ որպէս արդիւնք խնդրոյ առարկայ երկիրներու ղեկավարութիւններուն իսկ տրամաբանութեամբ։

2.- Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած այս փաստաթուղթերու բովանդակութեան ամենակարեւոր եւ ուշագրաւ փաստերէն մէկն այն է, որ անոնց մեծ մասը համաձայնութեան արժանացաւ մինչեւ առաջնորդներու այցելութիւնը ամերիկեան մայրաքաղաք, եւ այդ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու միջոցով։ Թէեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախնական նախագծերու ընթացքին եւրոպացի եւ ամերիկացի դիւանագէտներ որոշակի ներդրում ունեցան, սակայն հետագայ նախագծերը եւ ուրիշ հարցեր մշակուեցան երկու երկիրներու միջեւ՝ տարբեր մակարդակներու վրայ՝ թէ՛ բաց, թէ՛ գաղտնի բանակցութիւններով։ Ոմանք կրնան պնդել, թէ այս երկկողմ բանակցութիւնները աւելի արդիւնաւէտ եղան, քան երկու տասնամեակէ աւելի տեւած միջազգային միջնորդուած ջանքերը։ 

Այս փաստաթուղթերը նշանակալի քայլ են ճիշդ ուղղութեամբ՝ թէ՛ բովանդակային, թէ՛ բանակցային գործելաոճի առումով։ Այդ կարեւորութեան աստիճանը գլխաւորաբար կախեալ է այն հանգամանքէն, թէ արդեօք Երեւան ու Պաքու պիտի շարունակե՞ն համատեղ աշխատանքը՝ զարգացնելու այն ինչ որ արդէն ձեռք բերուեցաւ․ ինչպէս որեւէ յարաբերութեան մէջ, միջպետական յարաբերութիւններն ալ կը պահանջեն ամէնօրեայ ուշադրութիւն, հոգատարութիւն եւ զգօնութիւն։

3.- Կարեւոր է չմեկուսացնել այս փոխկապակցուած եւ իրարմէ կախեալ փաստաթուղթերու որեւէ առանձին երեւոյթ՝ տալով անոր քաղաքական եւ/կամ գաղափարախօսական գնահատական, փոխարէն ռազմավարական եւ քննական վերլուծութեան։ Այս փաստաթուղթերը միայն կարեւոր հանգրուան մըն են հակամարտութեան մը, որ կը բնորոշուի երկու կարեւոր յատկութիւններով՝ փոփոխութեամբ եւ անակնկալներով։ Այս պահի նշանակութեան մասին բացարձակ վստահութիւնը միայն մեր աչքը կը մշուշապատէ հնարաւորութիւններու առջեւ, զորս ան կ՚ընձեռէ, եւ մարտահրաւէրներու առջեւ, զորս ան կը ստեղծէ։

4.- Ցանկալի պիտի ըլլար, որ փաստաթուղթերու ստորագրումը կատարուէր երկկողմ ձեւաչափով, այլ ոչ թէ մէկ հզօր պետութեան հովանիին ներքոյ, որ ատոր դիմաց իր գինը կը պահանջէ։ Ի հարկէ, ԱՄՆ-ը ոչ մէկ միջոց ունէր կողմերը ստիպելու Ուաշինկթըն գալու եւ ընդունելու Թրամփի վարչակազմի պահանջած զիջումները։ Ակնյայտ է, որ Հայաստան ու Ազերպայճան իրենց սեփական պատճառները ունէին ընդունելու ԱՄՆ-ու նախագահի հրաւէրը։

5.- Նկատի ունենալով երկկողմ բանակցութիւններու կեդրոնական դերը այս փաստաթուղթերու ստորագրման յանգումին մէջ, զարմանալի է, թէ ինչո՞ւ երկու երկիրները համաձայնեցան այդ պատիւը շնորհել երրորդ կողմի մը, եւ յա՛տկապէս՝ ԱՄՆ-ուն։ Կողմերը, անշուշտ, կը գիտակցէին, որ այդ քայլը կը նշանակէր Մոսկուայի որեւէ դերի ուղղակի մերժում։ Կարծէք թէ՛ Ազերպայճան, թէ՛ ալ Հայաստան մէկ կամ աւելի պատճառներ ունէին այդպէս վարուելու համար։ Հայաստանի համար սա յստակ պատասխան էր Ռուսաստանի երկկողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւններու դրժման՝ Արցախի եւ Հայաստանի նկատմամբ, սկսեալ 2020 թուականի պատերազմէն։ Իսկ Ազերպայճանի համար, ամենայն հաւանականութեամբ, գլխաւորաբար զոյգ պատճառներ կային միաժամանակ. Արեւմուտքի կողմէ նախագահ Ալիեւի ու անոր վարչակարգի ընդունման անհրաժեշտութիւնը եւ ԱՄՆ-ու աջակցութեան ապահովումը՝ իր ածխաջրածնային պաշարներու արդիւնահանման ոլորտին մէջ նոր ներդրումներու անհրաժեշտութեամբ պայմանաւորուած։

6.- Ուաշինկթընի վեհաժողովը, գոնէ այս փուլին, խաղաղութեան գործընթացը վերադարձուց միջազգային ասպարէզ՝ մէկ կարեւոր բացառութեամբ․ Եւրոպա, Ռուսաստան եւ ուրիշ շահագրգիռ կողմեր դուրս մնացին անկէ։ Սա ԱՄՆ-ու միակողմանի նախաձեռնութիւնն էր։ Ան կը տարբերէր նախորդ նմանատիպ գործընթացներէն, որոնց մէջ ներգրաւուած էին նաեւ ուրիշ երկիրներ, նոյնիսկ եթէ համաձայնագրերը առաջ կը մղուէին մէկ պետութեան կողմէ։

