Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ բացուած է «Դրուագներ ինքնութեան. Զարդ» ցուցադրութիւնը

Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է «Դրուագներ ինքնութեան. Զարդ» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին բացումը:  Այս մասին յայտնած են Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութենէն:

Ցուցահանդէսին մէջ ներառուած են Հայաստանի պատմութեան թանգարանի հաւաքածոյէն ընտրուած 18-20-րդ դարերու զարդեր` ապարանջաններ, վզնոցներ, գօտիներ, գլխազարդեր եւ այլն, ինչպէս նաեւ` հայ վարպետներու աշխատանքային գործիքներ ու ազգագրական լուսանկարներ, տարազներ:

Զարդերը՝ իբրեւ մշակութային երեւոյթ, իրենց խորհրդանշական եւ ներկայացուցչական առանձնայատկութիւններով կարեւոր դեր կը կատարեն ազգային մշակոյթի պահպանման եւ ծանօթացման գործին մէջ, եւ ցոյց կու տան ազգային գեղագիտական ընկալումները, զգացումները, ճաշակն ու ոճը:

Ցուցահանդէսին նպատակն է բացայայտել եւ ներկայացնել, թէ Հայերը ինչպէ՛ս եւ ինչպիսի՛ զարդեր կրած են, ի՜նչ իմաստ եւ նշանակութիւն ունեցած են անոնք, ինչպէ՛ս տարածուած են այլ երկիրներու մէջ, նաեւ՝ ժամանակակից հայ վարպետներու ուշադրութիւնը հրաւիրել ազգային արուեստի ակունքներուն վրայ:

Ցուցահանդէսին համար հիմք ծառայած է թանգարանի աշխատակից Աստղիկ Իսրայէլեանի գիտական պատկերագիրքը, որ վերջերս լոյս տեսած է: Ան տեղեկացուցած է, թէ գրեթէ ամէն շաբաթ թանգարանը կը հրաւիրէ բանախօս մը, որ ընթացիկ ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կը բացայայտէ որոշակի շերտեր` նոր դիտանկիւնէ ներկայացնելով տուեալ դարաշրջանն ու ցուցադրուող նմուշները: