Մինչ Երեւան յայտարարած է, թէ առայժմ կը սառեցնէ իր մասնակցութիւնը նախկին խորհրդային հանրապետութեանց Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ), այդ կառոյցի ընդհ. քարտուղար Իմանկալի Թասմակամպեթովի համաձայն Հայաստան կը մնայ իրենց դաշնակիցը, եւ անոր լիարժէք մասնակցութեան դուռը բաց կը մնայ։
Ըստ Թասմակամպեթովի՝ ՀԱՊԿ-ն կ՚ակնկալէ, որ Հայաստան մօտ ապագային պիտի վերամիանայ Կազմակերպութեան գործունէութեան եւ այն ալ՝ աշխուժ մասնակցութեամբ։ Ան յիշեցուցած է, որ Նոյեմբերին Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատած է, թէ երկրին ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը չի քննարկուիր։
Ընդհ. քարտուղարը յիշեցուցած է, որ Երեւան պարզապէս կասեցուցած է իր մասնակցութիւնը կազմակերպութեան գործունէութեան՝ ընդգծելով, որ այդ Հայաստանի ինքնիշխան որոշումն է։
Վերջերս, Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխնախարար Մնացական Սաֆարեան եւս յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցը օրակարգի վրայ չէ։