7.- Դժուար է գնահատել՝ սա պիտի դառնայ առաւելութի՞ւն, թէ՞ խոչընդոտ ապագայ քայլերու համար։ ԱՄՆ-ու կողմէ Պոսնիական հակամարտութեան պարագային պարտադրուած Տէյթընի համաձայնագրերը կը յուշեն, որ մէկ երկրի ճնշումը աւելի արդիւնաւէտ կրնայ ըլլալ, քան բազմակողմ միջնորդութիւնը։ Սակայն նշեալ պարագային՝ ԱՄՆ-ը պատրաստ էր եւ պատրաստակամ՝ օգտագործելու ՕԹԱՆ-ի ուժը՝ ստիպելու կողմերը համաձայնութեան հասնելու։ Հայ-ազերպայճանական հակամարտութեան պարագային նման ուժ չկիրարկուեցաւ։

Միջնորդները կրնան օգտակար ըլլալ, բայց անոնք յաճախ անզօր են կամ ալ չեն ուզեր լուրջ ճնշում բանեցնեել, իսկ եթէ անոնք մեծ տէրութիւններ են, ապա միշտ իրենց միջնորդական կարգավիճակը կ՚օգտագործեն՝ իրենց մրցակիցներուն կամ հակառակորդներուն նկատմամբ ռազմավարութիւններու մէջ, ինչպէս նաեւ կը փորձեն որեւէ բան շահիլ գործարքէն՝ դիւրացնելու փոխարէն բարդացնելով հետագայ քայլերը։

8.- Դէպի Օգոստոս 8 առաջնորդող գործընթացը դիւրացաւ, առնուազն՝ կարելի դարձաւ,– ինչպէս նշեց ֆրանսահայ վերլուծաբան Կայծ Մինասեան,– շնորհիւ երկու կարեւոր մայրաքաղաքներու․ Անգարա օգտակար հանդիսացաւ վերջին ամիսներուն Պաքուն զսպելու հարցին մէջ, իսկ Փարիզը դիւանագիտական աջակցութիւն տրամադրեց Հայաստանին՝ վճռորոշ պահուն։

Իրականութեան մէջ, արդէն, դրացի եւ մեծ տէրութիւններու դերը պէտք է ըլլայ նման աջակցութեան ցուցաբերումը։

9.- Այս համաձայնագրերը կը շրջանցեն բազմաթիւ կարեւոր հարցեր․ օրինակ՝ Պաքուի մէջ գտնուող հայ գերիներու ճակատագիրը, հայկական մշակութային յուշարձաններու ոչնչացումը։ Յուսանք՝ կարելի պիտի ըլլայ զանոնք քննարկել աւելի ուշ, երբ այս համաձայնագրերը նպաստեն ատելութեան, կասկածներու եւ վախերու նուազման, ինչպէս նաեւ՝ վստահութեան եւ յարգանքի յաւելման։

Բ. Հայաստանի շահերը

Փաստաթուղթերու ամբողջականութիւնը գնահատելու միջոցներէն մէկը այն է, թէ որքանո՛վ անոնց բովանդակութիւնը կ՚արձագանգէ Հայաստանի առջեւ ծառացած ամենակարեւոր մարտահրաւէրներուն։

10․- Կը կարծեմ՝ կարելի է ըսել, որ այս փաստաթուղթերը կ՚ամրապնդեն Հայաստանի ինքնիշխանութեան պահպանումը եւ անոր հողային ամբողջականութեան ապահովումը։ Ազերպայճան վերահաստատեց իր յանձնառութիւնը՝ յարգելու Հայաստանի ինքնիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը։ Հիմա Ազերպայճան պարտաւորուեցաւ ճանչնալ Հայաստանի հողային ամբողջականութեան սկզբունքը՝ 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։ Նպատակ մը, որուն Երեւան շատոնց կը ձգտէր, բայց որուն Պաքու կ՚ընդդիմանար։

11․- Փաստաթուղթերը նաեւ կը նուազեցնեն Ազերպայճանի կողմէ ռազմական գործողութեան սպառնալիքը Հայաստանի հարաւային շրջանին մէջ, որուն նպատակը պիտի ըլլար միջանցք ապահովելը Մեղրիի տարածքով՝ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ։ Այդ սպառնալիքը երկար ժամանակէ ի վեր կախուած կը մնար Հայաստանի գլխուն վրայ՝ յառաջացնելով մտահոգութիւն եւ անորոշութիւն բնակչութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հաւանական ներդրողներու շրջանակին։ Հայաստանի հետ մնացեալ տարակարծութիւնները կարգաւորելու համար՝ ուժի կիրարկումը բացառելու Պաքուի համաձայնութիւնը, տուեալ իրավիճակին մէջ կարելի չէ անտեսել։

12․- Այս համաձայնագրերու արժէքը գնահատելու ատեն պէտք է նկատի ունենալ, թէ ի՛նչ այլընտրանքներ ունի Հայաստան․ անոնք այնքան ալ շատ չեն։ Նոյնիսկ երբ Հայաստան յաղթանակ կը տանէր Ղարաբաղեան առաջին պատերազմին, ընտրութիւնը «լաւ»-ի եւ «գէշ»-ի միջեւ չէր, այլ «գէշ»-ի եւ «աւելի գէշ»-ի։

13․- Հայաստանի ժողովուրդն ու անոնք, որոնք մտահոգ են Հայաստանի ապագայով, լաւ առիթ ունին քիչ մը հանգիստ շունչ քաշելու, քանի որ այս փաստաթուղթերը կը հեռացնեն ու կը նուազեցնեն անվտանգութեան հիմնական սպառնալիքը։ Մեր ժողովուրդը եւս իրաւունք ունի ունենալու աւելի խոստմնալից ապագայ՝ ընդհանուր առմամբ աւելի քիչ անորոշութեամբ եւ իրենց որդիներու ճակատագրին նկատմամբ նուազ մտահոգութեամբ։ Խաղաղ ապագայի յոյսը անհրաժեշտ պայման է հասարակութեան եւ պետութեան միջեւ արդիւնաւէտ ու դրական յարաբերութիւններու, ինչպէս նաեւ ժողովրդավարութեան ու ընկերային ներդաշնակութեան համար։

