Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ Պաքու գացած են

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան շարք մը ներկայացուցիչներ Նոյեմբեր 21-ին մեկնած են Պաքու, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։ 

Պատուիրակութեան մաս կազմած են Երեւանի մամուլի ակումբի պատուոյ նախագահ Պորիս Նաւասարդեան, քաղաքագէտներ Արեգ Քոչինեան, Նարեկ Մինասեան, Սամուէլ Մելիքսեթեան եւ իրաւապաշտպան Նաիրա Սուլթանեան։

Հայաստանեան ներկայացուցիչներուն ազերպայճանական կողմին հետ հանդիպումին համաձայնութիւն գոյացած է լրատուական դաշտին մէջ միասնական գործունէութեան աշխուժացման, փորձագիտական խումբերու միջեւ ուղղակի շփումներու հաստատման եւ խաղաղութեան գործընթացին մէջ Ազերպայճանի ու Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութիւններու հետագայ ներգրաւման շուրջ։

Որոշուած է շարունակել շփումները աշխատանքային մակարդակով եւ ծրագրել ապագայ այցելութիւններ Ազերպայճան եւ Հայաստան՝ «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ծիրէն ներս։

Ազերպայճանի նախագահին օգնականը պատասխանած է «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան անդամներու հարցումներուն

Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան անդամները, «Խաղաղութեան կամուրջ» նախաձեռնութեան ազերպայճանցի մասնակիցներուն հետ, Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած են Ազերպայճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերու բաժնի վարիչ Հիքմեթ Հաճիեւի հետ։ Այս մասին կը յայտնեն ազերպայճանական լրասփիւռները։

Նոյն աղբիւրները կը գրեն, որ զրոյցի ընթացքին քննարկուած են Ուաշինկթընի հանդիպումէն ետք Ազերպայճանի եւ Հայաստանի կողմէ խաղաղ օրակարգի ամրապնդման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը։ Հիքմեթ Հաճիեւ պատասխանած է նախաձեռնութեան ներկայացուցիչներուն հարցումներուն։

***

Նշենք, որ Հայաստանի ու Ազերպայճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրէն ներս՝ Հոկտեմբեր 22-ին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած էր Հայաստանի ու Ազերպայճանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու կլոր-սեղանը, որուն մասնակցած էր նաեւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան։ Հայկական կողմէն պատասխան քայլ մըն է այս այցելութիւնը, որուն համար Հայաստանի կառավարութիւնը յատկացուցած է 17 միլիոն 550 հազար դրամ։

Կ՚արժէ նշել, թէ հայկական պատուիրակութեան անդամներուն անունները մինչեւ վերջին պահ գաղտնի պահուած են ապահովութեան պատճառներով։ Անոնք Պաքու գացած են յատուկ թռիչքով, մինչ ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ գոյութիւն չունի օդային գիծ։ Այս թռիչքը աւելի քան 30 տարուան ընթացքին առաջինն է։