2025 Յունիս 14-ի երեկոյեան, Լոնտոնի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ կ՚արձագանգէին հայ դասական երաժշտութեան կենսունակ հնչիւնները, երբ Քլինկեն գործիքային համոյթը, մենակատարներն ու երգչախումբը կը ներկայացնէին հայ երաժշտական ժառանգութեան գրաւիչ մեղեդիները: Մաէսթրօ Սիփան Օլահի ղեկավարութեամբ համերգը միաւորեց հայ եւ միջազգային երաժիշտներու տպաւորիչ խումբ մը՝ հրամցնելով հայ տասներկու նշանաւոր երգահաններու գործերու եզակի մեկնաբանութիւն մը:
Անի Բաղդասարեանի ողջոյնի խօսքէն ետք ծայր առաւ համերգը Արամ Խաչատրեանի «Վարդագոյն աղջիկներու պար»-ով՝ «Գայիանէ» պալէէն, զոր Սիփան Օլահ գործիքաւորած էր դաշնակի (չորս ձեռքով), լարային քառեակի, բարձրասրինգի (hautbois) եւ սրինգի համար։ Քլինկեն լարային քառեակը (Փոլինա Շարաֆեան, Ցիոնկիւֆան Միաօ, Էլիզապէթ Թոպալտ, Էռլենտ Վեսթպի), Նիքա Փինթըրի (սրինգ), Յակոբ Մուրատեանի (բարձրասրինգ) եւ դաշնակահարներ Մարիա Փալազեանի եւ Սիփան Օլահի հետ միասնաբար վարպետօրէն կատարեցին ստեղծագործութիւնը։
Յաջորդիւ, Արտեմի Այվազեանի «Արաքս գետը» հնչեցուց մեցցօ-սոփրանօ Հելեն Ռոթչել՝ դաշնակահար Մարիա Փալազեանի նուագակցութեամբ։
Կիթառահար Արի Տագէսեան ներկայացուց Առնօ Բաբաջանեանի «Մեղեդի եւ հիւմորեսք» ստեղծագործութիւնը, իր գործիքաւորումով՝ իւրայատուկ շունչ հաղորդելով երկու բաժինով գործին։
Խաչատրեանի «Ուզունտարա»-ն՝ կովկասեան ժողովրդական կշռոյթներով կեանքի կոչեցին բարձրասրինգահար Յակոբ Մուրատեան եւ դաշնակահար Մարիա Փալազեան։
Արթիւր Պոպիկեան դաշնակով կատարեց իր երկու ստեղծագործութիւնները՝ «Կանգնէ՛ կամ լռէ՛» եւ «Prelude No. 3», ժամանակակից շունչ հաղորդելով երեկոյթին։
Կոմիտասի «Շուշիկին»,– զոր գործիքաւորած է Արի Տագէսեան սրինգի եւ կիթառի համար,– հնչեց ժողովրդական հմայքով՝ հաւատարիմ հայկական գիւղական պարերու ոգիին։
Յատկանշական էր Բաբաջանեանի «Վոքալիզ»-ը, զոր կատարեցին սոփրանօ Իզապելլա Գարաօղլանեան, դաշնակահար Մարիա Փալազեան եւ Քլինկեն լարային քառեակը՝ մաէսթրօ Օլահի ղեկավարութեամբ։
Արայիկ Գէորգեանի հեղինակած եւ Մարիա Փալազեանի կողմէ գործիքաւորուած «Երեւան 2800» ստեղծագործութիւնը,– նուիրուած քաղաքի տարեդարձին,– կատարեցին դաշնակահար Մարիա Փալազեան եւ լարային քառեակը՝ մաէսթրօ Օլահի ղեկավարութեամբ։
Վաղարշակ Քոթոյեանի «Իմ Երեւանը» հայրենասիրական շունչով մեկնաբանեցին սոփրանօ Հայարփի Եղիկեան եւ Քլինկեն համոյթը։
Եդուարդ Բաղդասարեանի “Nocturne”-ը քնքշօրէն կատարեցին Փոլինա Շարաֆեան եւ Արթիւր Պոպիկեան՝ ներկայացնելով ստեղծագործութեան քնարական փայլը։
Թենոր Սիփան Օլահ հնչեցուց Կոնստանդին Պետրոսեանի «Հայաստան» յուզիչ օրհներգը։
Խաչատրեանի «Դիմակահանդէս» սուիթէն յայտնի «Վալսը», զոր գործիքաւորած է Սիփան Օլահ, ներկայացուեցաւ Քլինկեն գործիքային համոյթի իւրայատուկ ելոյթով։
Համերգի աւարտին Քլինկեն երգչախումբը կատարեց Էդգար Յովհաննիսեանի «Արփա-Սեւան», Լուսիկեանի «Նոր Հայաստան», Բաբաջանեանի «Չքնաղ երազ» երգերը։
Համերգը իր գագաթնակէտին հասաւ Շաքարեանի ճազային ոճով գործիքաւորուած «Հայկական ժողովրդական երգեր»-ու շարանով,– վերա-
մշակուած մաէսթրօ Ս. Օլահի կողմէ,– որ համախմբեց համերգի բոլոր գործիքային եւ ձայնային մասնակիցները վերջին՝ գլխաւոր ելոյթի շուրջ։ Աւարտին հնչեցին բուռն ծափահարութիւններ։
Երեկոյթը բացառիկ առիթ մը եղաւ մեծարելու հայ երաժշտական ժառանգութիւնը։ Իլինկի թաղապետութեան խորհրդական Սիմա Քումար գովաբանեց մաէսթրօ Սիփան Օլահը՝ Լոնտոնի մէջ հայ երաժշտութեան եւ մշակոյթի տարածման աշխատանքին իր ներդրումին համար՝ անոր յանձնելով յատուկ մրցանակ եւ հաւաստագիր Իլինկի թաղապետ Իվոն Ճոնսոնի կողմէ։
Ձեռնարկին ներկայ էին Լոնտոնի տարբեր թաղամասերու խորհրդականներ, հայկական շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դպրոցներու, «Զնանիէ» կրթարաններու եւ հիմնադրամի ներկայացուցիչներ, մշակութային կազմակերպութիւններու նախագահներ եւ անդամներ, ինչպէս նաեւ երաժշտասէրներ՝ Միացեալ Թագաւորութեան տարբեր համայնքներէն։
Թղթակցութիւն՝ «Քլինկեն» գործիքային համոյթի եւ երգչախումբի
(Արեւմտահայերէնի փոխադրում՝ «ՆՅ») ■
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։