14․- Այս փաստաթուղթերու ստորագրումը նաեւ փորձութիւն է Հայաստանի ընդդիմութեան համար։ Այդ ընդդիմութեան մեծ մասը կը պնդէր, որ Հայաստան կ՚ուղղուի դէպի նոր պատերազմ եւ ինքնաոչնչացում, եւ որ Փաշինեանի կառավարութեան քաղաքականութիւնը անխուսափելիօրէն պիտի յանգեցնէ այդ հետեւանքներուն։ Ընդդիմադիրներու սովորական գործելակերպը՝ իրենց քաղաքականութիւնն ու քայլերը մեկնաբանելու եղանակը՝ պատճառներ ու պատճառաբանութիւններ գտնելն է,– որոշ պարագաներու՝ արդար, բայց յաճախ սխալ մղումներէ ծայր առած,– արդարացնելու համար իրենց անվերապահ ու բացարձակ հակառակութիւնը Փաշինեանի կառավարութեան։ Այդ, թերեւս, բնական պիտի ըլլար սովորական պայմաններու մէջ, ինչ որ սակայն պարագան չէ այսօրուան Հայաստանի։ Տեսնենք՝ արդեօք այս ուժերը պիտի կարենա՞ն գնահատել հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու բռնած դրական ուղղութիւնը, Փաշինեանը իշխանութենէ հեռացնելու մտասեւեռ նպատակին փոխարէն։

Անկարելի է մտահոգութիւն յայտնել Հայաստանի հողային ամբողջականութեան եւ ապահովութեան նկատմամբ եւ միաժամանակ չգնահատել խաղաղութեան համաձայնագրի նախաստորագրման ու Հայաստանի հետ մնացած տարակարծութիւնները կարգաւորելու համար՝ հետագային ուժի կիրարկումը բացառելու Ազերպայճանի յանձնառութեան դրական կողմերը։

Ո՛չ մէկ փաստաթուղթ կամ փաստաթուղթերու ծրար չի տար ապահովութեան ու խաղաղութեան անխախտ երաշխիք։ Ներկայ պարագային ալ կարելի չէ պնդել, որ այս փաստաթուղթերը նման երաշխիք կու տան։ Սակայն անոնք, որոնք չեն կրնար գնահատել այդ ուղղութեամբ առնուած դրական քայլերը, անկասկած, կը նպաստեն իրենց նախանշած կանխատեսումներու իրականացման։

15․- Անկասկած, այս համաձայնութիւնը կ՚ամրապնդէ ռազմավարական դիրքը Հայաստանի, որ դուրս կը մնար Հարաւային Կովկասի մէջ միջազգային նշանակութեան տարանցիկ ուղիներէն։

Գ. Չորս հիմնական հարցեր

Ինչ կը վերաբերի Պաքուի բարձրացուցած՝ խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման համար խոչընդոտ հանդիսացող երկու հարցերուն,– որոնք չեն յիշատակուած ուաշինկթընեան փաստաթուղթին մէջ,– եւ աւելիին․

16․- Նախ՝ Ազերպայճանի քաղաքացիներու եւ բեռներու համար Ազերպայճանէն դէպի Նախիջեւան՝ Մեղրիէն տարանցիկ ճամբու դժուար հարցը․ ընդունուեցաւ նոր բանաձեւ՝ վարձակալութիւն ամերիկեան կառոյցի մը, որ պիտի գործէ ինքնիշխան Հայաստանի հողային իրաւունքներու եւ վերահսկողութեան ներքոյ։ Այս համաձայնութեան առնչութեամբ՝ տարածաշրջանային եւ ուրիշ տէրութիւններու ռազմավարական շահերուն մասին պիտի անդրադառնամ քիչ վարը։

Հիմնական կէտը հոս այն է, որ համաձայնութիւնը չունի որեւէ յստակութիւն․ այս պահուն դժուար է իմանալ, թէ ինչպէ՞ս կեանքի պիտի կոչուին ընդհանուր սկզբունքները։ Այդ կախեալ պիտի ըլլայ այն օրէնսդրութենէն, որ Հայաստանի Ազգային ժողովը պիտի ընդունի այս հարցին առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններէն, որոնք պիտի սկսին Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ու միջեւ՝ Ազերպայճանի եւ, կարելի է, նաեւ Թուրքիոյ որոշ ներգրաւմամբ, ինչպէս նաեւ Ռուսաստանի ու Իրանի գործակցութեամբ կամ անոնց բացակայութեամբ։

Կարեւոր է,– ինչպէս նշեց Կայծ Մինասեան,– որ բնագրին մէջ այլեւս հարաւային երթեւեկութեան խնդիրը չի բնորոշուիր որպէս «միջանցք», որ պատճառեր էր աւելորդ վախեր եւ մտահոգութիւններ։

17․- Երկրորդ խնդիրը Ազերպայճանի յամառ պահանջն է, որ Հայաստան փոխէ իր Սահմանադրութիւնը՝ բացառելու անոր մէջ որեւէ տարր, որ Պաքուի կողմէ կրնայ մեկնաբանուիլ եւ մեկնաբանուեցաւ որպէս Հայաստանի հողային պահանջ Ազերպայճանէն։

Այս պարագային մենք գիտենք, որ Օգոստոս 8-ին ընդունուած փաստաթուղթերէն որեւէ մէկը յղում չ՚ըներ այս խնդրին։ Ատով հանդերձ, Օգոստոս 8-ին նախագահ Ալիեւ եւ անոր խորհրդականներէն մէկը՝ Էլչին Ամիրպայով կրկին յայտարարեցին նման փոփոխութեան վերաբերեալ Պաքուի պահանջին մասին՝ որպէս խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման եւ Հայաստանի հետ հետագայ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախապայման։

Ինծի համար պարզ չէ, թէ այս հարցը,– որ Հայաստանի համար դիւրաւ լուծելի չէ,– որքանո՛վ իրական մտահոգութիւն է Պաքուի համար, եւ որքանո՛վ ան միջոց է յետաձգելու ստորագրումը՝ Պաքուի վերապահելու համար ապագային նոր պահանջներ ներկայացնելու կարելիութիւն։ Պաքու կը պահանջէ ջնջումը այն բոլոր սահմանադրական դրոյթները, որոնք ըստ իրեն՝ ապագային թոյլ կրնան տալ ոեւէ հայ առաջնորդի հանդէս գալ Ազերպայճանի նկատմամբ հողային պահանջատիրական քաղաքականութեամբ։ Թերեւս Պաքուի մտահոգութիւնը անկեղծ է։ Բայց այդ մէկը չի կրնար նկատուիլ ճշմարիտ խորքային խնդիր։ Քանի որ, մինչ Փաշինեան չի կրնար դիւրաւ փոխել Սահմանադրութիւնը, որքան Ալիեւ կը փոխէ Ազերպայճանի Սահմանադրութիւնը, ապագային Հայաստանի որեւէ նոր առաջնորդ ալ, որ համաձայն չէ Փաշինեանի քաղաքականութեան հետ, նոյնպէս կրնայ փոխել այդ փոխուած Սահմանադրութիւնը։

Այն, ինչ որ պիտի կայունացնէ խաղաղութիւնը Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ, վստահութեան ամրապնդումն է երկու երկիրներու միջեւ, բնականոն յարաբերութիւններու զարգացումը, որոնք պիտի նպաստեն երկու երկիրներու ժողովուրդներուն ալ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի դէմ՝ Ազերպայճանի յարձակողական հռետորաբանութեան ու գործողութիւններու դադրեցման։ Այդ հռետորաբանութիւնն ու գործողութիւնները միայն կ՚ուժեղացնեն հայկական ընդդիմութեան փաստարկները, թէ Ազերպայճան խաղաղութիւն չ՚ուզեր, թէ Ազերպայճան վստահելի չէ, եւ մինչ Հայաստան կը համաձայնի Պաքուի պայմաններուն, Պաքու նոր պահանջներ կ՚առաջադրէ։

Անկարելի է իրապէս մտահոգուիլ Հայաստանի ապագայ ղեկավարներու նկատմամբ, որոնք կրնան իշխանութեան հասնիլ՝ օգտագործելով Փաշինեանի դէմ ազերպայճանական վարքագիծը, եւ միաժամանակ այդպիսի վարքագիծով սնուցել այդ ընդդիմութիւնը։

18․- Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուեցաւ համաձայնութիւն, որ Հայաստան եւ Ազերպայճան պիտի դիմեն ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի լուծարման համար՝ ԱՄՆ-ու աջակցութեամբ։ Սա պարզապէս իրաւական դրոյթ էր․ Մինսքի խումբը գործնականին մէջ դադրած էր գոյութիւն ունենալէ 2020 թուականի պատերազմէն ի վեր եւ երկար ատեն է մնացեր էր կիսամեռ վիճակին մէջ։

19․- Հակառակ անոր որ կը թուի, թէ Ազերպայճան տակաւին լիովին յանձնռու չ՚ըլլար խաղաղութեան պայմանագրի դրոյթները, սակայն կը յուսանք որ Պաքու պիտի դադրեցնէ «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի մասին հռետորաբանութիւնը, որ ակնյայտօրէն, կը ներառէ Հայաստանը։ Այս քայլը գուցէ բաւարար չըլլայ Հայաստանի մէջ այս հարցին շուրջ առկայ մտահոգութիւնները մեղմելու համար, բայց կրնայ լաւ սկիզբ մը հանդիսանալ։

Դ. Միջազգային ծաւալը

20․- Վերլուծաբաններու շրջանակին մէջ կայ այս համաձայնագրերու նշանակութիւնը՝ աշխարհաքաղաքական բաժանման այս կամ այն կողմին համար անոնց արժէքով չափելու միտում։ Ընդհանուր ընկալումը այն է, որ ԱՄՆ-ը կամ Արեւմուտքը շահեցաւ, իսկ Ռուսաստան՝ պարտուեցաւ։ Աւելի՛ն, ոմանք կը պնդեն, որ Ռուսաստան այս պարտութիւնը պարզապէս պիտի չ՚ընդունի․ «նայեցէ՛ք Վրաստանին եւ Ուքրաինային»,– կ՚ըսեն անոնք,– «Հայաստան ու Ազերպայճան մեծ վտանգ աչքի կ՚առնեն»։

Անշուշտ, սա լուրջ փաստարկ է։ Բայց այդ փաստարկը երկու խնդիր կը յառաջացնէ։ Առաջինը. ան հարցականի տակ չի դներ Ռուսաստանի կոպիտ վարքագիծը, որ դրացի երկիրներու մէջ Մոսկուայի ունեցած շահերու շրջանակէն անդին կ՚երթայ․ այսինքն՝ այն գինը, որ ստիպուած են վճարել այդ տարածքներու ժողովուրդները՝ որդեգրելով Ռուսաստանի վրէժխնդրութեան սպառնալիքին վրայ հիմնուած քաղաքականութեան պատճառով։

Երկրորդը. Ռուսաստանի վարքագիծը ինքնապաշտպանութենէն անդին կ՚երթայ․ այդ մէկը նաեւ կայսերական մտածելակերպի մէկ մասն է, որուն մասին ես խօսած եմ ուրիշ առիթներով։ Կայսրութիւնները կը փլուզուին, բայց կայսերական մտածելակերպը կը մնայ։ Որքա՜ն արագ կը մոռնանք, որ այդ նոյն ժողովուրդներն իսկ էին, որոնք խորտակեցին սովետա-ռուսական կայսրութիւնը։

Եթէ սովետական/ռուսական կայսրութիւններու եւ յետկայսերական մտածելակերպի արձագանգը արտաքին սպառնալիքներով սահմանափակուէր դրացիներու կողմէ սահմանուած որոշ արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան որդեգրմամբ, ապա հասկանալի պիտի ըլլար այն սպասումը, որ դրացիները պէտք է պատասխանատու գործեն եւ գործիք չդառնան Ռուսաստանի հակառակորդներու կամ թշնամիներու ձեռքին մէջ։ Բայց ինչպէս պատմութիւնը ցոյց տուաւ, Ռուսաստանէն կարելի է սպասել բիրտ ուժով վրէժխնդրութիւն այն ամէնուն հանդէպ, զոր ինք կը համարէ իր «յետնաբակը» կամ «փորոտիքը», նոյն պատմութիւնը ցոյց տուաւ նաեւ, որ Ռուսաստան կը պահանջէ, որ այդ երկիրները ղեկավարուին Մոսկուայի ընտրած առաջնորդներու կողմէ՝ այն նախատիպով, որ Մոսկուա ստեղծած է իրեն համար, կամ ալ ենթարկուին բացայայտ բռնագրաւման եւ բռնակցման։ Այդպէս վարուեցաւ Սովետական Միութիւնը, մինչդեռ ցարական Ռուսաստանը ուղղակի գրաւեր էր այդ հողերը։ Կայսրութիւնը որպէս բնական երեւոյթ ընկալելը՝ ինչպէս ալ կոչուի ան, չի համարուիր ռազմավարական հակամարտութիւններու խնդրի լուծում․ ընդհակառակն՝ կայսրութիւնները իրե՛նք կը դառնան նման հակամարտութիւններու պատճառ։

Ես լրջօրէն կը կասկածիմ, որ անընդհատ ուքրաինացի երեխաներ առեւանգելու, քաղաքացիական թիրախներ ոչնչացնելու, քաղաքացիական բնակչութիւնը թիրախաւորելու, ինչպէս նաեւ դրացիներու տարածքներ ուղղակի բռնակցելու Մոսկուայի քաղաքականութիւնը կրնայ բացատրուիլ միայն ՕԹԱՆ-ի ընդլայնման պատճառաբանութեամբ։ Բացատրութիւնը պէտք է փնտռել նաեւ կայսերական տեսլականին մէջ, որ կ՚երթայ  ռազմավարական պաշտպանութեան սահմաններէն անդին։

21․- Կայսրութիւնները կը փլուզուին եւ կը նահանջեն։ Ներկայիս Մոսկուա այնպիսի դիրքի մը մէջ չէ, որ բռնագրաւէ Ազերպայճանն ու Հայաստանը։ Մոսկուա տարածաշրջանին մէջ գերակայեց՝ մէկ ժողովուրդը միւսին դէմ հանելով եւ իրեն կողմնակից բարձրախաւերը իշխանութեան բերելով։ Այսինքն՝ օգտագործելով երկրի ներքաղաքական հակասութիւնները։ Սա չի նշանակեր, թէ ներքին ընդդիմադիր ուժերու դժգոհութիւնները արդար չեն․ այլ պարզապէս ցոյց կու տայ, որ յաճախ արդար դժգոհութիւնները կ՚իւրացուին եւ ապա կ՚օգտագործուին մեծ դերակատարներու խաղերուն մէջ։

Կասկածելի է, որ Ազերպայճանի մէջ շատ ռուսամէտ տարրեր մնացած ըլլան, ի տարբերութիւն Հայաստանի, ուր մեծ թիւ կը կազմեն անոնք եւ կը խրախուսուին դիմելու բռնութեան՝ երկրին մէջ իշխանափոխութեան յանգելու համար։ Հոս է, որ ներքին եւ միջազգային քաղաքականութիւնը կը համապատասխանեն․ եւ այսպէս հարկ է ըմբռնել Փաշինեանի կառավարութեան դէմ՝ օլիգարխներու, նախկին ղեկավարներու, Եկեղեցւոյ դրսեւորած ընդդիմութեան մեծ մասը։

Անոնք իրենց վերլուծութիւններուն մէջ կայսրութիւններուն կը վերագրեն մշտականութիւն եւ յետկայսերական վարքագիծը կը համարեն անքննարկելի ու կ՚անտեսեն նոյնիսկ նորագոյն պատմութիւնը։

22․- Ռուսաստան Հայաստանը համարեց անքննարկելիօրէն իրեն պատկանող պետութիւն եւ դրժեց իր պարտաւորութիւնները, զորս ստանձներ էր Հայաստանի հետ երկկողմ եւ բազմակողմ պայմանագրերով։ Մոսկուա ոչ ալ որեւէ նշան ցոյց տուաւ, որ ապագային այլ կերպով պիտի վարուի։ Ատով հանդերձ, Մոսկուա դեռ կ՚ակնկալէ, որ իր հետ պիտի վերաբերին որպէս Հայաստանի փրկիչ։

Սա չի նշանակեր, թէ ես համաձայն եմ Հայաստանի կառավարութեան՝ արտաքին եւ ապահովութեան քաղաքականութեան բոլոր դրսեւորումներուն կամ ձեւակերպումներուն հետ․ բայց ես կը գնահատեմ կառավարութեան հիմնական սկզբունքը՝ երկրի ապահովութիւնը փնտռել հակամարտութեան աղբիւրներու եւ տարածքային սպառնալիքներու նուազման մէջ՝ աշխատելով դրացիներու հետ, միեւնոյն ժամանակ բոլոր միւս արժէքներէն վեր դասելով ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնն ու խաղաղութիւնը։

23․- Կայսրութիւնները կը փլուզուին եւ կը նահանջեն․ եւ ոչ միայն ռուսականը։ Ամերիկեան կայսրութիւնն ալ կը նահանջէ ՝ ի հեճուկս Ուաշինկթընի ջղաձիգ, անդրադարձային (ռեֆլեքսիւ) գործողութիւններուն։ Անոր ամենակարեւոր ապացոյցը պէտք է փնտռել ոչ թէ ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ, այլ Ուաշինկթընի ղեկավարութեան որակին կամ աւելի ճիշդ՝ որակի բացակայութեան, քաղաքական խօսոյթի մակարդակին ու անտանելի պարտքներու մէջ, որոնցմով կը պահպանուի պետութիւնը եւ կը դիմագրաւուոին անոր ռազմական ծախսերը։ Ասոնք կայսրութիւն կամ յետկայսերական քաղաքականութիւն պահպանող երեւոյթներ չեն․ այլ պատմականօրէն կայսրութիւններու անկման ախտանիշ են։

Կարելի է նաեւ հայեացք մը նետել Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք ըստ ԱՄՆ-ու պատկերացման հաստատուած համաշխարհային կարգին պարզած աւելի տխուր պատկերին․ ՄԱԿ-ը եւ անոր առընթեր գործող հիմնարկները, ՕԹԱՆ-ը՝ միայն մի քանին են անոնցմէ։ Ներկայիս, այս կառոյցներէն ոչ մէկը կը գործէ արդիւնաւէտ կամ ներդաշնակ՝ գլխաւորաբար ԱՄՆ-ու քաղաքականութիւններուն պատճառով։

24․- ԱՄՆ հանդէս կու գայ որպէս Օգոստոս 8-ի համաձայնագրերու երաշխաւոր, սակայն ստորագրուած փաստաթուղթերուն մէջ այդ մասին ոչինչ ըսուած է։ Նոյնիսկ եթէ նման դրոյթ ըլլար, դժուար է պատկերացնել, որ ԱՄՆ ուժ պիտի գործադրէ՝ ստիպելու համար Հայաստանը կամ Ազերպայճանը՝ հետեւելու այդ համաձայնագրերուն, եթէ կողմերը խնդիրներու առջեւ կանգնին համաձայնութեան արժանացած դրոյթներու վրայ աշխատելու ընթացքին։ Եթէ ԱՄՆ չօգտագործէ իր բոլոր միջոցները խաղաղ գործընթացը վերջնականացնելու համար, ապա որեւէ ենթադրեալ երաշխիք պիտի մնայ խորհրդանշական․ լաւագոյն պարագային՝ ստորագրողներու եւ ենթադրեալ երաշխաւորի պատուոյ հարց պիտի ըլլայ։

Նոյնիսկ լաւագոյն պայմաններու մէջ, ԱՄՆ-ու երաշխիքները կը մնան անկայուն ՝ յատկապէս հաշուի առնելով Ուաշինկթընի ներկայ վարչակազմի բնաւորութիւնն ու գործելաոճը։ ԱՄՆ-ու քաղաքականութեան չափազանց անհատականացուած բնոյթը՝ ներկայ վարչակազմի օրերուն, հակում ունի ամրապնդելու անորոշութեան եւ անկանխատեսելիութեան այն զգացումը, որ կը տիրէ ԱՄՆ-ու մէջ եւ, ըստ էութեան, ամբողջ աշխարհին մէջ։ Այդ զգացումը կը խորանայ, երբ նկատի առնուի, որ ԱՄՆ փաստացի կենսական շահեր չունի Հարաւային Կովկասի մէջ․ լաւագոյն պարագային՝ ԱՄՆ-ու շահերը տարածաշրջանին մէջ ծայրամասային են։ Անոնք կ՚առնչուին Ռուսաստանին, Թուրքիոյ, Իրանին, Կասպից ծովուն եւ այլն։

Ներկայ պայմաններու մէջ ԱՄՆ կրնայ Հայաստանը վերածել «խաղաթուղթ»-ի։

25․- ԱՄՆ կրնար զգալի զիջումներ կորզել Պաքուէն՝ նախագահ Ալիեւը Սպիտակ տուն ընդունելու եւ այդ երկրին մէջ նոր ներդրումներու համար աջակցութիւն ցուցաբերելու դիմաց՝ թէ՛ Ազերպայճանի ներքին քաղաքական հարցերու մէջ, թէ՛ ալ Հայաստանի հետ կապուած խնդիրներու, ինչպէս օրինակ՝ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախապայմանը, Պաքուի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու հարցը։

Սակայն իմ տպաւորութիւնս այն է, որ Ուաշինկթընի մէջ կայացած վեհաժողովը մանրակրկիտ չէր պատրաստուած փորձագէտներու կողմէ, որոնք պէտք է անհրաժեշտ չափով ծանօթ ըլլային խնդիրներուն։ Ամերիկացի դիւանագէտները, որոնք լաւատեղեակ էին այս հարցերուն, հեռացուեցան Արտաքին նախարարութենէն։ Թերեւս ներկայ բանակցողները կատարեցին իրենց աշխատանքը եւ որոշեցին չճնշել Ազերպայճանի նախագահը՝ ուրիշ նպատակներ ունենալով։ Ատով հանդերձ, դժուար է խուսափիլ այն զգացումէն, որ Ուաշինկթըն վեհաժողովը դիտարկեց որպէս իր նախագահին անունը հնչեցնելու կարելիութիւն։

26․- Ռուսաստան եւ Իրան լուրջ առարկութիւններ յայտնեցին այս ամբողջ գործընթացին վերաբերեալ, եւ այդ հասկանալի է։ Հայաստանի կառավարութիւնը կը բախի դժուարութիւններու։ Անհրաժեշտ է, որ Երեւան աշխատի անոնց հետ՝ անոնց մտահոգութիւնները փարատելու համար։ Սակայն հարկ է տարբերակել այս երկու կարեւոր դրացիներու մտահոգութիւններու օրինական կողմերը՝ Հայաստանի շահերը իրենց շահերուն հետ հաւասարեցնելու անոնց միտումէն։

Ինքնիշխանութիւն կը նշանակէ սեփական շահերու հիմքի վրայ սեփական որոշումներ կայացնել։ Հայաստանի ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը,– որուն մասին յայտարարեցին բոլոր երկիրները, ներառեալ՝ Իրանն ու Ռուսաստանը,– կը նշանակէ, որ Հայաստան կը սպասարկէ իր սեփական նպատակներուն եւ ո՛չ ուրիշներու շահերուն։ Նկատի ունենալ դրացիներու օրինական շահերը՝ չի նշանակեր մշակել եւ վարել քաղաքականութիւն՝ հիմնուելով ուրիշներու շահերուն վրայ։ Երեւակայական դիւանագիտութիւնը կրնայ լուծումներ գտնել երկու երկիրներու շահերու միջեւ՝ որեւէ հակամարտութեան պարագային՝ ենթադրելով, որ դրացիները պատրաստ են յարգելու այն լուծումները, զորս գտնուեցան Հայաստանի ընտրուած ղեկավարներուն կողմէ, իսկ Հայաստանի ընտրուած ղեկավարները պէտք է խոհեմ վարուին իրենց քաղաքականութեան մէջ։

Կարելի է, որ որեւէ դրացի երկիր ուժ կիրարկէ՝ խոչընդոտելու համար Հայաստանը իր շահերը հետապնդելու հարցին մէջ։ Եւ նոյնպէս կարելի է, որ Հայաստան ի վիճակի չըլլայ դիմադրելու։ Բայց այդ պարագային՝ մենք պէտք է ընդունինք, որ արդէն այդպիսի սպառնալիքի առջեւ կանգնած ենք։ Ապա մենք պէտք է նուազեցնենք մեր սպասումները անոնցմէ՝ որպէս բարեկամ երկիր կամ դաշնակից։ Ռուսաստան ապացուցեց իր անվստահելի ըլլալը՝ մինչ Հայաստանի միակ պաշտօնական դաշնակիցն էր։

Ռուսաստան ապացուցեց իր անվստահելի ըլլալը նա՛եւ Ազերպայճանի համար․ վերջին օրերուն ան հարուածներ հասցուց SOCAR նաւթային խարիսխին եւ ոչնչացուց անոր պահեստները Օտեսայի շրջանին մէջ։

Իրան գործակցեցաւ Ազերպայճանի հետ՝ մեկնելով իր սեփական շահերէն Ղարաբաղ/Ազերպայճան-Հայաստան հարցերուն մէջ։ Բոլորովին վերջերս Իրան աջակցեցաւ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան իսթանպուլեան հակահայկական ծիծաղելի բանաձեւին։ Նոյնիսկ խորհրդանշական առումով, Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնեաները յայտնուեցան Շուշիի եւ Ստեփանակերտի մէջ՝ անտեսելով հայ ժողովուրդի յոյզերը։ Այս ամէնը հասկանալի է․ Իրան կը հետապնդէ իր պետական շահերը։ Իրան պէտք է նմանատիպ ըմբռնում ցուցաբերէ, երբ Հայաստան նոյնպէս կը հետապնդէ իր սեփական շահերը։ Իրանէն ներս ընթացող քննարկումները ըստ մօտեցումի՝ կը բաժնուին երկուքի. կան անոնք, որոնք Օգոստոս 8-ի համաձայնագրերը սպառնալիք կը համարեն եւ անոնք՝ որոնք այդ համաձայնագրերը կը դիտարկեն որպէս նոր կարելիութիւններ։

Ես խոր յարգանք ունիմ ռուսական դիւանագիտութեան նկատմամբ եւ կը գիտակցիմ, որ Ռուսաստան երկար յիշողութիւն ունի, համբերութիւն ու տոկունութիւն։ Ես նաեւ մեծ յարգանք ունիմ Իրանի ղեկավարութեան, անոր խոր զգացողութեան՝ հանդէպ պետականութեան, որ հազարամեակներով գոյատեւեց եւ ունի իր շահերը ձեւակերպելու ապացուցուած յատկութիւն։ Պէտք չէ թերագնահատել այս երկու երկիրներու՝ փոփոխութիւնները հասկնալու, նոր իրավիճակներուն յարմարելու եւ միեւնոյն ժամանակ իրենց շահերը պաշտպանելու կարողութիւնը՝ համագործակցելով Երեւանի եւ Պաքուի հետ։

27․- Կասկած չկայ, որ Եւրոպա եւ ԱՄՆ, ըստ էութեան, չեն հրաժարած իրենց հակասովետական եւ հակառուսական մտքերէն, ինչ որ Ռուսաստանի նկատմամբ սպառնալիքներու վերաբերեալ Մոսկուայի մտահոգութիւնները հասցուցած է վտանգաւոր մակարդակի։

Հարցումը, զոր մենք պէտք է յղենք, հետեւեալն է․ արդեօք պէ՞տք է մտահոգուինք այս դրացի երկիրներու ժողովուրդներուն համար։

Անոնք արդեօք կարեւո՞ր են։ Ունի՞ն նշանակութիւն մեզի համար։ Թէ՞ զանոնք պէտք է դիտարկել որպէս լոկ խաղաքարեր ճատրակի, զոր կը խաղան «մեծ տղաքը»։ Արդեօք ժողովուրդները նշանակութիւն ունի՞ն քաղաքականութեան մէջ։ Եթէ ոչ, ո՞րն է քաղաքականութեան նպատակը՝ ըլլա՛յ ներքին, թէ՛ միջազգային։ Բաւարարել մեծ տէրութիւններու ռազմավարական շահե՞րը՝ անկախ անկէ, թէ այդ տէրութիւնները ինչպիսի քաղաքականութիւն կը մշակեն յանուն իրենց կենսական շահերուն եւ ռազմավարական հայեցակարգերուն, յանուն իրենց մրցակցութիւններուն, բոլորովին անջատուած այն իրականութեններէն որոնց մէջ կ՚ապրին այդ երկիրներու իրական ժողովուրդները։

28․- Ոմանք կրնան մտածել, թէ սա իտէալապաշտի փաստարկ է, բայց անոնք կը սխալին։ Այս հարցումները կը յղէ պատմաբան մը, որ ապրած է քաղաքական փորձառութիւններ եւ 1990-ականներու քանի մը վճռորոշ տարիներուն ներգրաւուած է դիւանագիտութեան մէջ։ Եթէ տեղական ժողովուրդները եւ դրացի երկիրներու ժողովուրդները նշանակութիւն չունենային, քանի մը հազար տարի առաջ ստեղծուած կայսրութիւնները գոյութիւն պիտի ունենային մինչեւ մեր օրերը։

