Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ զօրախումբերու «Անխախտ եղբայրութիւն-2023» ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն՝ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) խաղաղապահ զօրախումբերու «Անխախտ եղբայրութիւն-2023» միատեղ ռազմափորձերը տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ։

Աղբիւրին համաձայն՝ ռազմափորձերու ընթացքին պիտի կատարելագործուին ռազմական գործողութիւններու միատեղ ծրագրաւորման հարցերը, մասնակից երկիրներու ցամաքային զօրքերու ներկայացուցիչներու եւ ստորաբաժանումներու փոխադարձ գործակցութեան կարգը, ինչպէս նաեւ պայմանական անօրինական զինուած կազմաւորումներու չէզոքացման մարտավարական գործողութիւնները: