Սեպտեմբերի առաջին օրերուն, Իտալիոյ կեդրոնական նահանգներէն՝ Մարքէի երրորդ մեծ քաղաքի, Ֆանոյի եւ ապա, Յունաստանի Պատմոս կղզիի հիւրը եղաւ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը, Ռոբերտ Մլքէեանի խմբավարութեամբ։
Ատրիականի ափերուն գտնուող Ֆանօ քաղաքը յայտնի է իր միջնադարեան Մալատեստեան ամրոցով, Իտալիոյ ամենահին բարեկենդանի տօնակատարութիւններով, իսկ այժմ՝ միջազգային ճազ երաժշտութեան ու բազմաձայն երգչախմբային փառատօներով։
Պատմոսը, Եգէականի արեւելեան ծայրամասը գտնուող, բոլորիս յայտնի՝ Յովհաննէս Առաքեալի ապաստանած կղզին է, ուր ըստ աւանդութեան՝ Յիսուսի տեսիլքները ունենալէ ետք ան կը յղանայ Նոր Կտակարանի վերջին եւ ամենադժուար մեկնաբանելի՝ Յայտնութեան խորհրդանշական գլուխ-գործոց գիրքը (Apocalypse)։
Հետաքրքրականօրէն, թուականներով գրեթէ զուգադիպող երկու փառատօներու ղեկավարները, հանրածանօթ երգչխմբային խմբավար ու երգահան՝ Լորենցօ Տոնաթի եւ աշխարհահռչակ դաշնակահար՝ Ռոպերթօ Փրոսսետա, որոնց հետ բազմիցս գործակցելու առիթը ունեցած է մեր Կեդրոնը, դիմում կը ներկայացնեն այս տարուան ծրագրին մէջ ներառելու հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը եւ մեր առաջարկ-ընտրութիւնը կ՚ըլլայ՝ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբը, բացառաբար սակայն արական համոյթի իր կազմով, որպէսզի ներկայացուի Կոմիտասի մշակած Պատարագի առաջին՝ արական կազմի տարբերակը։ Ինչ որ, խմբերգային ու մենակատարներու բարձրորակ երգեցողութեամբ մեծապէս տպաւորեց երգչախմբային ու հոգեւոր երաժշտութեան վարժ այս երկու փառատօներու ունկնդիրները, որոնք քար լռութեամբ եւ առանց ծափահարութեան ընդմիջումներու հետեւեցան Պատարագի ամբողջական կատարումին։
Իւրաքանչիւր փառատօնի փափաքը ըլլալով զոյգ համերգներու առիթ ստեղծել, երկրորդ համերգը,– ըլլա՛յ Ֆանոյի Միջազգային բազմաձայն երգչախմբային 52-րդ Հանդիպումներուն, ըլլա՛յ Պատմոսի 23-րդ Հոգեւոր երաժշտութեան փառատօնի ծիրէն ներս,– եղաւ մա՛նաւանդ միջնադարեան տաղերու եւ շարականներու մեկնաբանութիւնը, միաձայն եւ դամի ձայնակցութեան աւանդական ոճով, ուր շատ հաճելի անակնկալ էր յայտնաբերումը երկու երիտասարդ մեներգիչներու, ծագումով ջաւախեցի, որոնք շատ տպաւորիչ կերպով մեկնաբանեցին պահելով ձայնեղանակային ծիրի եւ բնական ձայնով երգեցողութեան յատկանիշերը։ Իսկապէս հազուադէպ ու շատ գնահատելի է այս ուղղութեամբ Մաէսթրօ Մլքէեանի, նման մակարդակի մասնագիտացած երգչախումբի խմբավարի մը ցուցաբերած զգայնութիւնն ու քաջալերանքը։
Այս զոյգ փառատօներու ծիրէն ներս, հոգեւոր երաժշտութեան յատկացուած համերգային բացառիկ առիթներ, որոնք կարելի դարձան Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի տնօրէն՝ Մինաս Լուռեանի եւ երաժշտական բաժնի համադրութեան ու տարիներու մասնագիտական աշխատանքային ցանցին շնորհիւ, ունենալով այս պարագային նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութիւնը։
Դիւան՝ Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի
8 Սեպտեմբեր 2025
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։