Միջազգային մրցակցութիւններու եւ անոնց վրայ հիմնուած ռազմավարական նախատիպերու ըմբռնումը,– կայսերական մրցակցութիւններու եւ ռազմավարութիւններու տեսանկիւնէն,– պարզապէս թերի պիտի մնայ, եթէ անոնք անտեսեն ժողովուրդներու երբեմն լուռ, բայց միշտ անխուսափելի դերը՝ անկախ անոնց կայսրութեան հպատակներ ըլլալէն, թէ նախկին գաղութներու բնակիչներ։

Ե. Եզրափակիչ դիտարկումներ

29․- Ազերպայճան եւ Հայաստան կարիքը պիտի ունենան սերտ համագործակցութեան Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ, որպէսզի երկու հակամարտող երկիրները կարենան ամրապնդել իրենց միջեւ ընթացող խաղաղութեան գործընթացը։

30․- Այս հարցերէն իւրաքանչիւրն ու բոլորը միասին կը պահանջեն ամէնօրեայ ջանք եւ ուշադրութիւն։ Հետագայ յառաջընթացի հնարաւորութիւնները կախուած են երկու հանրապետութիւններու համատեղ եւ ուղղակի աշխատելու կարողութենէն ու կամքէն, եւ ոչ թէ «քեռիները» կանչելու հին սովորութեան վերադարձէն, որպէսզի վերջիններս աջակցին կամ կարգաւորեն իրենց տարակարծութիւնները։

31․- Որոշ լուծումներ երբեմն աւելի շատ խնդիրներ կը ստեղծեն, քան լուծումներ կը բերեն։ Օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները կրնան դառնալ այդպիսին։ Բարեբախտաբար, ինչպէս նշուեցաւ վերեւ, Ուաշինկթընի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիմքը կազմող մեթոտաբանութիւնը եղած է ուղղակի, չմիջնորդուած, երկկողմ բանակցութիւններու շնորհիւ։ Եւ սա, Օգոստոս 8-ին ստորագրուած համաձայնագրերու ամէնէն դրական կողմերէն մէկն է։ Զգալիօրէն աճեցաւ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու՝ մէկզմէկու նկատմամբ վստահութիւնը, որ հիմնուած է ըմբռնման վրայ, որ անոնց շահերու մէկ մասը, եթէ ոչ մեծ մասը, կը համապատասխանեն։ Դեռեւս վստահութիւնը բաւարար չէ, բայց բաւարար է՝ անոր միջոցով հետագայ քայլեր առնելու համար։

32․- Այս փաստաթուղթերու կարեւորութիւնը գնահատելու միջոցներէն մէկն ալ այն է, թէ արդեօք անոնք բաւարար յառաջընթաց կը նկատուի՞ն յաչս Թուրքիոյ՝ գործնական քայլերու ձեռնարկելու Երեւանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար, ներառեալ՝ Հայաստանի հետ սահմանի բացումը։ Արդեօք այս փաստաթուղթերը նախագահ Իլհամ Ալիեւին բաւարար հիմք կու տա՞ն Թուրքիան ազատ կացուցելու՝  Հայաստանի նկատմամբ անոր քաղաքականութեան վրայ իր ազդեցութենէն։ Ցայժմ որեւէ նշան չկայ, որ այդպէս պիտի ըլլայ։ Ցաւալի է, եթէ այդպէս է, քանի որ քանի մը գործնական եւ իմաստալից քայլերով Անգարա կրնայ նշանակալի ներդրում ունենալ այս փաստաթուղթերու ընդունմամբ արձանագրուած յառաջընթացի ամրապնդման մէջ։

33․- Հարաւային Կովկասի ապագային աւելի մնայուն լուծում գտնելու համար պէտք է ձգտիլ Հարաւային Կովկասը դարձնելու ոչ միայն աշխարհագրական, այլեւ քաղաքական հասկացութիւն։ Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւնները կրնան սկսիլ համագործակցիլ բազմաթիւ մակարդակներու վրայ՝ ամրապնդելու համար վերջին բանակցութիւններով արձանագրուած լուրջ յառաջընթացի ձեռքբերումները։ Իրադարձութիւններու նման զարգացում կրնայ նպաստել տարածաշրջանի դառնալուն աւելին, քան պարզապէս արտաքին տէրութիւններու խաղատաշտ կամ տարանցիկ երթուղի՝ կառավարութիւններու եւ փորձագէտներու համար, որոնց վերլուծութիւնները յաճախ կ՚անտեսեն, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կ՚ապրին իրական մարդիկ՝ իրենց գաղափարներով ու շահերով։

Այժմ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի խնդիրն է միասնաբար աշխատիլ՝ Վրաստանի հետ, եւ թոյլ չտալ, որ իրենց «թարմ» խաղաղութեան ուղին իւրացուի եւ/կամ խաթարուի արտաքին որեւէ ուժի կողմէ։ Հակառակ պարագային անոնք պիտի վերադառնան արտաքին խարդաւանանքներու եւ վերսկսած հակամարտութեան դարաշրջան, պիտի դիտարկուին որպէս խաղաքարեր եւ որպէս երկիրներ, որոնց տարածքէն միայն խողովակաշարեր կ՚անցնին։ Ազերպայճան ու Հայաստան արդէն ապացուցեցին, որ ունակ են զարգացնելու այնպիսի ուղի, որ պիտի ամրապնդէ իրենց ինքնիշխանութիւնը․ այժմ անոնց կը ներկայանայ  զայն պահպանելու կարելիութիւն։ Սակայն, ինքնիշխանութիւնը կ՚ենթադրէ նաեւ պատասխանատւութիւն․ նախ եւ առաջ, հանդէպ այն ժողովուրդներուն, որոնց համար այդ ինքնիշխանութիւնը կը գործադրուի։

Անգլերէն բնագրէն թարգմանութիւնը՝ «Նոր Յառաջ»-ի